Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Կը Յիշենք

107  տարի առաջ ապրեցանք արհաւիրք մը, որ կարծես պէտք է դաս, խրատ եւ ուղեցոյց ըլլար մեր ամբողջ ազգի համար։

Այն, ինչ տեսած ենք, ապրած ենք, պէտք է յիշեցնէր մեզ, որ միշտ, ընդմիշտ, յաւիտեան, իրաւունք չունինք, որպէս ազգ, թոյլ տալու նոյն սխալները գործելու  շռայլութիւնը։ Ցեղասպանութիւն ապրած ազգը իրաւունք չունի տկար յիշողութիւն, միամտութիւն, անհոգութիւն  ունենալու եւ ներողամիտ ըլլալ այնքան, որ պատմութեան իրադարձութիւններէն դասեր չքաղէ: Ցեղասպանութիւն ապրած եւ մազապուրծ եղած ազգը պարտաւոր է իր ժառանգական յիշողութեան մէջ կրել այդ ամէնը։ Յիշել, դաստիարակուիլ, քնանալ եւ արթննալ մեր ծինի արժանապատուութեան առջեւ պատասխանատուութիւն կրելով։

Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձաններուն ծաղիկներ խոնարհել, խօսքերով յիշել  եւ պահանջել  չի նշանակեր իսկապէս յիշել եւ պահանջատէր ըլլալ: Պէտք է յիշել մեր ազգանուէր գործերով, ամուր պետութիւն հիմնելով: Գիտութեան, սփորթի, մշակոյթի որեւէ ձեռքբերում, պետականութեան ամրապնդման ուղղուած որեւէ քայլ, զոհերու յիշատակը անմահացնող քայլ է։

Քիչ խօսինք, շատ գործենք։

Քիչ քննադատենք, շատ աշխատինք։

Քիչ բողոքենք, շատ արարենք։

Քիչ կործանենք, շատ ստեղծենք։

Շատ պահանջենք մենք մեզմէ, որպէսզի նաեւ շատ պահանջենք ուրիշներէն:

Չմոռնանք։

Յիշենք։

Յիշենք։

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու անմար յիշատակին խունկ, աղօթք եւ խոնարհում։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ