Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ս. Յարութեան Մշտանորոգ Պատգամը

«Հոս չէ՛ ան, յարութի՛ւն առաւ»

(ՂՈՒԿԱՍ 24.6):

        Վերոյիշեալ զգայացունց յայտարարութիւնն է որ կ’ամփոփէ Ս. Զատկուան խորհուրդն ու պատմութիւնը: 3իսուսի խաչելութեան յաջորդող առաջին Կիրակի առաւօտն էր երբ իւղաբեր կիներ եկած էին Յիսուսի մարմինը օծելու: Իրենք զիրենք մեծ անակնկալի մը դէմ յանդիման գտան: Յիսուսի գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը գլորուած էր: Բայց աւելին, գերեզմանը թափուր էր: Յիսուսի մարմինը հոն չէր: Ի տես այս արտակարգ պատահարին՝ մինչ անոնք ապշած իրարու կը նայէին, երկու լուսազգեստ մարդիկ իրենց քով կանգնած հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէին. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ» (Ղուկ. 24. 5-6):

        Այս յայտարարութեան մէջ կը խտանայ Ս. Յարութեան տօնին պատգամը: Պատմական եղելութիւնը այն է, որ Յիսուսի թշնամիները խաչեցին եւ սպանեցին զինք: Իր բարեկամները խաչէն վար առնելով անոր անշնչացած մարմինը փոխ առնուած գերեզմանի մը մէջ դրին եւ հսկայ քար մը գլորեցին գերեզմանին դուռը: Բայց Աստուած խորտակեց գերեզմանին կապանքը եւ յարուց Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ իբր յարուցեալներուն առաջին պտուղը:

        Յիսուս Քրիստոսի յարութեան դէպքը հիմնաքարն է քրիստոնէական հաւատքին: «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» յայտարարութիւնը ունի մշտանորոգ պատգամ մը, որ կը շեփորէ հետեւեալ երկու կարեւոր իրողութիւնները.-

       Առաջին, Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը կը հաստատէ յաւիտենական կեանքի անմեռ յոյսը: «Հոս չէ՛ ան. յարութիւն առաւ» յայտարարութիւնը կու գայ վկայելու անդենական կեանքի երաշխիքը, կու գայ հաստատելու Քրիստոսի խոստումը – «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը, ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11. 25):

        Այս կը նշանակէ թէ Գողգոթայէն ու մութ գերեզմանէն անդին կայ հրաշափառ յարութիւն: Աւագ Ուրբաթին կը յաջորդէ Կիրակի օրուան հրաշալի առաւօտը: Մահը վերջակէտ չէ, այլ սոսկ ստորակէտ մը աւելի փառաւոր արարի մը, որ անվերջ ու յաւիտենական է:

       Երկրորդ. Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը ոչ միայն անդենական կեանքի մը յոյսը կը ներշնչէ, այլ նաեւ ամէնօրեայ յաղթական կեանք մը ապրելու երաշխիքը կ’ընծայէ:  Աւելի քան քսան դարերու ընթացքին բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն վկայութիւնը յար եւ նման եղած է Պօղոս Առաքեալի զօրեղ վկայութեան.- «Գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Ա. Կորն. 15. 57):

        Քրիստոսի յարութիւնը հզօր ներգործութիւն ունեցաւ իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն կեանքին մէջ: Քրիստոս այնչափ իրական դարձաւ իրենց կեանքին մէջ որչափ իրենց շնչած օդը իրենց թոքերուն համար: Ո՛չ մէկ բան կրնար բաժնել զիրենք յարուցեալ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած իրենց հաւատքէն եւ սէրէն. ո՛չ հալածանքը, ո՛չ չարչարանքը եւ ո’չ իսկ մահը:

        Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեր մէջ կ’արմատացնէ այն հաւատքը որ կարգ մը աստուածատուր սկզբունքներ որչափ ալ անտեսուին, անարգուին, կոխկրտուին եւ թաղուին՝ ի սպառ չեն կորսուիր, այլ ի վերջոյ կը յաղթանակեն: Թող խաւարամիտ, նենգամիտ եւ անիրաւ մարդիկ ուրանան, հալածեն եւ թաղեն լոյսը, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը, բայց, վաղ թէ ուշ, այս յաւիտենական իրականութիւնները պիտի յաղթանակեն: Թող կեղծաւոր, անգութ եւ անիրաւ փարիսեցիները, քահանայապետերն ու կուսակալները զրպարտեն, հալածեն, խաչեն եւ թաղեն Տէր Յիսուսը, բայց Աստուած մէկդի պիտի գլորէ գերեզմանաքարը ու պիտի յարուցանէ զԱյն:

        Այս օրերուն Ուքրանիայի ժողովուրդը ահաւոր վիճակի մը մատնուած է: Ռուսիոյ բռնակալ նախագահը կը փորձէ Ռուսիոյ հպատակ դարձնել իրեն դրացի Ուքրանիոյ Հանրապետութիւնը: Ան լծուած է անխնայ կոտորածի ու կործանումի արշաւի մը:

        Ամբողջ երկիր մը, ներառեալ իր կէս միլիոն հայկական գաղութին, ենթարկուած է աննկարագրելի բարբարոսութեան մը: Հազարաւոր մարդիկ զոհ դարձած են ռմբակոծումներու, միլիոնաւոր մարդիկ մեծ ու պզտիկ գաղթական դարձած են, քաղաքներ ու կառոյցներ փլատակ դարձած են:

        Անկասկած պիտի գայ այն օրը երբ կեանքի խաւարած «գիշեր»էն յետոյ պիտի ծագի խաղաղութեան արեգակը: Մինչ այդ, սակայն, որպէս քրիստոնեաներ պէտք է մեր աղօթքներով եւ մեր նիւթական նուէրներով օգնութեան ձեռք կարկառենք Ուքրանացի ժողովուրդին եւ մեր գաղթական հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

        Կը հաւատանք որ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը պիտի յաղթանակեն: Կը հաւատանք նաեւ որ հզօր Աստուած իր գահուն վրայ նստած կը շարունակէ գահակալել, եւ պիտի չ’արտօնէ որ մեղաւոր մարդիկ ի սպառ յաղթանակեն: Վերջին խօսքը Յարուցեալ եւ Յաղթական Տիրոջն է: Անոնք որոնք իրն են կրնան հաւատքով եւ յոյսով ապրիլ եւ յաղթականօրէն գոչել՝

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:»

                                                 Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

                                                       Գործադիր Տնօրէն, Հայ Աւետարանական
                                                                 Համաշխարհային Խորհուրդի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ