Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն ներս, Թեմի Առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ, տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է Հոգեւորականներու Միօրեայ Ժողովներու ընթացքին (տարին երեք կամ չորս անգամ), Հոգեւորականներու կողմէ դասախօսական ելոյթներ տեղի կ’ունենան Հաւատքի, Եկեղեցական, Ծիսական, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ ա՛յլ նիւթերու վերաբերող:

Այս օգտաաշատ աւանդութիւնը պահելով, Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022ին, Թեմիս Առաջնորդարանէն ներս (Պըրպենք), Արեւմտեան Թեմի բոլոր Հոգեւորականներու ներկայութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Հոգեւորականներու միօրեայ յաջորդ Ժողովը:

Նկատի ունենալով, որ 2022 թուականը կը նշէ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 95րդ տարեդարձը (1927), Հաւատացեալներու «Քրիստոնէական Կեանքը» աւելի խթանելու եւ խորացնելու նպատակով,  Ժողովին պիտի ներկայացուին «Սուրբ Պատարագի Խորհուրդ»ին առընչուող հինգ շահեկան նիւթեր.-

  1. «Սուրբ Պատարագին Աստուածաբանութիւնը եւ Հոգեկանութիւնը» (Խորհուրդ եւ Մատչելիութիւն. նիւթը կը ներկայացնէ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան),
  2. «Սբ. Պատարագը, իբր «Խորին եւ Անհաս Խորհուրդ», ինչպէ՞ս մերձեցնել հաւատացեալներուն» (Հովուական մերձեցում. կը ներկայացնէ Արժն. Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան),
  3. «Սբ. Պատարագը մեր Հաւատքին եւ Դաւանութեան Արտայայտութիւնն է եւ Յայտարարութիւնը» (կը ներկայացնէ Արժն. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան),
  4. «Պատարագը եւ Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին մերձեցումը» (Աստուածաբանական եւ մեկնողական մօտեցում. կը ներկայացնէ Արժն. Տ. Զաքարիա Քհնյ. Սարիբեկեան) եւ
  5. «Հայկական Սուրբ Պատարագին պատմական ձեւաւորումը» (Ծագում, Հեղինակներ, Բարեկարգողներ. կը ներկայացնէ Արժն. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Յարութիւնեան):

Անկասկած, ասոնք ուշագրաւ եւ յագեցնող նիւթեր են, որոնք կը ձգտին ո՛չ միայն Հոգեւորականներուն ծանօթութիւնները հարստացնելու, այլեւ զանոնք յարմար առիթներով փոխանցելու Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն: Հովուական տեսակէտէ, ներկայացուելիք բոլոր նիւթերն ալ հաւատացեալները կ’առաջնորդեն հաւատքով մօտենալու եւ ներկայութեամբ մասնակցելու Սուրբ Պատարագի Խորհուրդին, որ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ մեր Քրիստոնէական Պաշտամունքին մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ