Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընկ. Սիլվա Տ. Նազարեանի Յիշատակին Ոգեկոչման Հաւաք

ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն կը տեսնէին զինք՝ Սիլվիան, այդ նրբամարմին, յուշիկ ու բոլորին հեզօրէն բարեւող մեր ոչ-հայ կուսակցական ընկերուհին։ Ան գրեթէ միշտ ներկայ կ՚ըլլար մեր պատուական ընկերոջ, ՌԱԿ-ի երկարամեայ անդամ եւ բազմակի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Նազարեանի կողակիցը։

– Ճիշդ է որ շատ բան չէի հասկնար, բայց Յակոբին կողքին պէտք է ըլլամ ու թիկունք կենամ իրենց,- պատասխաներ հետաքրքրուողներուն։

Պահպանողական ազնիւ ամերիկացի ընտանիքի մը դուստրն էր Սիլվիան, որուն անձին մէջ համերաշխօրէն կ՚ապրէին արուեստագէտն ու մայրը, նուիրեալ կողակիցն ու բարեհամբոյր կինը։ Սիլվիան մեզմէ հեռացաւ 22 Փետրուար 2022-ին խոր վիշտի մէջ թողլով իր ամուսինը, զինք ճանչցող հայ եւ ոչ-հայ հարազատներն ու բարեկամները՝

10 Ապրիլին Ընկ. Յակոբ Նազարեան փափաքած էր յաւուր պատշաճի ոգեկոչել վաթսուն տարուայ իր կեանքի ընկերոջ կեանքի ոգեկոչման արարողութիւնը (Life Celebration) Թորանս քաղաքի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ։ Ներկայ էին դուստրն ու որդին՝ ժամանած տարբեր նահանգներէ, իր պատկանած եկեղեցւոյ անդամներ եւ հոգեւոր հայրեր։ Ներկայ էինք նաեւ մենք՝ Յ. Նազարեանի կուսակցական ընկերները եւ մօտիկ հարազատները։

Պէտք է ըսեմ, որ ոգեկոչման տիպար արարողութիւն մըն էր, որուն նմաններուն գրեթէ չենք հանդիպիր հայկական մեր միջավայրին մէջ՝ զուսպ, բովանդակալից, ամէն մանրամասնութիւն հաշուի առնուած՝ սրտի խօսք, հոգեւոր արարողութիւն, «հոգեճաշի» սպասարկութիւն…։ Ս. Յակոբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ, Արժ.  Տ. Յարութիւն Քահ. Թաշըճեան ձեռնհասօրէն երկու լեզուով կատարեց մեր եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած ծէսը եւ ըսաւ իր սրտի խօսքը։ Սրտառուչ խօսքեր եւ յիշատակներ պատմեցին դուստրը՝ Անին եւ որդին՝ Կրեկը՝ միշտ ընդգծելով իրենց մօր քաղաքացիի եւ հաւատացեալի բարձր յատկանիշները։ Չկար լացակումացութիւն, այլ կար քաղցր յուշապատումներու միջոցով իրենց իտէալական մօր կերպարի ներկայացում։ Անոնք յատկապէս անդրադարձան իրենց մօր բծախնդիր եւ մայրական հոգատարութեան արժանիքներուն, որոնց շնորհիւ դարձան յաջող քաղաքացիներ եւ արհեստավարժ մարդիկ իրենց ասպարէզներուն մէջ։

ՌԱԿ-ի կողմէ խօսք առաւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան՝ անգլերէն լեզուով։ Ան դրուատեց Սիլվիայի հաւատարիմ կուսակցականի յատկանիշները, որոնք երբեմն թերի են մեր ընկերներու մօտ։ Տպաւորիչ էին Աւետարական եկեղեցւոյ պատուելի հայրերու բնորոշումները։ King’s Harbor եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Տէն Պրէտֆորտ եւ յուզմունքով արտայայտուեցաւ Աւետարանի հետեւող իր ծուխի անդամուհի՝ Սիլվիայի հոգատար եւ իսկական հաւատացեալին յատուկ նուիրուածութեան մասին։

Յայտագրին մէջ ամենէն յուզիչ պահերէն էր Ընկ. Սիլվիա Նազարեանի կեանքի դրուագներուն ցուցադրութիւնը, ուր մենք զինք տեսանք որպէս մանկամարդ օրիորդ, համալսարանական, երաժիշտ եւ ժամանակակից տպաւորապաշտ նկարչուհի, հարս, երեխաներու մայր եւ այլ դրուագներ։

Ի հարկէ մեր աւագ ընկեր Յակոբ Նազարեանի համար ծանր էր կորսնցնել վեց տասնամեակի իր հարազատը, երեխաներու մայրը եւ ընկերը, որուն հանդիպած էր 1960-ականներուն Պաթլըր համալսարանի նուագախումբին մէջ, ուր կը մասնակցէին որպէս ջութակահարներ։

– Մեր երիտասարդութեան շրջանին սկսած բարեկամութիւնը ի վերջոյ վերածուեցաւ փոխադարձ վստահութեան եւ յանձնառութեան՝ խոստում տալով իրարու կազմել ընտանիք.- ըսաւ Յ. Նազարեան, ապա թեթեւակի յուզմունքով շարունակեց,- Սիլվիան սիրող կողակից մը դարձաւ ինծի եւ հաւատարիմ ու նուիրեալ քրիստոնեայ տիպար կին մը եւ մայր մը։ Ան միշտ կեցաւ իմ կողքիս թէ՛ իմ մասնագիտութեան եւ թէ՛ ազգային-հասարակական կեանքիս մէջ։ Սիլվիան 2005-ին 25 տարուան կուսակցական ծառայութեան համար արժանացաւ «ՌԱԿ Վաստակաւոր Անդամ»ի վկայագրին։

Կը շնորհաւորենք մեր ընկերներէն Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեանի՝ օրուան խորհուրդը արտայայտող մեներգը՝ գրուած Վ. Թէքէեանի խօսքերով («Ո՜վ Աստուած»). տպաւորիչ էր նաեւ օրուան հանդիսավար ՏիարՎիգէն Պետեանը, որ այնքան արհեստավարժօրէն ղեկավարեց այս հոգեպարար արարողութիւնը։

«Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի»։

Մ. Գ.
Լոս Անճելըս
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ