Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրական

Աննման Ճորճ Մատոյեանի Քաղցր Ու Բարի Յիշատակին

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Ոչ ոք ըսաւ սա տղին,

Պատռենք սիրտը տրտմագին,

Նայինք ինչեր գրուած կան…

Հոն հրդեհ կայ, ոչ մատեան»

Պետրոս Դուրեան

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022-ին Կլենտէյլի մէջ ինքնաշարժ վարած պահուն, սրտի կաթուած կ՚ունենայ եւ շատ կարճ ժամանակուայ մէջ, մինչեւ շտապ օգնութեան հասնիլը, արդէն Ողբ. Ճորճին սիրտը դադրեցաւ բաբախելէ եւ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ մեր թանկագին ընկերը, խոր ցաւ պատճառելով իր ազնուաբարոյ տիկնոջ՝ Տիկ. Անահիտ Հայրիկեան-Մատոյեանին, զաւակներուն՝ Արամին եւ Հայկին հանդերձ ընտանեօք, քոյրերուն, անոնց զաւակներուն եւ ընտանիքներուն եւ բոլոր հարազատներուն, իրենց ծանօթներուն ու մանաւանդ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի հին եւ նոր  սաներուն եւ այս վարժարանի ԱՄՆ-ի մէջ գործող Շրջանաւարտից Միութեան անդամներուն։

Մօտ քսան հինգ տարի աշխատած ենք միասին ԱՄՆ-ի մէջ, անոր անակնկալ բաժանումը խորապէս ցնցեց մեզ, բառ եւ խօսք չունինք նկարագրելու համար մեզի հասած ցաւին տարողութիւնը եւ խորութիւնը։

Հանգուցեալը զաւակն է Հալէպի հանրածանօթ ազգային, հասարակական գործիչ, ջերմ հայրենասէր Արամին եւ վեց պատուական (չորս աղջիկ եւ երկու տղայ) զաւակներու մայր Մարի Մատոյեանին։

Ճորճ Մատոյեան ծնած էր Հալէպ 1952-ին։ Յաճախած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը, ապա Կիլիկեան ճեմարանը։ Անկէ ետք անցած է Հայաստան հոն հետեւած է Երեւանի Պետական Համալսարանի ճարտարագիտական դասընթացքներուն եւ 1980-ին արժանացած է Մագիստրոս MA ճարտարագիտութեան մէջ։ Երեւանի մէջ կը ծանօթանայ Պարսկաստանէն ժամանած Երեւանի Պետական ճարտարապետական (Architect) բաժնի ուսանողուհի՝ Անահիտ Հայրիկեանին հետ, որուն հետ կ՚ամուսնանայ եւ կը բախտաւորուին իրենց առաջին մանչ զաւակով Արամով, իսկ երկրորդ զաւակը Հայկը Հալէպ ծնած է։

Ուսումը ստանալէ ետք Հալէպ կը վերադառնայ հոն ինք եւ իր տիկինը 1980-1993 աշխատած են Իքարտա միջազգային ընկերութեան մէջ։

1993-ին Հանգուցեալ Ճորճը ընտանեօք ԱՄՆ կը փոխադրուի։ Հոս գալէն իվեր արտակարգ աշխուժութեամբ կը ծառայէ իր ընտանիքին եւ ազգին ու մանաւանդ մեր յաւիտենական Հայրենիքին եւ Ամերիկայի ժողովուրդին։

Հոս սեփական առեւտուրով կը զբաղէր, ապա մտաւ Լոս Անճելըս Գաւառի ընկերային ծառայութեան բաժնի մէջ (L.A. County Department of Social Service), ժողովուրդին առողջապահական եւ զանազան ձեւի նիւթականով օգնող բաժնին մէջ։

Այս պատասխանատու գործին կողքին, ան կը հիմնէ Շինարարական իր ընկերութիւնը եւ տարիներ շարունակ այդ ընկերութեան միջոցաւ զանազան շինարարական գործեր կատարած է։

Ողբ. Ճորճ Մատոյեան ԱՄՆ հասնելուն պէս անմիջապէս միացաւ եւ մաս կազմեց Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի Սանուց Միութեան։ Հոն քանի մը տարի վարչական ըլլալէ ետք, վերջին 8-10 տարիներուն իրեն վստահած էին այս Միութեան ատենապետութեան պաշտօնը։ Մեզի մօտէն ծանօթ ըլլալով այս Միութեան գործունէութիւնը, միշտ ալ մեծապէս գնահատած ենք ԱՄՆ-ի մէջ ապրող Կիլիկիան վարժարանի Սանուց Միութեան պատուաբեր ծառայութիւնները իրենց մայր դպրոցին եւ Հալէպի կրթական հաստատութեանց անխտիր օգնելով, գլխաւորութեամբ Ողբ. Ճորճին։

Ճորճին գնահատանքի մեծագոյն ծառայութիւնը կը հանդիսանայ Լոս Անճելըս գաւառի մէջ գործող հայերու միութեան մէջ իր նպաստը բերելով։

Ինչպէս գիտենք Լոս Անճելըս գաւառը (L.A. County) տասը միլիոնէն աւելի բնակչութիւն ունի։ Այս գաւառին մէջ 84,000 պաշտօնեայ կ՚աշխատի, որոնց մօտ 11,000 պաշտօնեաները հայեր են։ Այս գաւառին մէջ աշխատող հայերը միութիւն մը ունին, որ շատ մեծ գործ կը կատարէ հայ մշակոյթը, հայութիւնը, Հայ Դատը ծանօթացնելու եւ Սրբադասուած նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու, ամէն տարի Ապրիլ 24-ին հրաւիրելով պետական բարձրաստիճան գործիչներ հայերուս հետ ոգեկոչելու մեր անմահ նահատակներուն յիշատակը։

Նմանապէս ամէն տարի Սեպտեմբեր 21-ին Լոս Անճելըս գաւառին մէջ կը նշուի Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձը։ Այս զոյգ ձեռնարկներուն եւ հայկական միջոցառումներուն մէջ իր մեծ նպաստը կը բերէ մեր սիրելի Ճորճ Մատոյեանը, որուն համար միշտ ալ արժանացած է հայ պաշտօնեաներուն ամենաջերմ գնահատանքին։

Հանգուցեալ Ճորճ Մատոյեանը ոչ միայն եզակի էր իր բարեկիրթ վարքուբարքով, մարդկային ազնուագոյն նկարագրով, իր ունեցած հարուստ պաշարով։ Ան ամէն ինչի մասին, ամէն նիւթի մասին կրնար ժամեր խօսիլ եւ տեղեկութիւններ տալ։ Անոր համար էր որ մենք Ճորճ չէինք կանչեր իրեն, այլ մեզի համար անոր անունը (Google) էր։

«Մարդ կայ հազար կ՚արժէ

Հազար մարդ կայ որ մէկ մարդ չեն արժեր»

Ճորճ Մատոյեանին մեկնումով գլխագիր բարեկամ կորսնցուցինք։

Ճիշդ ասոր համար է, որ սրտի մղկտումով ու ցաւով պիտի յիշենք մեր շատ սիրելի Ճորճը, Աստուծմէ խնդրելով եւ աղօթելով, որ երկնքի արքայութեան արժանի ընէ մեր այս ազնիւ ընկերոջ հոգին։

Յիշատակն արդարիւն օրհնութեամբ եղիցի։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ