Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայակերտումի Նուիրեալ Ջատագով՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Անմար Յիշատակին

Մահագրական

ԱՆԱՀԻՏ ԱՆՆԱ ՓԻՆԷՃԵԱՆ

Սոյն յօդուածս յարգանքով կը ձօնեմ թանկագին դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ծննդեան տարեդարձին, ի խորոց սրտի խոնարհելով անոր օրհնեալ յիշատակին առջեւ:

Կարպիս Տէր Եղիայեան ծնած է 29 Մարտ 1949ին, Հալէպ, բնիկ խարբերդցի՝ Յակոբ եւ Լիտիա Տէր Եղիայեաններու յարկին տակ: Կարպիս Տէր Եղիայեանի կենսագրական գիծերը լաւագոյնս կը վկայեն իր ստացած ուսման արգասիքը. ան արժանացած էր Պսակաւոր Արուեստից, Գիտութեանց, Մագիստրոս եւ Դոկտորայի տիտղոսներու, արժանացած էր նաեւ ազգային եւ միջազգային պատիւներու ու մրցանակներու: Ան ամերիկահայ առաջին մտաւորականն էր, որուն «Ակադեմիկոս»ի տիտղոս տրուած էր Հայաստանի Սփիւռքահայութեան ակադեմիային կողմէ: Եօթ միջազգային համալսարաններէ պարգեւատրուած էր՝ «Պատուոյ Փրոֆեսոր»ի կոչում եւ «Պատուոյ Դոկտորա»ի տիտղոս:

Ան իր լայնածաւալ հմտութեամբ, որպէս հեղինակաւոր կրթական մշակ եւ ազգային հասարակական գործիչ, Քալիֆորնիոյ հայահոծ գաղթօճախին մէջ 45 տարիներ աննկուն կամքով ծառայած էր կրթական, մշակութային, եկեղեցական, քաղաքական, հաղորդակցական միջոցներու եւ ընկերային ծառայութեանց ծիրերէն ներս, ունենալով մեծ դերակատարութիւն մեր ազգային կեանքի վերելքին մէջ:

Իր կարեւոր ներդրումն էր կրթական կառոյցներու հիմնադրումը. օրինակ՝ Լա Վըրնի Ամերիկահայ Միջազգային քոլեճը՝ 1976-1992, որուն նախագահն էր եւ ուր նաեւ եղած էր դասախօս՝ հայագիտական նիւթերու: 1992-2020ին, որպէս հիմնադիր-նախագահ Կլենտէյլի «Մաշտոց» քոլեճին, արժանավայել կերպով ստանձնած էր նորահաս սերունդի հայակերտման եւ հայապահպանման վեհ առաքելութիւնը:

Էականը այն էր, որ ան իր ամբարած ամբողջ գիտութիւնը իր անձին չէր պահած, այլ անոր բաժնեկից դարձուցած էր իր ուսանողներն ու գրասէր հասարակութիւնը:

Մասնակցած էր յիսունէ աւելի միջազգային համաժողովներու, ծանօթացնելով օտարներուն հայ ժողովուրդի պատմական հարուստ անցեալը, իր հոգեւոր մշակոյթով:

Լոս Անճելըսի գաղութին մէջ, ուղիղ եթերով, հեռատեսիլի տարբեր կայաններէ վարած է հայ համայնքը հետաքրքրող եւ այժմէական նիւթեր շօշափող յայտագիրներ:

«Ռոթըրի» միջազգային բարեսիրական եւ խաղաղասիրական 100ամեայ կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած էր առաջին հայազգի կառավարիչը՝ 2002ին եւ Սպանիոյ մէջ պարգեւատրուած էր «Տարուան Միջազգային Ղեկավար» տիտղոսին, խաղաղութեան ի նպաստ իր գործունէութեան համար: 2005ին, «Ռոթըրի»ի կողմէ  Անգարա հրաւիրուելով, թուրք մտաւորականներու եւ բոլոր մասնակիցներու ներկայութեամբ, որպէս գլխաւոր բանախօս, յանդուգն ելոյթով մը Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի ճշմարտութիւնը խիզախօրէն ներկայացուցած էր: Ան նշած էր, որ այն պատմական իրականութիւնը միջազգային մակարդակով ուսումնասիրուած, փաստուած է եւ ենթակայ չէ որեւէ սակարկութեան, շեշտելով, որ միայն պատմական ճշմարտութեան հիման վրայ կարելի է հասնիլ արդարութեան եւ խաղաղութեան: Ան անուրանալիօրէն իր նպաստը բերաւ Հայ Դատին:

Ան բազմաթիւ խումբերով կազմակերպած է ուխտագնացութիւններ դէպի Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա եւ Կապադովկիա, մեր հայրենի բնօրրանը: Անոնց հիման վրայ, տեղւոյ ճարտարապետական կառոյցներու եւ մշակութային կոթողներուն իր պատկերած լուսանկարներով հեղինակած էր «Ձայներ Լռութեան Մէջ» խորագրով կոթողական յիշատակարանը: Որպէս սուրբ մասունքներ, հայ ժողովուրդը պէտք է պահանջատէր կանգնի իր կորսնցուցած պատմական գանձերուն եւ նիւթական հարստութեան:

Կարպիս Տէր Եղիայեան իր ապրած Լա Վըրն քաղաքին մէջ հեղինակաւոր ներկայութիւն մըն էր եւ ի յարգանք իր մատուցած ծառայութեան, քաղաքապետարանը որոշում ընդունած է տեղադրել հինգ լեզուներով խաղաղութեան յուշակոթող մը՝ Լա Վըրնի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ:

Ջանացի յօդուածիս սեղմ տողերուն մէջ հանգամանօրէն համադրել եւ պատկերել իր ինքնութիւնը եւ էութիւնը: Ոչ մէկ հակասական ու ժխտական արտայայտութիւն կայ իր կերպարին մասին: Թերեւս՝ որակումներուս մէջ պակաս բան մը ըլլայ, բայց՝ ոչ մէկ աւելորդ բառ ու չափազանցուած գովեստ:

Շնորհիւ հեզաբարոյ բնաւորութեան եւ բարեացակամ յատկութիւններուն, իր ինքնութիւնը յարգելի եւ սիրելի դարձուցած էր հայ եւ օտար շրջանակներու մէջ, յաջողեցաւ բարեկամ մնալ բոլորին հետ եւ վայելել անոնց զօրակցութիւնը: Ան, ըստ իր բարեկամներէն մէկուն, մեր «Աւագ Եղբայր»ը դարձած էր:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ