Աւագ շաբաթը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման, ինչպէս նաեւ դժոխքի աւերման, հոգիներու ազատման եւ հրաշափառ Յարութեան շաբաթն է: Այս շաբաթուան մէջ տեղի ունեցաւ այն, ինչ անհրաժեշտ էր մեղաւոր մարդուն կրկին անմահութիւն պարգեւելու եւ երկնքի արքայութիւն փոխադրելու համար: Այս շաբաթը Աւագ շաբաթ կը կոչուի, քանի որ իր մէջ կ’ամփոփէ չորս մեծ խորհուրդ։ Նախ՝ աշխարհի արարման շաբթուան խորհուրդը, ապա՝ այս կեանքի եօթ ժամանակաշրջաններու խորհուրդը, այնուհետեւ՝ Քրիստոսի չարչարանքներու խորհուրդը, եւ վերջապէս՝ աշխարհի վախճանի խորհուրդը:
Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օր իր խորհուրդն ունի։ Ընդհանրապէս՝ Աւագ շաբաթը ամբողջովին շատ խորհրդանշական է. Քրիստոսի մատնութենէն մինչեւ չարչարանքներ, խաչելութիւն եւ Յարութիւն։ Աւագ շաբթուան իրադարձութիւնները կը հաստատեն այն ճշմարտութիւնը, որ մարդը ֆիզիքապէս մահկանացու է, բայց իր հոգեւոր բնութեամբ` անմահ, իսկ Յարութեան տօնը կեանքի աղբիւրն ու նպատակն է, որը մարդու, յատկապէս հայ քրիստոնեայի համար շատ կարեւոր է։
Աւագ շաբթուան եւ սուրբ Յարութեան խորհուրդին հետեւելով նորոգենք մեր անձերը իբրեւ անհատ, իբրեւ հաւաքական ազգային ոյժի մէկ մաս, իբրեւ բարոյական եւ հոգեւոր բանական էակ, որպէսզի փառքով, պատիւով, արդիւնաւէտութեամբ իրականացնենք մեր ազգային առաքելութիւնը։