Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Լեհական Դիւանագիտութեան Երեք Տասնամեակներու Կենսափորձը 1992 – 2022

Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի Collegium Maius թանգարանի մուտքին

Նկարը յօժարութեամբ տրամադրուած է՝ Վիգէն Երեմեանի դիմատետրի արխիւէն

ԴՈԿՏ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի դարաւոր Եակելոնեան համալսարանի Collegium Maius թանգարանի տնօրէն, լեահահայոց պատմութեան մասնագէտ, լեհ պատմաբան Փրօֆ․ Քշիշթոֆ Սթոփքայի անդրադարձը շատ արագ եղաւ, երբ Լեհաստանի մէջ, մեծ հեղինակութիւն վայելող Արուեստի եւ գիտութիւններու Ակադեմիայի (PAU) հովանաւորութեամբ ծրագրուած՝ Լեհաստանի եւ ՀՀ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած առցանց քննախօսութեան (Debate) նախաձեռնութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ։

Պատճառը այն էր, որ Վարշաւայի մէջ ազերի դեսապանուհին՝ Նարկիզ Կուրպանովայ ունեցած է խիստ միջամտութիւն մը։ Դեսպանուհին կանխամտածուած  չարամիտ ժրաջանութեամբ Քրաքովի գիտութեան եւ արուեստներու ակադեմիայի տնօրէնին Փրօֆ․ Եան Օստրովսքիին մատուցած իր այցելութեամբ կարողացած էր խոչընդոտել եւ դադրեցնել վերոյիշեալ ակադեմիայի հովանաւորութեամբ Լեհաստանի եւ Հայաստանի միջեւ  դիւանագիտական կապերու 30-ամեակի նուիրուած քննախօսութեան նախաձեռնութիւնը, ուստի ակադեմիայի տնօրէնը դեսպանուհիին միջամտութենէն սարասափած, չեղեալ համարած է ակադեմիայի հովանաւորութեամբ նման նախաձեռնութիւն մը կազմակերպելը, բացատրելով որ քաղաքական բանավէճերու բեմ չէ այս գիտական լուրջ կառոյցին նպատակը։

Բարձր գնահատանքի արժանի է Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի Collegium Maius թանգարանի տնօրէն՝ Փրօֆ․ Ք․ Սթոփքան, որուն հովանաւորութեամբ 25 Փետրուար 2022 թուին թանգարանի կամարներուն տակ, տեղի ունեցաւ հիւրընկալուած լեհ դեսպաններու բազմիմաստ շուրջ երեք ժամնոց քննախօսութիւնը ի հեճուկս ազերի դեսպանուհիին անհաճոյ միջամտութեան։ Ինչպէս ուրիշներ, ես ալ իբրեւ հրաւիրեալ առիթը ունեցայ նաեւ առցանց մասնակցելու այս խիստ շահեկան ձեռնարկին։

Այս նախաձեռնութիւնը հերթական յաջորդ մէկ օղակը եղաւ «Խօսինք Հայստանի մասին» հանրային գիտական քննարկումներու շարքին, որ սկսած էր 2014 թուականին լեահահայոց պատմութեան մասնագէտներ, լեհ պատմաբաններ՝ Փրօֆ․ Քշիշթով Սթոփքայի եւ Փրօֆ․ Անտժէյ Ժիէնպայի կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ։

Պէտք է յիշել, որ «Խօսինք Հայաստանի մասին» քննարկումներու շարքին անդրանիկ նիստը տեղի ունեցած էր 6 Յունիս 2014 թուին Collegium Maius գրադարանի մեծաշուք դահլիճին մէջ «Սումկայիթ եւ Խոջալի» վերնագրով, ուր ազերի դեսպանը պաշտօնապէս հրաւիրուած ըլլալուն հակառակ, ներկայ չգտնուեցաւ սոյն նիստին։ Յաջորդ նիստը եղած էր «Հարաւային Կովկասի, Ուքրաինայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը» վերնագրով 12 դեկտեմբեր 2014 թուին դարձեալ ի հեճուկս ազէրիական բոլոր տեսակի եւ աննախադէպ ճնշումներուն եւ բուռն խոչընդոտներուն, որոնք կը ղեկավարուէին նախորդ ազերի դեսպան՝ Հասան Հասանովի կողմէ ։

Լեհաստանի եւ ՀՀ դիւանագիտական կապերու 30-ամեակի նուիրուած եզակի քննարկումի այս նախաձեռնութեան նպատակն էր հիւրնկալել ՀՀ մէջ դեսպանական ծառայութիւն ունեցած նախկին լեհ դեսպանները։ Զրուցել անոնց հետ, տեսակետներ փոխանակել, քննարկել յարաբերութիւններու դիւանագիտական պարունակը, առարկայական քաղաքական  գնահատականը, թէ ինչպէս Երեւանի մէջ ծառայած լեհ դեսպանները կը գնահատեն Լեհ-հայկական յարաբերութիւններու անցած երեք տասնամեակները, կը փորձեն պատասխանել նաեւ, թէ այսօր կարո՞ղ ենք արդեօք խօսիլ կայուն գործընկերութեան մասին, կամ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են աշխարհաքաղաքական եւ միջազգային իրավիճակիները այդ կապերու վրայ։ Գոհացուցի՞չ եւ դրակա՞ն էին արդեօք երկու պետութիւններուն յարաբերութիւնները, զիրար ճանչնալու փոխըմբռնումը, հայ եւ լեհ երկու ժողովուրդներու իրատեսական ընկալումը, մշակութային եւ տնտեսական համագործակցութիւնը եւ մանաւանդ առաջին հերթին  մարդկային ընթացիկ յարաբերութիւններու հասկացողութիւնը։ Օրուայ զրուցավարներն էին Եակելոնեան համալսարանի դասախօսներ եւ հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գիտաշխատողներ՝ Փրօֆ․ Անտժէյ Ժիէնպան եւ պատմաբան դոկտ․ Եագուպ Օշեցքին։ Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հիմնարկը, որ կը գործէ Սեպտեմբեր 2019 թուականէն կը համարուի Լեհաստանի Արուեստի եւ գիտութիւններու Ակադեմիայի (PAU) ի մէկ ստորաբաժանումը (1)։

Ծանօթ է նաեւ, որ հայ եւ լեհ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները ունին առ նուազն եօթը երկար դարերու հարուստ պատմութիւն մը։ 2017 թուին Լեհահայ համայնքը պետական թէ համայնքային մակարդակներով եւ պատշաճ հանդիսութիւններով յիշատակեց լեհահայ դարաւոր սփիւռքի կազմաւորման 650 ամեակը։ Սակայն միջպետական պաշտօնական մակարդակով յարաբերութիւնները հաստատուած են 26 փետրուար 1992 թուականին։ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Րաֆֆի Հովհաննիսեանի եւ Լեհաստանի Հանրապետութեան արտագին գործոց նախարար Քշիշթոֆ Սկուպիշեվսքիի ստորագրած փաստաթուղթի հիման վրայ, որ խթան հանդիսացաւ ամրապնդելու քաղաքական եւ մշակութային յարաբերութիւնները։

Կարելի է հակիրճ ակնարկով մը նաեւ անդրադառնալ, թէ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը հիմնադրուած է 20 ապրիլ 1998 թուականին։ Վարշաւայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպանի պաշտօններ վարած են Աշոտ Հովակիմեան (1999-2006), Աշոտ Գալոեան (2006 – յունուար 2014), Էդգար Ղազարեան (Հոկտեմբեր 2014 – Նոյեմբեր 2018),  եւ դեկտեմբեր 2018 էն ի վեր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը ։ Այս նախաձեռնութեան վերոյիշեալ հայ դեսպաններէն, առցանց իր մասնակցութիւնը ունեցաւ նախկին դեսպան Էդգար Ղազարեան, անոր շրջանը կը յատկանշուի հայանպաստ եւ ժրաջան գործունէութեամբ։ Օրինակի համար, կարելի է յիշել որ միայն հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին 2015 թուին, իր ջանքերով եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած են աւելի քան 92 միջոցառում Լեհաստանի 26 քաղաքներու մէջ։

Իսկ Երեւանի մէջ Լեհաստանի դեսպանութիւնը հիմնուած է 2001 թուին։ Գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար նշանակուած է Բիօթր Իվաշքեվիչը (2001-2003) Chargé d’affaires։ ՀՀ մէջ Լեհաստանի դիւանագիտութիւնը ղեկավարած են լեհ դեսպաններ՝ Վիքթոր Ռոս (2003–2004), դոկտ․ Թոմաշ Քնոթէ (2004–2009), Զճիսուավ Ռաչինսքի (2010–2014), դոկտ․ Եժի Մարեք Նովաքովսքի (2014–2017), իսկ փետրուար 2018 թուականէն՝ Բավէու Չեբլաք։ 30 ամեակի նուիրուած յիշեալ նախաձեռնութեան կը մասնակցէին վերեւ յիշուած դեսապանները բացի վերջինէն։

Որոշակի մշակութային եւ  ընկերային մասնակցութիւններ ունեցած են նաեւ յիշեալ կարգ մը դեսպաններու տիկինները։ Յիշատակութեան արժանի են Աննա Մարիա Քնոթէն, որպէս լեհերէն լեզուի ուսուցչուհի Երեւանի Վալերի Պրուսովի անուան պետական համալսարանին մէջ եւ մանաւանդ տաղանդաւոր բեմադրիչ՝ Եատվիկա Նովաքովսքան։ Արցախին ու արցախահայութեան գոյապայքարին նուիրուած իր «Պատերազմի եւ Երազներու երկիր» եզակի շարժապատկերով, որուն բեմագրողն ու բեմադրիչն է Ե․ Նովաքովսքան (2) ։

Արժէ մէջբերել լեհ դեսպաններու կողմէ ընդգծուած վկայութիւններէն, որոնք հնչեցին 30 ամեակի նուիրուած 25 Փետրուար 2022 թուին եզակի նախաձեռնութեան ընթացքին, իբրեւ դիւանագիտական որոշ հաստատումներ։

  • Դեսպան Զ․ Ռաչինսքին յիշեց թէ տեղեակ էր, որ Լեհաստանի եւ ՀՀ երկկողմանի յարաբերությունները ունին իրենց յստակ սահմանափակումները: Հայաստանի համար հիմնական էին՝ նախ ապահովել ՀՀ անվտանգութիւնը, ապա սահմաններու կայունութիւնը եւ Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գերխնդիրը։ Զ․ Ռաչինսքին հաստատեց, որ յիշուած առանցքային քաղաքական առաջադրանքներէն ոչ մէկուն մէջ, Լեհաստանը չկարողացաւ օգնել Հայաստանին։ Փորձեցինք տնտեսական սերտ յարաբերութիւններ հաստատել, սակայն քանի մը տարի ետք այդ համագործակցութիւնը ցաւոք հնարաւոր չեղաւ շարունակել։
  • Պատմաբան, լրագրող, դիւանագէտ եւ դեսպան Եժի Մարեք Նովաքովսքին ուշադրութեան հրաւիրեց այն փաստը, որ 2015 թուականէն ի վեր լեհական դիւանագիտութիւնը բազմաթիւ սխալներ ունեցած է Երեւանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ, անոնցմէ մէկն էր 2015 թուին Լեհաստանի նախագահ Պրօնիսուավ Քոմորովսքիի՝ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջազգային ոգեկոչումի արարողութեան անբացատրելի բացակայութիւնը: Որմէ ետք կարելի է խօսիլ թիւրիմացութիւններով եւ աւելի պաղ երկկողմանի Երեւան – Վարշաւայի յարաբերութիւններու մասին։ Դեսպան Ե․Մ․ Նովաքովսքին ցայտուն կերպով շեշտադրեց այն իրականութիւնը, որ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անիրաւ ընկալումներու վարմունք ունեցած էր, ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ընդհանրապէս ՀՀ նկատմաբ։ Նկատելով ՀՀ-ը որպէս Ռուսաստանի հաւաստի դաշնակից, իրականութիւն մը, որ զգալիօրէն նուազեցուց երկկողմ քաղաքական մակարդակի փոխըմռնումը։ Պէտք էր այդ մէկը Լեհաստանի ԱԳ նախարարութեան կողմէ ընկալուեր որպէս ՀՀ անվտանգութիւնը ապահովող այլընտրանքային երաշխիք։ Լեհաստանի ԱԳ  նախարարութիւնը չէր կրցած հասկնալ եւ կամ պատշաճ կերպով յարգել ՀՀ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի մարտահրաւէրներու նրբութիւնը, որուն յաջորդեց տնտեսական յարաբերութիւններու թուլացումը։
  • Դեսպան՝ Ե․Մ․ Նովաքովսքին մեկնաբանեց նաեւ որ Լեհաստանը հարաւային Կովկասի մէջ ընկալուած էր  որպէս քաղաքական դրական փոփոխութիւններու տիպար մը։ Լեհաստանը 12 Մարտ 1998 թուականին արդէն դարձած էր NATO ի անդամ, իսկ 1. Մայիս․2004 թուականին ԵՄ անդամ երկիր եւ կը համարուէր կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի տնտեսապէս ամէնէն աշխոյժ զարգացող երկիրը։ Այդ Ժամանակամիջոցին մենք պէտք էր խրախուսէինք եւ ներգրաւէինք Հայաստանը։ Իրականութեան մէջ մենք իբրեւ ԵՄ անդամ կամ ընդհանրապէս իբրեւ ԵՄ, յստակ հեռանկար մը, կամ քաղաքական դիրքորոշում մը չունէինք ՀՀ կամ ընդհանրապէս հարաւային կովկասի նկատմամբ, մենք հոս թերացած ենք մեր ապագայի ծրագիրներուն մէջ։ Դեսպան Նովաքովսքին ինքնահարցադրում մը կատարեց ըսելով՝ արդեօք մենք կրնայի՞նք աւելի իրազեկ դարձնել կամ աւելի խոր վելուծումներով աջակցիլ մեր լեհ հայրենակից դեսպան Անտժէյ Քասփրչիքի առաքելութեան։ (Պէտք է յիշել որ լեհ  դիւանագէտ Անտժէյ Քասփրչիք, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (ԵԱՀԿ)ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչն է, եւ 1997 թուականէն ի վեր իր առաքելութիւնը կը կատարէ աջակցելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներու խումբին, Ղարաբաղի մէջ հրադադարը պահպանելու, եւ ԵԱՀԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւնը իրականացնելու գործին մէջ – ԱՍ)։ Դեսպան Ե․Մ․  Նովաքովսքին իր ինքնահարցադրումը շարունակեց ըսելով՝ բայց ՀՀ-ը Մոսկուայի հետ իր  կառչածութենէն անդին ի՞նչու այլընտրանքային քաղաքական տարբերակներ չքննարկեց, օրինակ՝ դէպի արեւմուտք կամ ԱՄՆ։
  • Դեսպաններ Ե․Մ․ Նովաքովսքին եւ Զ․ Ռաչինսքին համաձայն էին, որ 30 տարուայ ընթացքին մեր յարաբերութիւններուն թերութիւնը այն է, որ հիմնականօրէն մեր մօտ բացակայ էին երկարատեւ գործընկերութիւններու մշակուած ծրագիրները, մենք չկրցանք յստակ տարողութեամբ համագործակցութեան եւ փոխվստահելի գործընկերութեան եւ բարեփոխութիւններու մակարդակներ մշակել եւ պահպանել ։

Հայ լեհական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակի առիթով յաջորդ նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ 26.փետրուար․2022 թուին։ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատունը ընդունելութիւն մը կազամակերպած էր, ուր հրաւիրուած էին Լեհաստանի մէջ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի որոշ միութիւններէն կարգ մը հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի կառավարութեան ազգային եւ փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովի հայկական փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ՝ Պոկտան Գասբրովիչը եւ Լեհահայոց հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Տարօն վրդ․ Ղուլիկեանը։ Ողջունելով հիւրերը ՀՀ դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեան իր խօսքին մէջ յիշած է, որ յարաբերութիւններու հաստատումը, դիւանագիտական կապերու նոր որակի մը հասցուցած է լեհ հայկական պետական մակարդակը։ Կարեւորած է նաեւ, այդ յարաբերութիւններու մշտատեւ զարգացումի անհրաժեշտութիւնը։

Յաջորդ նախաձեռնութիւնը եղաւ, Վարշաւայի ՀՀ դեսպանատան եւ Վրօցլաւ քաղաքի Համալսարանի համագործակցութեամբ եւ նոյն համալսարանի գիտաշխատող՝ «Ազգագրութեան եւ Մշակութային Մարդաբանութեան» ամպիոնի դասախօս Փրօֆ․ Կժեկոժ Բէուչինսքիի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ 7. Ապրիլ. 2022 թուին 30-ամեակի նուիրուած գիտական դասախօսութիւններու յայտագիրը, Վրոցլաւի դարաւոր համալսարանի շքեղ սրահին մէջ։ Օրուան գիտական յայտագիրը իր որակով եւ բովանդակութեամբ տարբեր էր նախորդ նախաձեռնութիւններու բնոյթէն։ Փրօֆ․ Կ․ Բէուչինսքի հեղինակ է զանազան ուսումնասիրութիւններու, գիրքերու եւ մանաւանդ երեւելի անուն մըն է լեհահայոց մշակութային եւ ազգաբանական հարցերու իր հետազօտութիւններով, ուստի 30-ամեակի նուիրուած այս առիթը իմաստաւորուեցաւ մասնագիտական յատուկ հիմքով, ուր Լեհաստանի զանազան համալսարաններէն ժամանած գիտաշխատողներ դասախօսութիւններու ընդմեջէն, ներկայացուցին օրուայ խորհուրդը։ Ուսանողներէ բաղկացած ստուար ներկայութիւն մը հետեւեցաւ այս եզակի յայտագրին։ Փրօֆ․ Կ․ Բէուչինսքիի բացման եւ իմաստալից ներածական խօսքէն ետք, ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը անգլերէնով յղեց իր սրտի խօսքը հաստատելով, որ 30-ամեայ երկկողմ յարաբերութիւնները կ՛արտացոլեն երկու անկախ պետութիւններու դիւանագիտական համագործակցութեան կարեւորութիւնը, յոյս յայտնելով նաեւ, որ ապագային համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնի։

Օրուայ առաջին դասախօսն էր լրագրող, հրապարակախօս Վիթոլտ Ռէբէթովիչը, «Հայաստանը՝ Ռուսաստանի եւ ժողովրդավարական աշխարհի միջեւ՝ աշխարհաքաղաքական այլընտրանք» վերնագրով։ Պէտք է յայտնել, որ Վ․  Ռէբէթովիչը եղած է Արցախ 27.սեպտեմբեր․2020 թուականի պատերազմէն առաջ, իսկ 44 օր տեւած պատերազմի ընթացքին միակ լեհ ռազմական լրագրողն էր, որ գտնուած էր հակամարտութեան շրջաններուն մէջ։ Հետեւողական իր լրատւութիւններով ներկայացուցած էր պատերազմի կացութեան իրականութիւնը։ Պատերազմի ընթացքին տեղւոյն վրայ հարցազրոյցներ եւ նկարահանում կատարած էր։ Լեհաստան վերադառնալէն ետք, հայանպաստ արտայայտութիւններով, ասուլիսներով, յօդուածներով եւ հանրային հարցազրոյցներով խիզախօրէն ներկայացուցած է պատերազմի իսկական իրավիճակը, պաշտպանած էր արցախահայութեան՝ քաղաքացիական, մարդկային իրաւունքներու եւ Արցախի իրաւատէր ըլլալու ճշմարտութիւնը։ Պատերազմի ընթացքին Արցախի մասին նկարահանած եւ բեմադրած իր շարժապատկերին անդրանիկ սփռումը տեղի ունեցաւ լեհաստանի պետական առաջին ալիքէն 24.Յունուար.2021 թուին,  „44 dni – koszmar wojny» կամ «44 օրերու պատերազմի մղձաւանջը» անուան տակ: Յաջորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Բոզնան համալսարանի դասախօս Փրօֆ․ Քշիշթոֆ Թէոտորովիչը, «Հայաստանը եւ խաղաղ բնակչութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի 2020 թուականի հակամարտութեան ընթացքին – լեհ գիտնականներու հետազօտութիւններու լոյսին տակ» վերնագրով։ Ապա դարձեալ նոյն Բոզնան համալսարանի դասախօս Փրօֆ․ Ատամ Բոմիէչինսքի՝ ներկայացուց «Խաղաղ բնակչութեան իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի զինուած հակամարտութեան ընթացքին – Պատերազմի մարդաբանութեան հեռանկար» վերնագրով դասախօսութիւնը։ Պէտք է յիշել, որ վերջին երկու դասախօսները ներկայացուցին իրենց հետազօտութիւններու արդիւնքները, որոնք հիմնուած էին Հայաստանի մէջ իրենց դաշտային ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ։ Յաջորդ բանախօսն էր Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանէն՝ դոկտ․ Ռենաթա Քրուլ – Մազուր, դասախօսուհին ներկայացուց՝ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քրաքովեան ոգեկոչումները, որպէս լեհ-հայկական համագործակցութեան օրինակ» վերնագրով դասախօսութիւնը։ Յայտագրի վրայ էր նաեւ Լեհաստանի Սուուփսք քաղաքի համալսարանէն դոկտ․ Բավէու Նիէչույա – Օսթրովսքիի  դասախօսութիւնը՝ «Լեհաստանի հայ համայնքը, որպէս լեհ-հայկական յարաբերութիւններու գործօն» վերնագրով, բայց դասախօսի բացակայութեան պատճառով Փրօֆ․ Կ․ Բէուչինսքի ներկայացուց դասախօսութեան ամփոփումը։ Վերջին բանախօսն էր Վրօցլաւ քաղաքի Բիրամովիչի  հիմնարկէն՝ դոկտ․ Անտժէյ Կլինսքին, որ ներկայացուց «Վրոցլաւ քաղաքի հայերը անցեալին եւ այսօր» վերնագրով դասախօսութիւնը։ Օրուայ յայտագիրը վերջ գտաւ հայկական աւանդական ճաշերու հիւրասիրութեամբ։

Պարտք է յիշել, որ քննախօսութեան նախաձեռնութեան եւ թէ գիտական դասխօսութիւններու յայտագիրներու աւարտին, մասնակիցներու կողմէ եղան հարցադրումներ եւ լուսաբանական պատասխաններ, որոնք գոհացուցին եւ հարստացուցին ներկաներուն հետաքրքրութիւնները։

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու նուիրուած երեսնամեակի կամ հերթական ամեակներու նախաձեռնութիւնները, հանդիսութիւնները, յայտագիրները իրենց բազմազանութիւններով, ուր որ ալ ըլլան պէտք է ինքնաքննարկումի, ինքնարժեւորումի առիթներ ընծայեն։ Այս բոլորը, մեզի մէկ բան կրնան յուշել՝ միջազգային ի՞նչ գործնական իրագործումներ ունեցանք կամ իրագործեցինք՝ ըլլայ քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային կամ այլ բնագաւառներու մէջ ի սպաս մեր հայրենիքին եւ ազգին։ Այդ իրագործումներու առարկայական արժեւորումը այս պարագային խոհերու տեղի կու տայ, որպէսզի պատմական տուեալներով, հաստատումներով, վկայութիւններով կարենանք օգտակար դասեր քաղել։ Մանաւանդ ուշագրաւ մշակոյթ է, երբ կարող ենք միատեղ զրուցել ու միասնաբար քննարկել մեր քաղաքական գործունէութինը։ Լեհաստանի մէջ լեհ դեսպաններու, գիտնականներու եւ երեւելի մտաւորականներու այս արժեւորումները ինքնին իրապաշտ վկայագիրներ են այն գոյավիճակին, որոնք կը հնչեն նախ՝ մեզ հարազատօրէն արժեւորելու, ապա՝ զգաստացնելու համար։ Դիւանագիտական անձնաւորութիւններու վկայութիւնը ունի իր կրկնակի նշանակութիւնը, որով անձնականէն անդին կը ներկայացնէ երկրի տեսակէտը, մարտաւարութիւնը։ Առաւել եւս, այդ վկայութիւնները յատուկ հնչեղութիւն ունին մանաւանդ, որ որոշում առնող պատասխանատու օտարազգի պետական անձնաւորութեան մը կողմէ  արտայայտուած են։

Կարելի է հաստատել, որ բոլոր ձեռնարկներուն մասնակցող լեհ դեսպանները եւ մտաւորականները, որոնք Հայաստանի մէջ ապրած են, արտայայտուեցան ոչ միայն իբրեւ հոն ծառայութեան մեկնած կամ պարտականութիւններ կատարած անձնաւորութիւններ, այլեւ հոգեհարազատ կապի մը ջերմեռանդութիւնը զգալի էր անոնց խօսքերուն մէջ, երբ կը խօսէին Հայաստանի մասին։ Հմայուած էին օրհնեալ Հայաստանով, Արարատի վեհութենէն ափ մը հաւատք ու սէր կուտակած էին, զայն նկատելով հոգեհարազատ հայրենիք մը, որուն անջնջելի յիշատակներու ջերմութիւնը ընդմիշտ պլպլացող պիտի մնայ անոնց հոգիներու խորերը։

Նստած աջէն ձախ՝ Կ․ Բէուչինսքի, դեսպան Ս․ Մկրտչեան, Ռ․ Քրուլ-Մազուր, Ոտքի աջէն ձախ՝ Ա․ Կլինսքի , Վ․ Ռէբէթովիչ, Ք․ Թէոտորովիչ, Ա․ Բոմիէչինսքի

Վրոցլաւի համալսարանի դասախօսութիւններու սրահ, գրութեան հեղինակի սեփական արխիւէն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ