Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Միակ Փրկութիւնը Ազգային Միասնականութիւնն է

Աշխարհի մէջ ընթացող քաղաքական, տնտեսական, մշակութային նոր եւ փոթորկալի գործընթացները անգամ մը եւս հայութիւնը եւ Հայաստանը աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու եւ պարտաւորութիւններու առջեւ կը դնեն:

Յատկապէս տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած սպառնալիքներով պայմանաւորուած, Արցախեան հարցի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, անոր գոյութեան սպառնացող ոչ նպաստաւոր իրադարձութիւնները, մեզմէ կը պահանջեն միասնական ճիգերու առաւելագոյն գերլարում, հաւասարակշռուած քաղաքականութեան եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու մշակում, եւ մեր ազգային շահերու համադրման ճանապարհով տարածաշրջանի խաղաղութեան ապահովում:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հաւատարիմ իր հայրենասիրական կոչումին, առողջ սկզբունքներուն եւ յանուն հայ ժողովուրդի փրկութեան եւ մեր ամբողջական հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան համար տարած նուիրական պայքարին, այսօր եւս, բացառելով Արցախի որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, անշեղ կը մնայ Արցախին զօրավիգ կանգնելու իր առաքելութենէն, իր հիմնական մտասեւեռումը դարձնելով արցախահայութեան անվտանգ ապրելու եւ իր պատմական հայրենիքին մէջ գոյութիւնը պահպանելու իրաւունքի ապահովումը, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան պահպանումը:

Տարակուսանքէ վեր է, որ այսօր, առաւել քան երբեւէ, դարերու ընթացքին հայու արիւնով սրբագործուած մեր հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը մահասփիւռ խորշակներէ զերծ պահելու միակ միջոցը ազգային միասնականութիւն գոյացնելու մէջ է:

Ուստի, ձեւաւորուող նոր աշխարհի այս թոհուբոհին մէջ, որպէս ազգային անվտանգութեան գրաւական եւ փրկութեան ապաւէն, անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղենք բոլորին համախմբուելու Հայաստանի եւ Արցախի շահերու շուրջ, որպէսզի միասնաբար դիմակայենք այս հրատապ սպառնալիքը, ամրապնդենք մեր երկրի եւ պետականութեան կայունութիւնը եւ շարունակենք մեր ժողովուրդի դարաւոր, յաղթական երթը:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

16 Ապրիլ, 2022
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ