Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ուլթրաձայնի Օգնութեամբ Կարելի Է Վերահսկել «Պաքթրիա»ները

Քալիֆորնիոյ արհեստագիտական հիմնարկի գիտնականները գտած են ուլթրաձայնի միջոցով «պաքթիրիա»ները վերահսկելու եւ քաղցկեղի բջիջները փնտռելու եւ ոչնչացնելու միջոց: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature Communications ամսագրին մէջ։

Escherichia coli (E. coli) «պաքթիրիա»ներու մշակուած տարբերակը կրնայ հիւանդին օրկանիզմը ներթափանցելով յայտնաբերել եւ մտնել քաղցկեղի բջիջներուն մէջ: Երբ «պաքթիրիա»ները կը հասնին քաղցկեղային ուռուցքներուն, ատոնք կ՛ենթարկուին ուլթրաձայնային «իմփալս»ներու՝ աքթիվ դեղերու թողարկումը աշխուժացնելու համար:

Փորձերու ընթացքին հետազօտողները պարզած են, որ մուկերը ենթարկուած են «պաքթիրիա»ներու այս տարբերակի ազդեցութեան, եւ ուլթրաձայնը ցոյց տուած է ուռուցքի շատ աւելի դանդաղ աճ, քան այն մուկերու պարագային, որոնց բուժումը կատարուած է միայն ուլթրաձայնով կամ միայն «պաքթիրիա»ներով։

Այնուամենայնիւ, մասնագէտները ստացուած արդիւնքները բաւական խոստմնալից կը նկատեն, որովհետեւ ատոնք ցոյց կու տան հետագայ աշխատանքի ուղղութիւնը։ ‌

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ