Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Թէյասեղան, Բայց Ու՞ր . . .

2016 թուականի պաշտօնական տեղեկութեանց համաձայն աշխարհի ամենաշատ թէյ գործածող առաջին երեք երկիրներն են՝ Թուրքիա, Իռլանտա եւ Միացեալ Թագաւորութիւն։

Անգլիոյ մէջ` «Յետ Միջօրէի Թէյը» (Afternoon Tea) շատ կարեւոր է եւ տեղի կ՛ունենայ ժամը 3:30-էն 5։00-ի միջեւ։ Թէյին հետ Անգլիացիք կը ճաշակեն կարագով հաց, փոքր չափի սանտուիչներ եւ անշուշտ անուշեղէն։

Ամերիկայի մէջ ալ նոյն միջոցառումը կը կոչուի «High Tea» եւ տեղի կ՛ունենայ յետ միջօրէի ժամը 1:00-էն 4:00-ի միջեւ։ Հոս ալ դարձեալ կը հրամցուի թէյի կողքին՝ փոքր չափի սանտուիչներ (finger sandwitches) եւ անշուշտ անուշեղէնի տեսակներ։

Հոս պէտք է նշել որ կարգ մը զբօսանաւերու (cruise ships) վրայ ալ նոյն միջոցառումը տեղի կ՛ունենայ յետ միջօրէին, ուր դարձեալ կը հրամցուի թէյ եւ նմանօրինակ ուտեստեղէններ։

Այս բոլորը պիտի ծառայեն որպէս ներածական մեր բուն նիւթին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ու՞ր տեղի ունեցած է այդ նշանաւոր թէյասեղանը, որը գրաւած է աշխարհի ուշադրութիւնը։

Ուրեմն դէպքը պատահած է 5 Մայիս 2021-ին, սակայն Guiness World Record-ը արձանագրած է զայն այս տարի։ Վերոյիշեալ թէյասեղանը տեղի ունեցած է (տես նկարը) Էվէրէսթ լեռան լանջին վրայ, որ կը գտնուի ծովու մակերեսէն 21,312 ոտք (6,498 մեթր) բարձրութեան վրայ։ Անշուշտ խնդրոյ առարկայ երկիրը՝ Նեբալն է։

Ամերիկացի լեռնագնաց Անտրէ Հիոյզ սապէս արտայայտուած է իրենց խմբային յաղթանակէն վերջ։ «Կեանքի լաւագոյն փորձառութիւնները անոնք են որ տեղի կ՛ունենան ուրիշներու հետ եւ կը յուսամ որ մեր յաղթանակը  ներշնչէ բոլոր զանոնք՝  որ կ՛ուզեն հասնիլ իրենց երազներուն իրականացման, ի՜նչ բարձրունքի վրայ որ ալ գտնուին անոնք։»

Հիոյզ նաեւ աւելցուցած է որ դիւրին չէր այդքան ապրանք եղնուղտով (yak) փոխադրել դէպի այդ բարձունքը, որովհետեւ սաստիկ հով կար այդ օր եւ նոյնիսկ ձիւնած էր թէյասեղանի ժամանակ, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ . . .

Ամուսնութիւն, Բայց Որո՞նց Միջեւ . . .

Ամուսնութիւնները շատոնց դադրած են իմաստաւորուելէ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ առաջին տարին չանցած՝ արդեն ամուսնութիւններուն յիսուն տոկոսը ամուսնալուծութեամբ կը վերջանայ։

Սակայն դժբախտաբար ամուսնալուծուողները նորէն կ՛ամուսնանան, կ՛ամուսնալուծուին, դարձեալ կ՛ամուսնանան եւ այսպէս անիւը կը թաւալի, առանց տեղ մը հասնելու։

Հիմա ալ ամուսնութեանց ուրիշ նորութիւն մը մէջտեղ ելած է, որն է կենդանիներու ամուսնութիւնը։ Եղբայր, մարդիկ չկրցան գլուխ հանել ամուսնութիւններու կնճիռը եւ կ՛ուզեն զայն փակցնել խեղճ կենդանիներու գլխուն, բայց ինչո՞ւ՝ չեմ հասկնար։

Հիմա խօսինք օրինակներով։

37 տարեկան Tara Helwig՝ Թէքսաս նահանգի Տալըս քաղաքէն, ունի էգ շուն մը որ կը կոչուի Twixie: Իսկ 22 Makayla Wilson՝ Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքէն, ունի արու շուն մը որ կը կոչուի Cowboy։ Հետաքրքրական է գիտնալ որ երկու շուներն ալ երկու տարեկան են։

Այդ երկու շուները իրարու հանդիպած են շուներու ճամբարի մը մէջ անցեալ տարուան Փետրուար ամսուան մէջ եւ «սիրահարուելով նշանուած» են։ Իսկ տաս ամիս վերջ՝ անոնք «ամուսնացած» են հարսին տան մէջ։ Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ որ 40 հրաւիրուած շուներէն, 37-ը ներկայ գտնուած են պսակադրութեան (տես նկարը) հանդիսութեան, որ արժած է 25,000 տօլար!

Այս առիթով հայկական ասացուածք մը մտաբերեցի որ կ՛ըսէ, «Էշն ի՞նչ գիտէ նուշը, կ՛երթայ կուտէ փուշը։» Հետեւաբար՝ շունը ի՞նչ կը հասկնայ ամուսնութենէն, նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս պսակադրուի։

Ըստ ինծի, եթէ կենդանիներու միջեւ ամուսնութիւն պիտի կնքուի, այդ պէտք է ըլլայ կամ ծովաձիերու (seahorse) եւ կամ ալ թեւատ թռչուններու (penguins) միջեւ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ կենդանիները՝ արու եւ էգ, միասին կը մնան մինչեւ իրենց կեանքի վերջը՝ ըստ կենդանաբանական աշխարհի տեղեկագրական տուեալներուն։ Երանի՜ թէ մարդիկ ալ կարենային միասին ամուսնացած մնալ՝ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը . . .

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ