Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոս Խորհրդային Իշխանութեան  Առաջին Տասնամեակին

Ի Յիշատակ Անվեհեր Հայրապետին

(1911-1930)

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Սթափեա՛ հայ ժողովուրդ եւ ի բաց վանեա՛ զկիրս եւ զպայքարս կուսակցականս զի աստէն մնացորդք նահատակ ժողովրդեան մերոյ տառապին ի սովու եւ առ ձեզ դիմէ վշտալի սրտիւ Հայրապետն Հայոց, որք հեռի կայք ի Հայաստան աշխարհէ, վասնզի զի՞ եւս պիտոյ են մեզ այնուհետեւ Հայրենիք առանց բնակչաց»

ԳԷՈՐԳ Ե ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Խորհրդային Հայաստան

            Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Ե. Հայրապետի 1911 թուականի ընտրութենէն վեց տարիներ ետք Ռուսական Կայսրութեան վերջին տասնամեակը կը փակուէր յեղափոխութեամբ, եւ Հայրապետն ու Մայր Աթոռը Խորհրդային կարգերու անցումային առաջին տասնամեակը պիտի դիմաւորէին՝ բոլորովին խորթ եւ աննպաստ պայմաններու տակ։ Հայաստանի Հանրապետութեան աւարտին, 1921 թուի Հոկտեմբեր 31ի Կոնդակով Գէորգ Ե. Հայրապետը կոչ կ՛ուղղէր ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայոց, համախմբուիլ նորակազմ հայրենի պետութեան՝ Խորհրդային Հայաստանի շուրջ, առանց պառակտուելու եւ հակընդդէմ պայքարներ ձեռնարկելու։ Վերեւի մարգարէաշունչ պատգամին վերջին բառերը թող հնչեն այժմու մեր Հանրապետութեան ղեկավարներու ծանր ականջներուն «վասնզիզի՞ եւս պիտոյ են մեզ այնուհետեւ Հայրենիք առանց բնակչաց»։

            Առաջին անգամն ըլլալով Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակ մը կը թարգմանուէր ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի «Եւրոպական քրիստոնեայ եւ մարդասէր պետութիւններուն» եւս դիմելով, որոնք սակայն լուռ եւ անտարբեր կը մնային հայ ժողովուրդի նկատմամբ։ Հայրապետը կ՛ակնարկէր «անընդհատ ամք պատերազմի», որոնց հետեւանքով հալածանք, չարչարանք, տարագրութիւն եւ տառապանք, ութ տարիներ տուայտեցին հայ ժողովուրդը, «յորս խոնարհ արար զմեզ Աստուած, եւ ամք յորս տեսաք զչարչարանս», աղօթելով «զի ընկալցի Տէր զպատարագս մեր պարգեւեալս ի Հայաստան աշխարհէ»։

            Գէորգ Ե. «Վշտալի» Կաթողիկոսի համոզմամբ Խորհրդային կարգերը եկան մեծ յոյս ներշնչելու ազատագրել կարենալու համար հայ ժողովուրդը իսկական կործանումէ , հիւանդութեան եւ տնտեսական ամենածանր պայմաններէն։ Նոր կարգերը, թէ իսկ հակակրօն եւ համայնավար, գերճնշիչ ու ստրկացնող, միակ յոյսը կը ներշնչէին տուեալ անմիջական պարագաներու տակ, որոնց հովանաւորութեամբ միայն Հայաստանն ու Մայր Աթոռ կրնային մնալ եւ գոյատեւել, անշուշտ մեծագոյն գինով, զոհողութեամբ եւ գերագոյն զիջումներով։

Հեռատեսութիւն եւ Իմաստութիւն

            Օրուան հակակրօն եւ ապազգային պարտադրեալ պայմաններուն տակ Մայր Աթոռը ստիպուած էր հեռատեսութեամբ, իրապաշտ ոգիով, իմաստութեամբ եւ ներքին արիութեամբ դիմագրաւելու Խորհրդային կարգերը ի Հայաստան եւ ի Ս. Էջմիածին։ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս, 1927 հոկտեմբերին, Ռուս յեղափոխութեան տասնամեակին, իմաստուն եւ համբերատար ոգիով Խորհրդային Հայաստանի ուղղեալ իր պաշտօնական գրութեամբ կը հաստատէր թէ «Էջմիածինը իր եկեղեցական վարչական կազմակերպութեամբ, յատկապէս իմ նախագահութեան ներքոյ գործող Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդով», օրինապահ դիրք պիտի որդեգրէր եւ բարեացակամ մնար կառավարութեան նկատմամբ։ Հոն ըսուած էր նաեւ որ Կաթողիկոսը շարք մը յատուկ Կոնդակներ ղրկած էր արտասահման, հայ եկեղեցական Աթոռներու՝ Հայաստանի անմիջական օգնութեան համար։

            Յիշեալ հինգ Կոնդակներէն (թիւ 417, 54, 431, 498, 34) թիւ 54 յունուար 24, 1922 թուակիր Կոնդակով՝ ուղղեալ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Զաւէն Արքեպիսկոպոս Տ. Եղիայեանի, Կաթողիկոսը շնորհակալութիւն կը յայտնէր արտասահմանի «վասն սովելոց Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէին» կատարած աշխատանքներուն համար, յանձնարարելով միաժամանակ «ջանալ զամենայն միութիւնս կազմել վասն օգնութեան Հայաստանի»։ Կոմիտէն նաեւ կը մասնակցէր երկրի վերաշինութեան եւ առաջին ներգաղթողներու աշխատանքին։ Իր Կոնդակը Գէորգ Ե. Կաթողիկոս կը փակէր իր յուզիչ խօսքերով՝ «բառնալ զձեռս իմ եւ ի գուճ անկեալ առաջի Իջման Սուրբ Սեղանոյ Միածնի Բանին Աստուծոյ, եւ աղօթել վասն վերաշինութեան եւ վերականգնման վշտակիր ժողովրդեան մերոյ»։

            Հայրապետը կրաւորական դիրք երբեք չբռնեց հակառակ ճնշիչ պայմաններուն։ Վերոյիշեալ Կոնդակները Հայ Եկեղեցին բարեկարգ պահելու առաջարկներ եւ կարգադրութիւններ կը բովանդակէին, նորակազմ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի, Նոր Տոմարի գործածութեան, պաշտամունքի ժամանակ երգեհոնի օգտագործման, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անկեալ վիճակէն իր վերականգնումին՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբն ու Հայրապետի օրհնութեամբ, այրիացեալ քահանաներու կրկնամուսնութեան, որոնք երէցկինները գաղթի եւ կոտորածի ճամբուն վրայ կորսնցուցած էին, ինչպէս նաեւ Միջ-եկեղեցական նորակազմ յարաբերութեանց Հայ Եկեղեցւոյ նախնագոյն ներկայացուցչութեամբ՝ դարձեալ Հայրապետին որոշումով։

            Տարի մը ետք Տ.Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր 1923 Նոյեմբեր 1-ի Կոնդակով մխիթարական կը գտնէր հայոց վիճակը, «զի ժողվուրդն մեր կենսունակ եւ աշխատասէր կամի լինել, եւ ես ուրախ եղէ զի տեսի անապատն ծարաւի զերկիր մեր հայրենի կրկին զգեցեալ զարդ հարսին նորատւոյ»։ Հայրապետը նոյն Կոնդակով կը դրուատէր Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութիւնը որուն կը վերագրէր Հայաստանի տնտեսական վիճակին բարւոքումը եւ աւերեալ տուներուն շինութիւնը՝ ակնարկելով պետութեան վերակառուցման հինգամեայ առաջին ծրագրին։

Հիմնական Փոփոխութիւն

Բացասական եւ Դրական

            Որքան որ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս լաւատես մնաց ամէն զոհողութիւններու գինով, Սովետական Միութեան երկրորդ տասնամեակը, Հայրապետին 1930 թուի վախճանումէն ետք, ժխտական եւ շատ ծայրայեղական դրսեւորումներ արձանագրեց։ Նոր դրութեան ժխտական թէ դրական ազդակները հիմնապէս փոխեցին հայ ժողովուրդի պատմական եւ վաւերական նկարագիրն ու դիմագիծը, անոր տալով համայնավար դրութեան խորթ եւ յաճախ անտանելի պայմաններ։ Սկզբնական տարիներուն պետական սեղմումները իրենց գոյնը ցոյց տուին յետագային, երբ Հայաստան կղզիացած մնաց բռնատիրական ուժգին թաթի տակ, կրօնքէ եւ բարոյականէ զուրկ, անձնական գործառնութեանց մենաշնորհներէ հեռու։

            Պետական ուժը հանապետութիւններուն եղբայրական օգնութեան ցանցը կը կազմէր՝ հպատակութեան հրամայականին ներքեւ։ Այդ պատճառաւ Հայաստանի մաս չկազմեցին Կարսն ու Արտահանը, Սարըղամիշն ու Ալեքսանդրապոլը, որոնք Սովետական կարգերու շուքին տակ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մնացին, սակայն շուտով 1924 թուին անոնցմէ Ալեքսանդրապոլը Խորհրդային Հայաստանին վերադարձուեցաւ եւ կոչուեցաւ Լենինական։  Տնտեսական ծանր կացութիւնը դարմանելու համար Խորհրդային Ռուսաստան  Հայաստան պարեն, հացահատիկ, անասուն եւ դրամ ուղարկեց, ինչպէս նաեւ Ուգրանիա՝ հացահատիկ, եւ Ատրպէյճան՝ քարիւղ։ Լենինական ստացաւ կերպասի արդիւնաբերութեան յատուկ գործարան մը որ եղաւ առաջնեկը Հայաստանի ճարտարարուետի կալուածէն ներս։

Պայմանագրի Կնքում

            1921-ի հոկտեմբերին Սովետական Ռուսաստանի ներկայացուցիչները պայմանագիր մը կնքեցին մէկ կողմէ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի, եւ միւս կողմէ քեմալական Թուրքիոյ միջեւ, որ կը բխէր Մարտ 16-ին Մոսկուայի մէջ կնքուած ռուս ու թուրք պայմանագրէն։ Իսկ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական պայմանագիր մը եւս կնքուեցաւ որ նպաստեց շինարարական աշխատանքին։ Նոյն պայմանագրով մշակութային գետնի վրայ Ռուսաստան Հայաստան ուղարկեց տպարանական սարքաւորումներ, մեծ քանակութեամբ թուղթ եւ պիտոյքներ։

            Տարի մը ետք Երեւան փոխադրեցին Էջմիածնի մատենադարանի ձեռագիր եւ տպագիր մատեանները, ընդամէնը 4660 հատոր, որոնք Մոսկուա տարուած էին։ Երեւան փոխադրեցին նաեւ Նոր Նախիջեւանի թանգարանի ձեռագիր մատեաններն ու գոյքերը։ Հիմնուեցաւ Հայ Օգնութեան Կոմիտէն՝ նախագահութեամբ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի։ Ձեռագիրներու վերադարձը Էջմիածին յետագային հիմը պիտի դնէր Երեւանի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հոյակապ Մատենադարանին։ Այս բոլորը նուիրեալ եւ իմաստուն Տ.Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայեացքին տակ։

Անդրկովկասի Դաշնակցութիւն (ՍԷՅՄ)

Պետական Սահմանադրութիւն   

            1922-ի Յունուար 26-ին Սովետական Հայաստանի առաջին համագումարը որոշեց Անդրկովկասի Դաշնակցութեան ստեղծումը (ՍԷՅՄ) եւ Հայաստանի Սովետական Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հաստատումը՝ բաղկացած 12 գլուխներէ եւ 89 յօդուածներէ։ Սոյն սահմանադրութիւնը եկեղեցին անջատեց պետութենէն, եւ դպրոցը՝ եկեղեցիէն։ Ութերորդ յօդուածով չեղեալ կը համարուէին Հայաստանի նախկին կառավարութիւններու կնքած բոլոր միջազգային դաշնագիրները ու վերջ կը տրուէր գաղտնի դիւանագիտութեան։ Սահմանադրութիւնը կը հաստատէր, արտաքին, ներքին, արդարա-դատութեան, լուսաւորութեան, պատերազմական, տնտեսական, առողջապահական եւ թղթատարական նախարարութիւնները։

Երեւանն ու Գլխաւոր Քաղաքները

            Նորահաստատ Խորհրդային Հայաստան իսկոյն ձեռնարկեց մայրաքաղաք Երեւանի շինութեան՝ անոր կողքին վեց ծաղկեալ քաղաքներով՝ Լենինական, Ղարաքիլիսա, Նոր Պայազիտ, Դիլիջան, Գորիս եւ Էջմիածին։ Արտաքնապէս եւ հեռուէն նշեալ յառաջդիմութիւնները խանդավառեցին արտասահմանի հայերը, որոնցմէ շատեր, ընդհանուր թիւով 20,000 աճապարեցին գաղթել հայրենիք։ Պայմաններուն գոհացուցիչ չըլլալը յայտնի դարձաւ պարզ այն պատճառով որ Միջին Արեւելքի եւ եւրոպական ազատ եւ յառաջադէմ երկիրներէ նորաստեղծ եւ համայնավար դրութեան տակ ընկճուած երկիր մը գաղթող անձը յուսախաբութեամբ պիտի տեսնէր կեանքի մակարդակի տարբերութիւնը, աշխատավարձի եւ բնակարաններու անբաւարարութիւնը։

            Ժխտական իրողութիւնները ահազանգային դարձան երեսունական թուականներէն սկսեալ, Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, երբ բռնատիրութիւնն ու նորեկներէն ոմանց անտանելի աքսորը բոլորովին հակազդեցին բարի տրամադրութեանց եւ հայրենասիրութեան։ Անմասն չմնաց նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցին 1930-էն ետք, երբ պիտի ենթարկուէր անչափելի բռնարարքներու, Մայր Աթոռը, ինչպէս Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին Մոսկուայի պատրիարքութենէն ներս, բոլորովին պիտի մերկանար իր հեղինակութենէն եւ ազդեցութենէն, յատկապէս Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբէկեան հերոս Կաթողիկոսի գահակալութեան կարճ շրջանին որուն ինք եւս զոհ գնաց 1938 թուականին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ