Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Թոքախտաւոր Բանաստեղծը Բժիշկի Աչքով

Տոքթ. Պալեանի Դասախօսութիւնը Հայկական Ճեմարանէն Ներս

2 Մարտ 2022, Չորեքշաբթի օր, յայտնի բժիշկ, ազգային գործիչ Ռաֆֆի Պալեանը Փասատենա քաղաքի Հայկական Ճեմարանի խումբ մը աշակերտներուն տուաւ գրական-բժշկական դասախօսութիւն մը՝ աւանդութիւն մը, որ ունի տասնամեակ մը անցեալ:

Փասատենա քաղաքի մէջ Պլեյր երկրորդական վարժարանէն ներս անցեալ տարի գործել սկսած Հայկական Ճեմարանի աշակերտները, աւարտած ըլլալով վաղամեռիկ բանաստեղծներ Միսաք Մեծարենցի եւ Մատթէոս Զարիֆեանի նուիրուած դասաշրջանը, որպէս հիւր դասախօս ընդունեցին բժիշկ Ռաֆֆի Պալեանը, որպէսզի թոքախտին եւ գեղապաշտ շրջանին ծանօթանան բժիշկի աչքով:

Տոքթ. Պալեանը նախ բացատրեց, թէ ի’նչ է թոքախտը, ապա ներկայացուց թոքախտի վերաբերեալ բազմաթիւ նիւթեր, ինչպէս՝ այն մանրէն որ պատճառ կ’ըլլայ այդ հիւանդութեան, ինչպիսի միջավայրերու մէջ ան կը տարածուի, ինչպէ’ս կը փոխանցուի, ի’նչ վնաս կու տայ մարդու մարմնին եւ հոգեկան տրամադրութեան, ի’նչ դեղամիջոցներ գոյութիւն ունին զայն ախտահանելու համար, եւ այլն: Ան նաեւ ըսաւ, թէ հակառակ անոր որ հիւանդութիւնը կը կոչուի «թոքախտ», ան կրնայ նաեւ տարածուիլ մկաններու, ուղեղի եւ երիկամունքի մէջ: Ապա հիւր բժիշկը խօսեցաւ «թոքախտ-հայկական քերթողութիւն» կապի մասին: Ան բժիշկի աչքով մեկնաբանեց հայ բանաստեղծներու ստեղծած գրական պատկերները, ինչպէս «պալասանով օծուն», «անոյշ գիշեր», «աւերակ հոգի», «լուսեղէն ճամբայ», ելն.: Հետաքրքրական էր տեսնել դեղերու զարգացումը հաշիշ եւ պալասանէն դէպի արդիական «անթիպիօթիքներ»:

Աշակերտները դասախօսութիւնը յափշտակուած ունկնդրելէ եւ իրենց տետրակներու մէջ առատ նշումներ կատարելէ յետոյ, որպէս երախտագիտութիւն, միաբերան արտասանեցին Մեծարենցի «Սիրերգ» քերթուածը: Անոնք նաեւ բժշկական ասպարէզի վերաբերեալ հարցումներ հարցուցին հիւր դասախօսին: Վերջաւորութեան աշակերտները տոթք. Պալեանին ներկայացուցին բոլորին կողմէ մակագրուած շնորհակալական բացիկ մը:

Յարգելի հիւրը խոստացաւ դարձեալ այցելել Հայկական Ճեմարանը ու աշակերտներուն դասախօսել գրական-գիտական այլ նիւթերու շուրջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ