Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոտառութեան Երկարատեւ Կորուստը Կրնայ Ուղեղի Վնասուածքի Հետ Կապուած Ըլլալ

Հոտի զգացողութեան կորուստը կամ հոտերու ընկալման խախտումը կը նկատուէր քորոնա ժահրային վարակի հիմնական ախտանիշներէն մէկը համավարակի սկզբնական շրջանին։ Փորձելով հասկնալ COVID-19-ի ժամանակ հոտի զգացողութեան հետ կապուած խնդիրները՝ հետազօտողները նաեւ ուսումնասիրած են ուղեղի ներքին հիւսուածքները:

Բացայայտուած է, որ ժահրով վարակուիլը կապուած է ուղեղի այն մասի վնասման հետ, որ կը վերահսկէ հոտառութիւնը։ Գիտնականները այս եզրակացութեան յանգած են՝ հիմնուելով COVID-19-էն 23 մահացած հիւանդներու ուսումնասիրութեան վրայ, զանոնք բաղդատելով վերահսկիչ խումբի հետ՝ 14 անձէ բաղկացած, որոնք COVID-19-էն չեն մահացած:

«Որոշ պարագաներու «անօքսիք փաթոլոճի»ն ցոյց կու տայ, որ COVID-19-ի պարագային, հոտառական գործունէութեան խանգարումը կրնայ ծանր եւ ընդմիշտ ըլլալ։ Արդիւնքները կը վկայեն, որ COVID-ի հետեւանքով վնասուածքը կրնայ դուրս գալ քիթի խոռոչէն եւ ազդել ուղեղին վրայ։ Մենք կ՛ուզէինք մէկ քայլ առջեւ երթալ, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս COVID-ի վարակը կ՛ազդէ հոտառութեան վրայ»,- գրած է հետազօտութեան գլխաւոր հեղինակ, բժշկական գիտութիւններու տոքթոր, Ճոն Հոփքինզի համալսարանի բժշկական դպրոցի փրոֆ. Չենկ-Ին Հոն:

Ուղեղի, թոքերու եւ այլ օրկաններու յետմահու հիւսուածքէն նմուշներ առնուած են՝ ուսումնասիրութեան համար: Արդիւնքները արեան բջիջներու եւ «աքսոն»ներու (մալուխ, որ «իմփալս»ներ կը փոխանցէ «նիւրոն»ներու միջեւ) մեծ վնասուածք ցոյց տուած են քորոնա ժահրով հիւանդներու ուղեղին մէջ:

Խումբը նաեւ պարզած է, որ «աքսոն»ներու վնասուածքը մօտաւորապէս 60 առ հարիւրով աւելի բացայայտուած է COVID-19-ով հիւանդներու մօտ, մինչդեռ մանրադիտակային արիւնատար անօթներու վնասուածքը այս հիւանդներուն՝ մօտաւորապէս 36 առ հարիւրով աւելի ծանր եղած է:

Գիտնականներու խօսքով՝ որոշ հիւանդներու մօտ «աքսոն»ներու վնասուածքը ցոյց կու տայ, որ COVID-19-ի հետեւանքով յառաջացած հոտի կորուստը կրնայ ծանր եւ անդառնալի ըլլալ:

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ