Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրբ Քառասուն Մանկունք Սեբաստիոյ

Մարտ 26, 2022

Ուխտանէս Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս

Պատմիչին Վկայութիւնը

«Եւ այս հանգամանքով մենք հաստատեցինք Արեգ ամսու 15-րդ օրը որպէս յիշատակի տօն Քառասուն Սուրբերուն, անխափան կատարուելու տարուէ տարի Աստուծոյ փառքին համար»

ՈՒԽՏԱՆԷՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Նահատակներուն Յիշատակը

            Երբ այսօր Շաբաթ Մարտ 26ին կը յիշատակենք Քառասուն Մանկանց օրը, կը վերյիշենք թէ կանխագոյն վկաներէն հանդիսացան անոնք, նահատակուելով Սեբաստիոյ սառած լիճին մէջ յանուն Քրիստոսի՝ Հռոմէական Կայսրութեան Լիկիանոս փոխ¬Կայսեր հրահանգով 320 թուին։  Անոնք մաս կը կազմէին Կայսերական արեւելեան բաժնի բանակին, բոլորն ալ զինուորներ, միասնաբար քրիստոնէութիւնը դաւանած, հակառակ Լիկիանոսի վճռական արգելքին թէ բանակը չէր թոյլատրեր քրիստոնեայ կրօնքի հետեւորդ զինուորներ ունենալ։

            Կայսրութիւնը կը գլխաւորէր Մեծն Կոստանդիանոս Ա Կայսրը որուն ենթակայ էր Լիկիանոս ուրացող։ Կոստանդիանոս իր մահուան անկողնին մէջ քրիստոնեայ մկրտուեցաւ 337 թուականին, եւ սակայն անկէ առաջ հրաւիրած էր Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովը 325 թուականին։ Այնպէս որ Քառասուն նահատակներէն առաջ Կայսրութիւնը որպէս թոյլատրեալ կրօն հռչակած էր քրիստոնէութիւնը 313 թուին Միլանի հրամանագրով եւ հովանաւորութեամբ Կոստանդիանոս Կայսեր, որմէ եօթ տարիներ ետք 320 թուին Քառասուն Մանկունք կը նահատակուէին, որուն հետեւանքով Լիկիանոս 324 թուին գահընկէց եղաւ Կայսեր հրահանգով։

            Հայ Եկեղեցին յատուկ յարգանք եւ նուիրում ընծայած է Քառասուն Մանկանց յիշատակին, բազմաթիւ հայ եկեղեցիներ անոնց անունով օծելով աշխարհի չորս ծագերուն, հակառակ որ անոնց մէջ ոչ մէկ հայ զինուոր գտնուած է։ Արդէն հրաշք մըն է անոնց անուններուն անաղարտ մնալը հնագոյն այդ դարերէն ի վեր, որուն վկայութիւնը կուտայ հայ պատմիչ Ուխտանէս Եպիսկոպոս որ Սեբաստիոյ երկարամեայ հոգեւոր Առաջնորդը եղած է 10-րդ դարուն, երբ կը հաստատէր տեսած ըլլալ անոնց անունները, յոյն եւ հռոմայեցի, թէեւ առանց յիշելու զանոնք, որոնք «արձանագրուած էին Սեբաստիոյ եկեղեցական հաստատութեանց սիւներուն վրայ» ինչպէս կը գրէ Ուխտանէս Եպիսկոպոս։ Այսօր բոլոր քառասուն անունները կը կարդանք մարտիրոսաց յատուկ հատորներուն մէջ։

Հայ Եկեղեցին եւ Քառասուն Մանկունք

            Նախ հարկ է «Մանկունք» կամ «Մանուկ» բառերը սահմանել իրենց բնագրային գրաբար լեզուին համաձայն եւ չհասկնալ որ այդ քառասուն նահատակները փոքրիկ երախաներ էին, ինչպէս սխալմամբ կը հասկնան շատեր եւ կը գրեն երբեմն աշխարհաբարի հետեւութեամբ, յատկապէս երբ անգլերէնի կը թարգմանեն զայն։ Սխալ է անշուշտ եւ անգիտութեան ապացոյց է երբ երախաներ կը նկատուին նահատակները ու անոնց Քրիստոսի վկայութեան պատիւը կ՛ընծայեն, առանց մտածելու որ երախաներ ի՛նչպէս լսած կրնային ըլլալ նոյնիսկ Քրիստոսի անունը, թող անոր վկայութեան համար իրենց նահատակուիլը։ Գրաբար լեզուով պարզապէս «մանուկ»ը այս պարագային «զինուոր» կը նշանակէ, ինչպէս կը նշանակէ նաեւ մեր գիտցած մանուկը։ Վերջերս կը կարդայի «Քառասուն Մանկանց հայ եկեղեցւոյ» անունին ընծայուած անգլերէն գրութիւն մը, որ թարգմանաբար եւ անփութօրէն զայն կը կոչէր «քառասուն երախաներու հայ եկեղեցի»։

            Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ այս յիշատակելի նահատակութիւնը իր պատմական կապը հաստատած է երկու իրողութեանց վրայ, մին Քառասուն Մանկանց նահատակութեան վայրին՝ Հայաստանի հողին վրայ, Սեբաստիոյ նահանգի սառած լիճին մէջ, եւ միւսը՝ Հայաստանի կանխագոյն պետական Մեծ Դարձի իրողութեանը 301 թուին, Հայաստանի առաջին Կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի քարոզութեամբ եւ Տրդատ Գ Արշակունի թագաւորի հրովարտակով։ Կայսրութեան բանակի զինուորները անկասկած քաջալերուելով Հայաստանի նորադարձ պետական կրօնքէն իրենք եւս դարձի եկան երբ տակաւին, իրենց նահատակութենէն վերջ նոյնիսկ, բոլոր երեքը կ՛ապրէին, Կոստանդիանոս Մեծ Կայսրը, Տրդատ Թագաւորն ու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ։

Ուխտանէս Պատմիչ Եպիսկոպոսը

            Հակառակ Քառասուն Մանկանց նահատակութեան եւ Ուխտանէս Եպիսկոպոսի Սեբաստիոյ հայոց թեմի առաջնորդութեան միջեւ եղած 600 տարիներու երկար ժամանակահատուածին, Ուխտանէսի գրած եւ մեզի հասած երկու հատոր «Պատմութիւն Հայոց» Ա Գիրքին լման 61¬րդ գլուխը անփոխարինելի է զոր յատկացուցած է Քառասուն Մանկանց նահատակութեան։ Տարիներ առաջ ինծի պարտք համարեցի առաջին անգամն ըլլալով անգլերէնի թարգմանել Ուխտանէս պատմիչի երկու հատորները, առաջինը հայոց հին պատմութեան մասին քաղուածք մը՝ մինչեւ Հայաստանի քրիստոնէութեան դարձը, եւ երկրորդը աւելի կարեւոր՝ վաւերագրական թղթակցութիւններով եւ կոնդակներով պատմագրուած Վրաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ բաժանումը Հայ Եկեղեցւոյ ենթակայութենէն 607 թուականին Աբրահամ Աղբաթանեցի Հայոց Կաթողիկոսի եւ իրեն անհնազանդ գտնուող Կիւրիոն վրացի եպիսկոպոսի օրով։

            Ուխտանէս ծնած էր Ուռհա եւ սակայն ծանօթ եղած է յետագայ պամիչներուն որպէս Ուխտանէս Սեբաստիոյ որ ցկեանս թեմի եպիսկոպոսութիւնը վարած է եւ տուած լայն տեղեկութիւններ Սրբոց Քառասնից Մանկանց նահատակութեան մասին, իրենց աշխարհագրական տուեալներով, թէ ո՛ւր կը մնային իրենց համար որպէս ապաւէն, լեռներն ու բերդերը, եւ թէ որպէս զինուորներ ո՛ւր կը բանակէին իրենց պարտականութեանց վրայ եղած միջոցին։

                Հայ Եկեղեցւոյ Սեբաստիոյ թեմը 914 թուին հաստատուած է եւ շատ հաւանական է որ Ուխտանէս առաջին եպիսկոպոսը եղած է թեմին։ Թէեւ արեւմտեան բանասիրութեան մէջ յարակից տեղեկութիւնները հարուստ են, ինչպէս Քառասնից անունները յստակ եւ լրիւ, սակայն նման ականատեսի վկայութիւններ գործի վրայ եղող եպիսկոպոսին կողմէն կը պակսին այնտեղ, որուն Ուխտանէսի իմ կատարած վերջին եւ միակ անգլերէն թարգմանութիւնը պիտի գար աւելցնելու այն ինչ որ ականատեսի վկայութեամբ հաստատած է պատմիչ եպիսկոպոսը։

«Քառասուն Նահատակներու Մասին» (Ա. գլ. 61)

            Ուխտանէս կը սկսի գրելով թէ «չենք մոռնար այստեղ վկայելու Սուրբ Քառասուն [Զինուորներու] մասին որոնք նահատակուեցան ուրացող Լիկիանոսի կողմէ որ յատուկ հրովարտակովհալածանք յայտարարած էր իրեն ենթակայ նահանգներու եկեղեցիներուն դէմ»։ Պատմիչ եպիսկոպոսը ստուգութեամբ անուններով կը նշէր այն գաւառներն ու վայրերը ուր Քառասուն զինուորները ղրկուած էին, թէ՛ կայսերական բանակային վայրերը իրենց պարտականութեան վրայ, եւ թէ՛ իրենց փախստական ապաստանարանները, լեռներն ու բերդերը, Ուխտանէսի գիտցած յայտնի անուններով եւ աշխարհագրական դիրքով։ Քառասուն Մանկունք միշտ  միասնական եւ անդրդուելի մնացին իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ։

                Քառասուն Սուրբերու նահատակութեան հետ առնչուած են ինչպէս կը նշէ Ուխտանէս Մելիդինէ (Մալաթիա) բերդաքաղաքը, Գայլախազուդ կոչուած լեռնաշղթան Մանանաղի գաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ Տիւթնիք լեռը, «բոլորն ալ կը նկատուէին ապահով վայրեր եւ հեռաւոր բերդեր» ինչպէս ինք կը գրէ։ Ուխտանէս կ՛աւելցնէ վկայելով որ «մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին այն վայրերը ուր սուրբերը բնակեցան եւ որոնց անունները քանդակուած կը մնան քարէ սիւներուն վրայ»։ Նաեւ «փորագրուած է Յաղթական Խաչը ու անոնց ապաստանած վայրերը որոնք տակաւին կը պաշտուին եկեղեցիներու եւ հոգեւորականներու գոյութեամբ, ծանօթ որպէս «Եկեղեցաձոր» ուր իրենց անուններով փորագրուած քարէ սիւները կը պահուին»։ Ուխտանէս կուտայ նաեւ «Քաջ Վահանայ» անունով Ալիս գետին մօտ եղող բերդը ուր Քառասունները բնակեցան եւ կամ ապաստան գտան հալածանքներուն պատճառաւ։ Յայտնապէս Ուխտանէս տեսած է եւ կարդացած Քառասուններուն անունները այդ սիւներուն վրայ։

Նահատակութեան Թուականը

            Ուխտանէս երկու յաւելեալ տեղեկութիւններ եւս կը հաղորդէ Քառասուն Մանկանցնահատակութեան առիթով։ Առաջինը, Լիկիանոս կայսեր համատարած հալածանքը քրիստոնեաներու հանդէպ, յատկապէս հրահանգելով Քառասուն զինուորներուն, տակաւին անգիտանալով անոնց իսկ քրիստոնեայ դարձի մասին, որ հետապնդեն քրիստոնեայ դարձի եկողները ընդհանրապէս արեւելեան նահանգներուն մէջ, եւ կայսերական հրահանգով ազդարարեն չյարիլ քրիստոնէութեան, այլապէս «մահապատիժի ենթարկելով զանոնք», հակառակ այն իրողութեան որ այդ տարիներուն Կոստանդիանոս Մեծ Կայսեր համաձայնագրով կայսրութեան մէջ, ոչ պաշտօնական այլ միայն «թոյլատրեալ» կրօնքներու շարքին քրիստոնէութիւնն ալ արտօնուած էր։ Լիկիանոսի  հրահանգին համաձայն, ինչպէս Ուխտանէս կրկնակի կը յիշէ, արեւելեան նահանգներ քանիցս ուղարկած իր զօրավարին միջոցաւ հարկ էր գործադրել զայն, մինչեւ այն ատեն երբ Քառասուններուն միակամ քրիստոնէութեան դարձը յայտնի դառնալով, յիշեալ զօրավարը կը հաղորդէր զայն Լիկիանոսի։

            Ուխտանէս կ՛աւելցնէ թէ «Լիկիանոս կը հրահանգէր նոյն զօրավարին եւ Սեբաստիոյ քաղաքային դատաւորին փնտռել Քառասուն զինուորներուն թաքստոցները, գտնել զիրենք ու պատժել, «բացի եթէ ետ դառնային իրենց որոշումէն եւ կռապաշտութեան հետեւէին»։ Ինչպէս յիշուեցաւ իրենց պատսպարաններէն, բերդերէն ու լեռնակողմ քաղաքներէն հաւաքելով Քառասուն վկաները պիտի նահատակուէին սառած լիճին մէջ։ Այս բոլորը եպիսկոպոսը կ՛ընդգրկէ իր յիշեալ գիրքին մէջ որ իմ կարծիքով պատմութեան մէջ կը հանդիսանայ գործի վրայ եղող առաջնակարգ անձի մը վկայութիւնները, չնայած հարիւրաւոր տարիներու հեռաւորութիւնը։ Ուխտանէս նաեւ տարեկան յիշատակութեան ճշգրիտ թուականը կը հրահանգէ որպէս թեմակալ ճշդելով Արեգ ամսու 15¬րդ օրը երբ գտան զիրենք, «զոր պատահմամբ չէ որ կ՛արձանագրենք այլ ստուգուած բանասէրներու կողմէ», ինչպէս ինք կ՛ըսէ։

Փակման Աղօթքը

            Ուխտանէս եպիսկոպոս իր Ա. Գիրքի 61-րդ գլուխը կը փակէ հետեւեալ աղօթքով։

«Ո՛վ է ան որ կրնայ հասկնալ այն պատիւը որ միայն իրենց կը պատկանի, որովհետեւ ոչ թէ մէկ լեզու, նոյնիսկ քառասուն լեզուներ բաւական պիտի չըլլան օրհնելու եւ պանծացնելու այս մարդոց անհամար երաշխիքն ու առաքինութիւնները։ Մեր հիացումը մէկ կամ երկու անձերու յատուկ չէ, նոյնիսկ միասնաբար տասը հոգիներու, այլ քառասուն մարդոց որոնք իրարու միացան եւ որպէս մէկ եւ միացեալ հոգի նահատակուեցան Քրիստոսի փառքին համար, որուն վայել է փառք յաւիտեանս։ Ամէն»։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ