Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազէզէն Ամերիկա

ՅՈՎՀԱՆՆԷԱ ԽՈՍՏԵՂԵԱՆ

Չորս կիրակիներ առաջ Տէր Դաւիթ Սուրբ Վարդան Վարժարանի ուսուցչարանի մուտքին իմացուց որ հանդիպէի իրեն նախ քան տուն վերադառնալս: Երբ գացի տեսնելու Տէր Հայրը, Հարցուց եթէ կը փափաքէի հայերէն ներկայացումը ընել Զարմինէ Պօղոսեանի Ազէզէն Ամերիկա հատորին հրատարակութիւնը պատուելու համար Առաջնորդարանին հովանաւորելիք շնորհանդէսին:

Սիրելի Զարմինէ, անգլերէնէն փոխառեալ բացատրութեամբ, ինչպէս կ’ըսուի, “երկու անգամ չմտածեցի…” հաւանութիւնս տալու եւ գլուխս այս Աւետարանին տակ դնելու:

Հայերէն, Գիրք, Զարմինէ, Դպրոց, Պօղոսեան, Մանկավարժ, Առաջնորդարան… աստղերու այս նոյնածիր հանդիպումը ուրիշ անգամ ե՞րբ կրնայ ըլլալ…

Սիրելի բարեկամներ, կը խնդրեմ բարձրայօնք պերճաբանութիւն մի՛ համարիք, ոչ ալ օդերէն թռչող գրական ծեքծեքուն սեթեւեթանք եթէ համեմատութիւն մը փորձեմ դնել Գրիգոր Նարեկացիի եւ հայերէն լեզուով գրուող որեւէ գիրքի միջեւ:

Մատեան Ողբերգութեան ՀԲ Բանին մէջ, Նարեկի վանականը խօսքը կ’ուղղէ եղբայրակից միանձներուն՝ գրելով “Կ՛ըսեմ ձեզի, որոնց նուիրեցի խորտիկներու նման խօսքերու այս սեղանը, առէք այս խոստովանութեան աւանդը ձեր հոգիներուն փրկութիւնը շինելու համար” (ՀԲ, ա):

Դարձեալ, Յիշատակարանին մէջ Գրիգոր կը խնդրէ անոնցմէ որ “պիտի ճաշակեն ախորժահամ եւ առատօրէն պատրաստուած այս սեղանէն” յիշատակել զինք եւ իր եղբայրը Յովհաննէս:

Ազէզէն Ամերիկա հատորը, ինչպէս որեւէ մեսրոպատառ թերթիկ կամ թուղթի կտոր, ախորժահամ խորտիկներու նարեկեան սեղան է, որմէ ճաշակողներուս կ’իյնայ պարտականութիւնը գործելու մեր հայերէն լեզուին փրկութիւնը, տօնելու մեր ինքնութիւնը սահմանող այս հզօր լեզուին հազարամեայ կեանքը, երգելու անոր համեղ բառերով, աղօթելու անոր խնկաբոյր խօսքերով, ինչպէս նաեւ յիշատակելու այդ ոսկեղնիկ պատառիկներուն հեղինակները:

Եւ ահաւասիկ, այս երեկոն թող համարուի այդպիսի տօն, թող ըլլայ այդպիսի երգ, թող բարձրանայ որպէս այդպիսի աղօթք, ըլլայ նաեւ յիշատակի արժանավայել ձօն քեզի, սիրելի Զարմինէ. այդ մեսրոպակիր մատներուդ հպումով թող շարունակեն ծնիլ նոր Սանդուխտներ, թող ստեղծուին կաշմբուռն նոր Հայկեր, գետնին գամելու մեր ինքնութեան դէմ ծառացող ամէն Բել, ամէն պարսիկ, ամէն հոռոմ-բիւզանդացի, ամէն արաբ, ամէն թուրք…

Ազէզէն Ամերիկա օրագրութիւնն է հոգիի մը, որ քաջ գիտակից է իր ինքնութեան, հա՛յու ինքնութեան, եւ յաջորդ սերունդները այդ հայու ինքնութեամբ կոփելու գերմարդկային գուպարին ասպարէզէն նոր քաշուած է: Այս օրագրութիւնը Բանաստեղծին երգած թռիչքն է Զարմինէի մտքին ու հոգիին՝ դէպի հայրենի տունը, իր ինքնութեան կարկաչահոս աղբիւրը, դէպի այն ակութը, որուն ջերմութեամբ հասակ առեր էր, իր օրին տալու լեցուն կշիռով, թաթաղուն չափով, ատոք հասկերով:  

Երբ ստացայ օրինակ մը, զոր Զարմինէ ազնուօրէն մակագրած էր, կարդացի զայն իսկ եւ իսկ: Մոռցայ անգամ ազդելու իրեն որ ստացեր էի. երբ իրմէ նօթ մը հասաւ՝ իմանալու եթէ ստացեր էի գիրքը, թէ արդեօք սխալ հասցէով ղրկած էր զայն, ուրախ էի ըսելու, որ արդէն երրորդ ընթերցում ընթացքին մէջ էի… Նախ կարդացի գիրքը այնպէս ինչպէս դասաւորուած է. երկրորդ անգամ կարդացի զայն ցուցակելով այն անձերը որ ես ալ կը ճանչնայի. երրորդ ընթերցումս կը մղուէր աւելի վերլուծական հետաքրքրութենէ. գրութիւնները ժամանակագրականօրէն դասաւորեցի եւ սկսայ կարդալ անցեալէն դէպի ներկան… գտնելու այդ էջերուն մէջ բաբախող կշռոյթին բուն մղիչը. ի՞նչ էր որ ոյժ տուած էր եւ կու տար հեղինակին կատարելու իր գործը. ուսկի՞ց կը քաղէր ան յարատեւութիւնը դաստիարակի իր կոչման մէջ. ի՞նչպէս կարողացած էր ան հաշտեցնել ընտանիքի մօր եւ մասնագէտ մանկավարժի պահանջները… որպէսզի ես ալ կարողանայի այդ խորտիկներուն համեղ պատառներով սնունդ տալ մեր հայու ինքնութիւնը կառուցելու եւ ամուր պահելու գործին: Տեսայ այդ էջերուն մէջ նախ եւ առաջ ինքնութեան հզօր կազմ մը, օր առ օր կերտուած հայ դպրոցին սրբազան պատերէն ներս: Տեսայ Սէրը մեր պատմութեան հանդէպ, մեր լեզուին հանդէպ որ կը կերպաւորէ մեր ինքնութիւնը:

Երկրորդ ծնունդ մը—նոյնքան կարեւոր որքան բնախօսական ծնունդը—որմէ պիտի յառաջ գայ մեր հայու ինքնութիւնը: Ո՞րքան կարող ենք զարգացնել այս փոխարկութիւնը մեր բնական մարդէն դէպի հայ մարդը…այդ հրաշալի այլակերպութիւնը մանուկէն մինչեւ սքանչելի Հայը՝ նման հարսնուկէն մինչեւ գեղեցիկ թիթեռը: Տեսայ այդ էջերուն մէջ նուիրեալ դաստիարակներու անուրանալի դերը այդ ամուր ինքնութիւնը բիւրեղացնելու գործին մէջ, նման դայիակներու՝ երկրորդ այս ծնունդին: Տեսայ այդտեղ Եկեղեցիին եւ Ծնողներուն խոր ազդեցութիւնը հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին դերը բարձր եւ վեհ պահելուն մէջ: Տեսայ այդ տողերուն մէջ ջարդերէն վերապրած սերունդին ամեհի գուպարը կորզելու բնաջնջում անդունդն ինկող ամէն աղօթքի շարական, Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարին ծնունդ ամէն մէկ գիր, իւրաքանչիւր փշուր հայու մեր մշակութային գանձերուն՝ մերժելով որբանալ եւ կորսուիլ սուգի եւ դառն չքաւորութեան այդ օրերուն:

Փշուրներ, որոնք կ’իյնային այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ եւ զարգացած երկիրներու Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին ուրիշ տեսակ խնճոյքի մը սեղանէն…

Ազէզէն Ամերիկա Զարմինէ Պօղոսեանի հրաւէրն է մեր հայու կեանքին եւ յիշատակներուն հրեղէն քուրայով ձուլելու մենք զմեզ ընտիր պողպատ, որպէսզի դիմակալենք մեր ինքնութեան սպառնացող ամէն վտանգ, մանաւանդ անոնք որ մեր վհատութիւններէն կամ անյաջողութիւններէն կը բղխին: Սրբազան Հայր, հոգեւոր հայրեր, մեծարգոյ Հիւրեր եւ բարեկամներ, Մաղթանքս է որ Ազէզէն բայց նաեւ այն հազարաւոր գաղթակայաններուն, որբանոցներուն, վրանաքաղաքներուն բոց ո հուր երկունքէն վերածնած մեր հզօր ինքնութիւնը յաւերժ բարձրանայ Աստուծոյ ստեղծած մեր երկնակամարին վրայ Վահագնի երկնասլաց ճանապարհով եւ չըլլայ երբեք որ մեր ուսուցիչներուն, մայրերուն եւ հայրերուն անձնուէր գործով վերածնած հրաշալի հայ ինքնութիւնը խորտակուի “Ամերիկա”ի բարօրութեան եւ անհոգ առատութեան խաբեպատիր վստահութեան մէջ:

Մաղթանքս է որ մեր ինքնութեան սպառնացող մշակութային թէպէտեւ հզօր արգելքները, գուցէ նաեւ դիւրին եւ աժան լուծումներու հրապուրող յուշկապարիկները, չշեղեն զմեզ հեռանալու մեր յաւերժութեան ակունքներէն դէպի աներկբայ կորուստ եւ որբութիւն:

Մաղթանքս է որ չհրաժարինք մեր դէպի տուն ոդիսական նաւորդութեան էութիւնն իսկ կազմող Մասիսներու հազարամեայ ալեհեր կատարներէն՝ եւ մեր աչքերը սեւեռենք անցնող հազիւ թէ հարիւր եւ քանի մը տարիներու կամարին վրայ առկայծեալ պատրոյգներու, ի վերջոյ անհետ կորելու որբ օտարութեան մը կուտակուող ալիքներուն մէջ:

Մաղթանքս է որ մեր ինքնութենէն զրկուած որբեր չդառնանք:

*Ներկայացուած՝ Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 27, 2022-ին  Նիւ Եքորքի Ս․Վարդան Մայր Տաճարի Գաւուգճեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հեղինակը մեծարող երեկոյեան։
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ