Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

«Յիշատակարանք Ձեռագրաց»

Վախճանման Եօթանասունամեակ

(1952-2022)

  Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Անթիլիաս 1951

 Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Վեհափառ Հայրապետը իր այս հատորին մէջ չէր առներ որեւէ յիշատակարան առանց նպատակի, առանց ընտրութեան, եւ յատկապէս առանց գրչագրական, մանրանկարչական ու պատմագիտական արժէք նկատելու»

Սիմոն Սիմոնեան

«Յիշատակարանք Ձեռագրաց» Ա Հատոր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գիտնական Հայրապետին Երջնկայիշատակ Տ. Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կաթողիկոսի վախճանման եօթանասունամեակին կ՛ընծայեմ սոյն գրախօսականը իր վերջնագոյն հատորին հրատարակութեան առիթով երբ կ՛ուսանէինք իր Հայրապետական հովանիին ներքեւ։

1951 թուին իր կեանքի վերջալոյսին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ գիտնական Հայրապետ Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կաթողիկոսի սոյն երկի մեծածաւալ հատորը իբրեւ Հայրապետին գրական եւ ձեռագրագիտական վերջին երկը՝ 1255 երկսիւն էջերով։ Զայն տեսաւ նաեւ ինք երբ անկողնոյ կը ծառայէր, կարմիրով ստորագրելէ ետք իր գործին տիտղոսաթերթը։

Հատորը Յիշատակարաններու ստուար հաւաքածոյ մըն է 5-րդ դարէն մինչեւ 1250 թուականը գրուած բազմաթիւ ձեռագիրներու, հաւաքուած ու դասաւորուած Հայրապետին կողմէ իր կեանքի երկար տարիներու ընթացքին, այցելելով հայերէն ձեռագիրներու մատենադարաններ՝ Էջմիածնէն մինչեւ Երուսաղէմ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա։ Հեղինակ Հայրապետը բծախնդիր կերպով ընդօրինակած է յիշատակարանները եւ ուսումնասիրած ձեռագիրները զանոնք բաղդատելով տպագրեալ ձեռագրաց ցուցակներու հետ։

Հեղինակ Հայրապետը

Գարեգին Ա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ծնած էր Ղարաբաղ 1867-ին, եւ կը վախճանէր Անթիլիասի հայրապետական իր բնակարանին մէջ 1952 Յունիսին, Նոր Կիրակիին Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալէ ետք «Բաբգէն Ա եւ Գէորգ Զ Կաթողիկոսներու պատրաստած հաղորդութենէն, ձեռամբ Դերենիկ եպիսկոպոսի»։ Սրբազանի մօտ կը գտնուէր Կիլիկիոյ Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոսի սրբատուփին մէջ պահուած եւ Գէորգ Զ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն սրբագործուած Ս. Հաղորդութիւնը զոր Էջմիածնէն Ս. Աթոռ բերած էր 1945 թուականին։

Գարեգին Կաթողիկոս Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի ամենէն ընտիր եւ առաջին սաներէն եղաւ որ Տ.Տ. Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսութեան օրով Գերմանիա մեկնելով ստացաւ համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւն։ Լայփցիկի Համալսարանին յանձնելով իր գերմաներէն աւարտաճառը՝ Die Entstchungsgeschichte des Monothelismus «Մի Կամքի Վարդապետութեան Ծագման Պատմութիւնը», կը տիրանար դոկտորական աստիճանին ու կը վերադառնար Մայր Աթոռ։

Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուէր Տ.Տ. Գէորգ Ե Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն ու թեմական առաջնորդութիւն կը վարէր հայրենի թեմերէն ներս, կ՛ըլլար հիմնադիր դասախօսներէն Երեւանի Պետական Համալսարանին, կը մասնակցէր Սարդարապատի կռիւին որպէս մեր օրերու Ղեւոնդ Երէցը, ինչպէս նաեւ Կարսի յանձնումին՝ ազատելով բազմաթիւ հայ որբեր։ Վերջին շրջանին կը վարէր Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուելէն առաջ։ Հայ Եկեղեցւոյ վերջին շրջանի պատմութեան մէջ Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց կը հանդիսանայ որպէս գիտնական ձեռագրագէտ եւ արուեստաբան հոգեւորական միջազգային բանասիրութեան չափանիշով։

Հատորին Պատրաստութիւնն ու Արժանիքը

Այս ընդարձակ հատորը որուն ութածալ էջերը իբրեւ Դպրեվանքի ուսանող ծալլելու բախտաւորութիւնը ունեցանք, երկու ժամանակաշրջաններու ընթացքին կատարուած գիտական աշխատանք մըն է, նախ մինչեւ 1934 թուականը, եւ ապա աւելի ուշ՝ 1945¬էն ետք։ Վեհափառ Հայրապետի բացատրութեամբ ձեռագրաց յիշատակարանները Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ հայ գաղթաշխարհի պատմութեան, գրականութեան, արուեստի եւ մշակոյթի կալուածներէն ներս գրաւոր աղբիւրներու համահաւասար արժէք կը ներկայացնեն։ «Անոնք մեծ լոյս են տալիս նաեւ դրացի ազգերի հայոց հետ ունեցած պատերազմների եւ այլ յարաբերութիւնների մասին»։

Յիշատակարաններու գլխաւոր արժէքը կը կայանայ այն պատմական իրողութեան մէջ երբ անոնք յաճախ անձնական գրութիւններ ըլլալով ականատեսի կամ ականջալուրի վկայութիւններ կը հանդիսանան՝ արձանագրուած ձեռագիրներու վերջաւորութեան։ Զանոնք «մոզայիկի գոյնզգոյն քարերու» կը նմանցնէ Գարեգին Կաթողիկոս «իրենց բազմատեսակ մանր տեղեկութիւններով», որոնց ի մի հաւաքելը, թուականներու եւ վայրերու դասաւորմամբ ճշդելը, պատմութեան կ՛ընծայէ կորսուած դէպքերու եւ չյիշուած տեղերու եւ անուններու անփոխարինելի նիւթեր։ Հատորին արժանիքներէն մին է նաեւ գեղարուեստական արժէք ներկայացնող մանրանկարներու 48 վերարտադրութիւնները։ Իսկ ծանօթագրութիւններու շարքին կան բազմաթիւ անծանօթ եւ կամ օտար տիտղոսներ, որոնց ամենայն բծախնդրութեամբ Գարեգին Հայրապետ կը մօտենայ ստուգաբանելով իւրաքանչիւրը։

Աշխատանքին Շարունակութիւնը

Ինչպէս ըսուեցաւ «Յիշատակարանք Ձեռագրաց» հատորը երկու ժամանակաշրջաններու ընթացքին զիրար լրացուցած խմբաւորումներ են։ Վեհափառ Հայրապետը իրեն գիտական աշխատակից նշանակեց Դպրեվանքի մեր գրաբարի եւ մատենագրութեան դասախօսներէն Սիմոն Սիմոնեան որ 1946 Յուլիսին գործի լծուեցաւ հսկելու եւ լրացնելու մատենագիտական պրպտումները։

Սիմոնեանի վկայութեամբ «Վեհափառ Հայրապետը իր հատորին մէջ չէր առներ որեւէ յիշատակարան առանց նպատակի, առանց ընտրութեան, եւ յատկապէս առանց գրչագրական, մանրանկարչական ու պատմագիտական արժէք նկատելու»։ Սոյն ակնարկէն իսկոյն կը յայտնուէր Գարեգին Կաթողիկոսի մասնագիտական մօտեցումը։  1934 թուականէն ետքն էր երբ Գարեգին Հայրապետ Տ.Տ. Խորէն Ա Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Նուիրակի պաշտօնով արտասահման կը գտնուէր, իր այցելութիւններու ընթացքին փնտռած է եւ տեսած բազմաթիւ ձեռագիրներ՝ Միացեալ Նահանգաց Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի կեդրոններուն մէջ, որոնցմէ գրի առած է իր մօտ պակսող յիշատակարանները։

Երուսաղէմ՝ Գիտական Այցելութիւն

Գարեգին Հայրապետ հարկ էր անգամ մը եւս անձամբ Երուսաղէմ այցելելու ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան եւ յիշատակարաններու ընդօրինակութեան համար 1947 թուի ամրան։ Իր չորրորդ գիտական այցելութիւնը կ՛ըլլար այս մէկը դէպի Երուսաղէմ իր յառաջացեալ տարիքին, այս անգամ որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Իրեն կ՛ընկերանային գիտական իր աշխատակիցը Սիմոն Սիմոնեան եւ Թորգոմ աբեղայ Փոստաճեան՝ իր գաւազանակիրը։ Երուսաղէմի մէջ Գարեգին Վեհափառ Սրբոց Յակոբեանց Վանքի 4000-ի հասնող ձեռագիրներէն ոմանք ի նորոյ քննած է Սիմոնեանի հետ, եւ Թորգոմ աբեղայ Փոստաճեանի ընդօրինակել տուած է ա՛յն յիշատակարանները զորս հարկ տեսած էր իր 40 օրերու կեցութեան շրջանին։

Բովանդակութիւնը

Հատորը կը բովանդակէ 458 անհատ ձեռագիրներու յիշատակարաններ։ Վերջաւորութեան՝ յաւելուածներ, տեղանուններու եւ անձնանուններու բարդ եւ բծախնդիր ցուցակներ։ Հակառակ իր ութսունամեայ տարիքին Գարեգին Հայրապետ անձնապէս կատարած է ընտրութիւնն ու դասաւորումը իր 1934 թուականէն առաջ հաւաքած, եւ յետագային մինչեւ 1948 աւելցուցած ձեռագրեալ եւ հրատարակեալ յիշատակարաններուն։ Կոթողային այս հատորը արտաշխարհի մէջ միակը կը հանդիսանար, երբ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Փրոֆ. Լեւոն Խաչիկեան նոյնքան արժէքաւոր եւ աւելի համապարփակ Մատենադարանի «ԺԴ¬ԺԵ Դարերու Ձեռագիրներուն Յիշատակարանները» երկու հատորներով կը հրատարակէր երկու տարի ետք։ Բոլորը միասին կը կազմեն հոյակապ ամբողջութիւն մը որպէս աղբիւր անյայտ դէմքերու եւ դէպքերու։

Սիրարփի Տէր Ներսէսեանի Վկայութիւնը

Վեհափառ Հայրապետի հիացող բանասէր գիտնական Սիրարփի Տէր Ներսէսեան «Յիշատակարանք Ձեռագրաց» հատորի մասին գրած իր գրախօսականով «Ամբողջ կեանքի մը երկար աշխատանքին արդիւնքը» կը տեսնէր կոթողային այդ աշխատութեան մէջ, ուր կարեւոր յատկանիշներ կ՛առանձնացնէին Գարեգին Հայրապետը ու կը զատորոշէին զինք նման այլ հրատարակութեանց բաղդատմամբ։ Անոնք ինքնին առանձին յօդուածներ են նոյնիսկ, ինքնատիպ ուսումնասիրութիւններ, որոնք բացատրական յաւելուածներ ըլլալով այս մեծ հաւաքածոն դարձուցած են հայ մշակոյթի յատուկ աղբիւրագիտութիւն։ Գիտնական Տէր Ներսէսեան կը յատկանշէ թէ «հեղինակին լայն գիտութիւնը կը յայտնուի ամենափոքր դիտողութիւններու մէջ՝ իր աւելցուցած բացատրութիւններով»։

Իր դիտարկութեամբ Տէր Ներսէսեան կարեւոր պարագայ մը եւս կը նշէ թէ Հայրապետ Հեղինակը յաճախ դիտմամբ խուսափած է կանգ առնելու ձեռագիրներու գեղարուեստական եւ մանրանկարչութեանց քննութիւնը կատարելէ, միշտ ի մտի ունենալով «գունաւոր նկարներու ալպոմի ձեւով ի լոյս ընծայել, պարագայ մը որ չիրագործուեցաւ դժբախտաբար, հակառակ անոր որ Գարեգին Կաթողիկոս պատրաստած էր արդէն զանոնք»։ Այս կը նշանակէ որ ձեռագիրներէն շատերը ունին իրենց մանրանկարչութիւնները, նոյնիսկ շատ յայտնի նկարիչներէ, որոնց մասին Հայրապետը առանձինն պիտի անդրադառնար յատուկ հրատարակութեամբ։ Սիրարփի Տէր Ներսէսեան կ՛ափսոսար որ այդ մէկը կարելի չեղաւ իրականացնել։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ