Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Scripps Research Institute-ի գիտնականները «խելացի» ժամացոյցներու միջոցով գնահատած են մարդու օրկանիզմի արձագանգը քորոնա ժահրային պատուաստներուն: Այս հետազօտութիւնը հրապարակուած է npj Digital Medicine ամսագրին մէջ:
Հետազօտութեան ընթացքին, մասնագէտները վերլուծած են աւելի քան 5600 հիւանդի քունի ընթացքին սրտի կծկումներու յաճախականութեան մասին «սենսըր»ներու տուեալները: Բացայայտուած է, որ պատուաստի առաջին դեղաչափը ստանալէն ետք, սրտի կաթուածներու յաճախականութիւնը զգալիօրէն կը բարձրանայ պատուաստի ստացման յաջորդ օրը։ Պատուաստումէն երկու օր անց, անիկա կը հասնէր իր գագաթնակէտին եւ կը վերադառնար բնական վիճակին՝ առաջին դեղաչափէն չորս օր անց, իսկ երկրորդէն ետք՝ վեց օր անց:
Բացայայտուած է, որ տարբեր պատուաստներ կրնան տարբեր ձեւով ազդել օրկանիզմին վրայ։ Այսպէս, ամէնէն մեծ ազդեցութիւնը նկատուած է երիտասարդներու շրջանակին մէջ՝ Moderna պատուաստի երկրորդ դեղաչափի ներարկումէն ետք։
Գիտնականները նաեւ նկատած են, որ կիներու մօտ աւելի մեծ փոփոխութիւններ նկատուած են հանգիստի ժամանակ, քան տղամարդոց մօտ՝ պատուաստի առաջին դեղաչափէն ետք 5 օրուան ընթացքին: Պարզուած է, որ 40 տարեկանէն վար հիւանդներու մօտ հանգիստի ժամանակ սրտի կծկումներու փոփոխութիւնները աւելի բարձր եղած են, քան տարեց մարդոց մօտ, բայց՝ միայն երկրորդ դեղաչափէն ետք։ Անոնք նոյնպէս նկատած են, որ կիներու մօտ սրտի կծկումներու յաճախականութիւնը աւելի մեծ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուէր հանգիստի ժամանակ, քան տղամարդոց մօտ պատուաստի առաջին դեղաչափէն ետք 5 օրուան ընթացքին:
«Հակառակ որ «ֆիզիոլոճիքըլ» արձագանգի եւ դիմադրողական պատասխանի միջեւ կապը տակաւին պէտք է ուսումնասիրուի, թուային դիտարկումը կրնայ նոր միջոց տրամադրել մարդոց յայտնաբերելու համար, թէ որո՞նք ի վիճակի չեն համապատասխան ձեւով տանելու պատուաստումները»,- նշած է հետազօտութեան հեղինակ տոքթոր Սթիվըն Սթեյնհուպլ:
Afhil.com