Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Տասնամեակ Վախճանումի Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի (2012-2022)

Վեհափառ Տ.Տ. Վազգէն Ա Հայրապետի 1968 Թուի Երկրորդ Այցելութիւնը

Ամերիկահայ Թեմին Օծում Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարի

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վեհափառ Տ.Տ. Վազգէն Ա Նիւ Եորքի Մէջ

Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը, պատմութեան մէջ առաջին Կաթողիկոսն էր որ Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցելութեան ելած էր 1960ին, որմէ ետք երեք անգամ եւս՝ 1968, 1987, եւ 1989 թուականներուն, վերջինը հիւսիսային Հայաստանի մահասփիւռ երկրաշարժի հետեւանքով, ցաւ ի սիրտ եւ մտահոգ, եկած էր Նիւ Եորք աղէտեալներուն համար համազգային հանգանակութեան ձեռնարկելու եւ հասնելու անմիջական օգնութեան։  Հրաւէրովը Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի եւ Արեւելեան Թեմի Թեմական Խորհուրդին Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր հովուապետական երկրորդ այցելութեան կը ձեռնարկէր դէպի Միացեալ Նահանգներ, Թեմին  Ս. Վարդան նորաշէն Մայր Տաճարը օծելու յիսունչորս տարիներ առաջ 1968 Ապրիլ 28-ին։

Նորընտիր Թեմակալ Առաջնորդ եւ յետագային Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի վախճանումին տասնամեակն է այս տարի, որուն առաջնորդութեան ընթացքին, 1966 թուականէն սկսեալ, ակնառու դէպքեր յաջողութեամբ պսակուեցան որպէս իւրայատուկ մնայուն ծրագիրներ երբ Մայր Տաճարի օծման նոյն օրն իսկ կը ստանար Արքեպիսկոպոսութեան աստիճանը Վեհափառ Հայրապետէն։ Ամերիկահայ Թեմի առաջին Մայր Տաճարի օծմամբ Թեմը նոր շրջան մը կը թեւակոխէր՝ լի ապագայի ակնառու աշխատանքով եւ յաջողութիւններով, քանի որ նորաօծ Մայր Տաճարը կանգուն վկան պիտի հանդիսանար գալիք միջազգային յարաբերութեանց զորս Առաջնորդը պիտի դիմաւորէր իր խոհուն, կազմակերպեալ, համբերատար եւ շինարար աշխատանքով։

Ներկայ գրութեամբս ցայսօր բոլորին վկան կը հանդիսանամ իբրեւ Սրբազան Հօր գործակից հոգեւորականը 40 տարիներու իմ հովուական ծառայութեամբ թեմի համայնք¬ ներէն ներս, յատկապէս Ֆիլատելֆիոյ եւ Ֆլորիտայի նորաշէն եկեղեցիներու համայնքներուն, վարելով միանգամայն Թեմական Խորհուրդի ատենադպիրի պաշտօնը ութ տարիներ։

Մայր Տաճարին Դերը

Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարը ոչ միայն թեմի բազմահազար հայերու լոյսի եւ յոյսի փարոսը պիտի դառնար, այլ նաեւ Ամերիկայի եւ օտար շրջանակներուն ծանօթ առաջին եւ միակ կեդրոնը, ուրկէ հայ եկեղեցին ու հայոց պատմութիւնը իր մշակոյթով եւ ընկերային դրոյթով պիտի բացուէին արեւմտեան աշխարհի մեծագոյն ոստանին մէջ։

Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդական շրջանին հետզհետէ Արեւելեան Թեմի ներքին կառոյցները ուռճացան իրենց ուսումնական եւ ակադեմական հաստատութիւններով, անձնակազմը բազմապատկուեցաւ, եւ 1970 թուի տարեկան համեստ պիւտճէն 140,000 տոլարէն քսան տարի ետք բարձրացաւ 2,000,000 տոլարի։ Միջեկեղեցական յարաբերութիւնները Նիւ Եորքի Կաթոլիկ մայր տաճարին եւ օրուան Կարտինալ Արքեպիսկոպոսին հետ դարձան յաճախակի եւ գործնապէս արդիւնալից, ինչպէս եղաւ կապը ընդմէջ Առաջնորդարանին եւ Ամերիկայի Եկեղեցեաց Ազգային Խորհուրդին (National Council of Churches) որուն վարչական ժողովներուն մաս կազմեց Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան։

Ներքին Կազմակերպութիւններ

Հայրապետական տնօրինութեամբ եւ Թեմակալ Առաջնորդի ջանքերով 1984 թուականին Գանատայի առանձին թեմը հաստատուեցաւ՝ բաժնուելով Արեւելեան Թեմի ենթակայութենէն։ Նորահաստատ թեմը երեսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր բարւոք ընթացքի մէջ մտաւ արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ չորս իրար յաջորդող թեմակալներու ջանքերով, առաջնորդանիստ կեդրոն ունենալով Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին, Թէքէեան եւ ՀԲԸ Միութեան մշակութային կեդրոններով եւ Արմէն Քէպէք հայ վարժարանով։ Թորոնթոյի ծաւալուն համայնքը յաջորդ մեծագոյն կեդրոնն է իր նորաշէն եկեղեցիով, օծուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ, եւ յարակից մասնաշէնքերով։   

Առաջնորդ Սրբազանի ջանքերով իր շրջանին 16 նոր եկեղեցիներ օծուեցան թեմէն ներս, գլխաւորութեամբ Տիթրոյթի, Պոսթոնի եւ Ֆիլատելֆիոյ նորաշէն եկեղեցիներուն, որոնք կառուցուած էին նախկին Առաջնորդ Սիոն Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի տարիներուն։ Յիշեալ եկեղեցիներուն մաս կը կազմէին նաեւ Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը որպէս առաջնորդանիստ եկեղեցի որ օծուեցաւ Կ. Պոլսոյ Շնորհք Պատրիարք Հօր ձեռքով 1970 թուին, Նիւ Ճըրզիի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին 1987, Թեքսասի Ս. Գէորգ՝ 1982, եւ Ֆլորիտայի Ս. Դաւիթ եկեղեցին՝ 1988-ին։

Ս. Դաւիթ եկեղեցական համայնքը հիմնուեցաւ ու եկեղեցին իր սրահովն ու դպրոցի մասնաշէնքով կառուցուեցան հիմնադիր հոգեւոր հովիւ Հայր Զաւէն Ծ. Վրդ. Արզումանեանի մնայուն աշխատանքով, երբ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս իրեն վստահեցաւ uոյն պաշտօնը 1984 թուի Նոյեմբեր 1-էն սկսեալ։ Տէր Զաւէն Արզումանեան իր պաշտօնին վրայ մնաց 20 տարիներ ու ետին թողուց իր վաստակը գրելով եւ Թեմի հովանաւորութեամբ հրատարակելով նաեւ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի «Ազգապատում» մեծարժէք երկին շարունակութիւնը եղող երեք յաւելեալ հատորները։

Թեմին Նոր Հոգեւորականները

Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան թեմէն ներս ընդունեց շարք մը հոգեւորականներ, եւ ապա ձեռնադրեց 13 հոգեւորականներ եւս որոնք շրջանաւարտ եղան Ս. Ներսէս Ընծայարանէն։ Երուսաղէմէն ժամանեց Գեղամ Ծ. Վրդ Զաքարեան, եւ Գահիրէ Մամբրէ Արքեպս. Սիրունեանէ ձեռնադրուած Շնորհք Գասպարեան եւ Վազգէն Քէշիշեան ծայրագոյն վարդապետները ընդունուեցան Արեւելեան թեմէն։ Իսկ թեմէն ներս Թորգոմ Սրբազանի ձեռնասունները եղան Դոկտ. Գրիգոր Վրդ. Մաքսուտեան, Բարի Մեթճեան, Գարեգին Գասպարեան, Կարապետ Քոչաքեան, Եփրեմ Քէլէկեան, Զենոբ Նալպանտեան, Ընձակ նալպանտեան, Թադէոս Ապտալեան, Աւետ Թերզեան, Մարտիրոս Շեւեան եւ Եղիա Հայրապետեան քահանաները։ Առաջնորդի կարգադրութեամբ երկու քահանաներ եւս Գէորգ Առաքելեան եւ Ներսէս Ճէպէճեան ձեռնադրուեցան Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի ձեռամբ, մին Արեւելեան եւ միւսը Արեւմտեան թեմերուն համար։

Գրիգոր եւ Գլարա Զոհրապ

Լեզուի եւ Մշակոյթի Տեղեկատւութեան Կեդրոն

Անուանի նահատակ Գրիգոր Զոհրապի դուստրը Գլարա Զոհրապ Լիպմըն յատուկ հիմնադրամով դիմեց Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսին թեմէն ներս հաստատելու համարհայ մշակոյթին նպաստող կեդրոն մը իր հօր յիշատակին։ Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է կեդրոնին ակադեմական մակարդակը բարձրացնելով։ Որպէս վարիչ նշանակած է Դոկտ. Գրիգոր Վրդ. Մաքսուտեանը, Արամ Արքունը, եւ ապա Դոկտ. Դանիէլ Եպիսկոպոս Ֆնտգեանը, ներկայիս Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը, որոնք յաջորդաբար վարեցին հաստատութիւնը ուռճացնելով գրադարանը ուր բանասէրներ կը գտնեն արխիւային հայկական այլազան նիւթեր։

Ամուլ Բանակցութիւններ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի արտօնութեամբ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս բանակցութեան յատուկ երկուստեք յանձնախումբերու միջոցաւ ժողովներ գումարեց բաժանեալ հատուածի Կիլիկեան թեմը վերամիացնելու միտքով Էջմիածնական Թեմին, թեմական մակարդակի վրայ եւ ոչ Աթոռներու գահակալներու անունով։ Քսան տարիներ տեւող բանակցութիւնները ոչինչ արժեցին ու մնացին այն տեղը ուր էին։ Այդ մասին աւելի մանրամասն գրած եմ այլուր։

Երկրաշարժին Օժանդակութիւն

Ի պատիւ Արեւելեան Թեմին եւ Առաջնորդ Թորգոմ Սրբազանին այստեղ շեշտակի արձանագրելու ենք Նիւ Եորքի Առաջնորդարանէն ներս մնայուն գրասենեակներու գործունէութիւնը FAR անունին ներքեւ (Fund for Armenia Relief) որ մինչեւ այսօր իր հայրենի կարիքներուն կը հասնի ամէն ուղղութիւններով, յատկապէս դիմակալելով հիւսիսային Հայաստանի անակնկալ ճգնաժամը երբ 1988-ին մահասփիւռ երկրաշարժը բնաջնջեց Հայաստանի Շիրակի շրջանները։

Երբ Վազգէն Հայրապետ անակնկալ կերպով Ամերիկա իր վերջին այցելութեան ելած էր 1989-ի սկիզբը, երկրաշարժէն ամիս մը ետք, Արեւելեան Թեմին թելադրած էր վերակառուցանելու փլատակներու տակ մնացած Ստեփանաւան քաղաքը, որուն համար բարերար եւ յայտնի շինարար Գէորգ Յովնանեանի ատենապետութեամբ յատուկ յանձնախումբ մը 30,000 բնակչութիւն ունեցող այդ քաղաքին մէջ բնակարաններու շարք մը կառուցանել ծրագրեց որ գործադրուեցաւ մի քանի տարիներու ընթացքին։ Այս եւս մին էր թեմի այն շարունակական ծրագիրներէն որոնք այլ եւ այլ ուղղութիւններով, մեծագումար հանգանակութիւններով գործադրուեցան նոյն FAR հիմնարկին շնորհիւ, որուն ատենապետութիւնը ցկեանս վարեց Տիար Գէորգ Յովնանեան։     

Թորգոմ Սրբազան այս նուիրական գործին ձեռնարկեց իր պաշտoնավարութեան վերջին երկու տարիներուն որմէ ետք 1990 թուին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք ընտրուելով մեկնեցաւ Նիւ Եորքէն։

Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի

Թորգոմ Արքեպիսկոպոս պատուաւոր եւ արդիւնալից կերպով լրացնելով իր 24  ամեայ առաջնորդական պաշտօնը, 1990 թուին ընտրուեցաւ Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի, յաջորդելով նոյն տարւոյն Փետրուարին վախճանած Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի։ Թորգոմ Պատրիարք Առաքելական Աթոռի պատրիարքութիւնը վարեց 22 տարիներ ու վախճանեցաւ 2012 թուի Հոկտեմբերին իր յառաջացած 93 տարեկանին, վարելով միանգամայն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղակալի բարձր պաշտօնը Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք 1994-95 թուականներուն։                      

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ