Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Յաւերժի Ճամբորդ Մը Եւս Տիգրան Թումաճան

Մահագրական

(1945-2022)

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«…գիտցէք որ դեռ կենդանի եմ» (Պ.Դ.)

Մեզմէ բաժնուեցաւ նաեւ Տիգրան Թումաճանը։ Պահ մը շունչ քաշեցէք այս մականունը տալէն ետք։ Թումաճան մականունը ձեզ կը տանի Սեբաստիոյ գաւառի պատմական Կիւրիւն քաղաքը, որուն բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը հայ էր։ Ցեղասպանութեան տարիներուն ցաք ու ցրիւ կ՚ըլլան Թումաճանները, որոնցմէ վերապրողները կը հաստատուին Պոլիս, Միջին Արեւելք եւ ԱՄՆ։  1945-ին ծնած Տիգրան՝ որդին էր Մասաչուսեց հաստատուած Նշան Թումաճանի եւ Լուիզ Աճեմեանի՝ աւանդապահ ՀԱՅ ընտանիք մը վարքով ու փառքով, մանաւանդ հայախօսութեամբ։

1968-ին Նիւ Համփշըրի համալսարանէն ստանալէ ետք Քաղաքական գիտութեանց մէջ BA աստիճանը, 1969-ին անսալով իր նշանաւոր հօրեղբօր («հաբաբըր») ու Կոմիտաս վարդապետի հինգ յատուկ սաներէն ազգագրագէտ, բանահաւաք եւ երաժիշտ Միհրան Թումաճանի թելադրութեանց, կը մեկնի Հայաստան եւ կ՚ուսանի Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) Բանասիրութեան ճիւղի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժանմունքը՝ 1975-ին ստանալով Մագիստրոսի կոչում։ Տիգրան լեզուագէտ էր եւ լեզուաբան, սահուն կերպով կը խօսէր հայերէնի երկու տարբերակները, ի հարկէ կը տիրապետէր անգլերէնին եւ վարժ էր նաեւ ռուսերէնին։

1974-ին Տիգրան կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ իր համալսարանական դասընկերուհին՝ Անահիտ Կարապետեանը, եւ կը բախտաւորուին առջինեկ որդւով՝ Միհրանով, զոր մենք Երեւանի մեր հանրակացարանին մէջ կը կանչէինք՝ Միհրանիկ։ Անահիտ բանասէր եւ երկարամեայ ուսուցչուհի էր Տիթրոյթի ՀԲԸՄ Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան վարժարանէն ներս։ Այս ընթացքին Տիգրան կ՚օգնէր աշակերտական պարբերաթերթի խմբագրութեան, կը մարզէր աշակերտները տարեկան աւանդական ընդհանուր զարգացման մրցումներուն համար, նաեւ…իր օգնութիւնը բերելով պասքեթպոլի խումբի որպէս օգնական մարզիչ։

Յաջորդող տարիներուն մինչ Տիգրան կը ստանձնէ Ուեյնի Նահանգային Համալսարանի (WSU) Հայագիտական Ուսմանց տնօրէնի պաշտօնը, միաժամանակ կ՚ուսուցանէ հայերէն, զուգահեռաբար եւ պարբերաբար Միշիկընի համալսարանէն ներս (Էն Արպըր)։ Տիգրան խանդավառութեամբ կ՚արտայայտուէր իր դասաւանդած բազմաբնոյթ դասընթացքին մասին, որ կը կոչուէր «Նոր հող, հին արմատներ. Գաղթականներու փորձը», ուր կ՚ընդգծէր եւ կը կարեւորէր հայերու, գերմանացիներու, լեհերու, հրեաներու, ռուսերու եւ ուկրաինացիներու փորձառութիւնը նոր երկրին մէջ։ Այս դասընթացքին միջոցով Փրոֆ. Տիգրան Թումաճան միաժամանակ ցոյց կու տար նորահաստատներու բերած զգալի նպաստը ամերիկեան փորձառութենէն ներս։

Այս ընթացքին Տիգրան եւ Անահիտ Թումաճաններու ընտանիքը կը բարգաւաճի նոր անդամներով. կը ծնի երկրորդ որդին Արմէնն ու միակ դուստրը՝ Անին։ Բոլոր Թումաճան զաւակներն ալ կ՚աւարտեն բարձրագոյն համալսարաններ եւ իրենց զգալի նպաստը կը բերեն հայկական եւ ամերիկեան կեանքէն ներս՝ միշտ պահելով Թումաճաններու եւ Կարապետեաններու տոհմիկ ու հիմնարար դաստիարակութիւնը որպէս խարիսխ։

Մեծ եղած է Տիգրանի ծառայութիւնը նաեւ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան մէջ։ Արդարեւ շուրջ երեսուն տարի ան կնոջ՝ Անահիտի կողքին դասաւանդած է հայագիտական առարկաներ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւն։ Համայնքէն ներս յոյժ գործօն անդամ մը եղած է որպէս քարտուղար Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին եւ ՀԲԸՄ Ալեքս Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, ՀԲԸՄ-ի Տեղական վարչութեան, Պոլսահայ Միութեան։ Այս բոլորով հանդերձ չեմ կրնար չյիշել թէ ինք հաւատարիմ համակիր մըն էր  Red Sox-ի եւ Celtics-ի…։

Տիգրան Թումաճան իմ ամենէն մտերիմ ընկերներէս մէկն էր առաջին օրերէն, երբ ան յայտնուեցաւ ԵՊՀ-ի մէջ։ Ան նման չէր իմ ճանչցած «ըմերիքահայերուն»…։ Կը խօսէր դանդաղ եւ ընտրուած բառերով՝ միշտ լիահագագ բացագանչութիւններով։ Կը թուէր թէ միամիտ էր, բայց երբեք։ Ան պարզապէս հասուն երիտասարդ մըն էր անմեղ երախայի պարզամտութեամբ եւ աշխարհին հանդէպ լեցուած բարութեամբ ու ներողամտութեամբ։ Որպէս պատուախնդիր կիւրիւնցի, Տիգրան հօրմէ մը աւելի խնամք տարաւ թուրքին եաթաղանէն փրկուած իր նշխար հօրեղբօրը՝ Միհրան Թումաճանին։ Ան վայրկեանը վայրկեանին կը հետեւէր հօրեղբօր բարօրութեան եւ ազգագրական աշխատանքներուն՝ Երեւանի «Երեւան» պանդոկի առանձնասենեակին մէջ։ Այն պահերուն, երբ  Տիգրան եւ «հաբաբըր» Միհրան կը ճեմէին Երեւանի կեդրոնի փողոցներուն մէջ, մարդիկ կը կենային եւ ջերմ ողջոյններ կը փոխանցէին այս զոյգին, այն աստիճան որ «Հայրիկ» շարժապատկերին մէջ պահիկ մը նուիրուեցաւ նաեւ իրենց։

Այժմ Տիգրանին սիրտն ու հոգին կը գտնուին իր հարազատներուն հետ։ Վստահ եմ ան  նոյնիսկ հոն հոգ կը տանի իր այնքան սիրելի հօրեղբայր-«հաբաբըրին»։  Ինչպէս ատենին Տիգրանենց մանկութեան տունն էր  Նիւ Եորքի արուարձաններէն Washington Heights-ի մէջ, այդպէս եւ այսօր Տիգրանի եւ Անահիտի Միշիկընի Սաութֆիլտի տունը եղած է ու պիտի մնայ տաքուկ հաւաքավայր մը բոլոր Թումաճաններու, հեռու մօտիկ բարեկամներու, ընկերներու եւ համայնքին համար։ Այդ ջերմութենէն եւ հիւրընկալութենէն օգտուած եմ նաեւ ես՝ ինքզինքս գտնելով հարազատ եղբօր մը եւ քրոջ մը յարկին տակ։

Սիրելի՛ Տիգրան, բարեւներս փոխանցէ ձերիններուն։ Քեզ շատ պիտի կարօտնանք, որովհետեւ գիտեմ որ թէեւ շատ հեռու, բայց «միշտ կենդանի ես» դուն։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ