Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հաղորդուելով Նահատակներու Աւանդով

Հայ ժողովուրդի կեանքին առանցքը դարձած ցեղասպանութիւնն ու անոր մէկուկէս միլիոն նահատակները, ամենօրեայ ներկայութիւն են իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ եւ առարկայականօրէն կը յիշատակուին ամէն առիթով, յատկապէս վարժարաններու կրթական ծրագիրներու ընդմէջէն, որոնք աւելի կը շեշտուին եւ կը ծաւալին Ապրիլ ամսուան ընթացքին:

Արդարեւ, Փասատենա քաղաքի Պլեր Հայկական Ճեմարանի կրթական ծրագիրը, Ապրիլ ամիսը նուիրաբերեց հայոց ցեղասպանութեան ծանօթացման, սերտողութեան քննարկման շեշտը դնելով պահանջատիրութեան վրայ, այս բոլորին համար օգտագործեց զանազան ծրագիրներ, ինչպէս՝  գրականութիւն, արուեստ, շարժապատկերներ, կայքէջերու ներկայացումներ եւ եզրափակեց պահանջատիրութեան քայլարշաւով:

Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022ի յետմիջօրէին. աշակերտները սկսան իրենց արշաւը Պլեր վարժարանէն դէպի Փասատինա քաղաքի նահատակաց այգին, ուր տեղադրուած է հայկական ցեղասպանութեան յուշարձան մը:

Կարելի չէր  չխանդավառուիլ ու յաղթական զգացումն ու ապրումը չունենալ ի տես աշակերտներուն, որոնք եռագոյն դրօշները բարձր բռնած, իրենց ձեռային աշխատանք կրծքանշանները կրող կուրծքերը՝ հպարտօրէն բարձրացուցած, աննահանջ կը քալէին, ժպտուն դէմքերով ու պահանջատէր ոգիով. Աշակերտներուն ընկերացան Փասատինայի միացեալ վարժարաններու վարչական պատասխանատու անձնաւորութիւններ, վարժարանի տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ:

Յուշարձանի մօտ աշակերտները միաձուլուեցան, հիւրաբար ներկայ գտնուող Փասատինայի Ուէպսդր նախակրթարանի հայ աշակերտներու հետ եւ կանոնաւոր շարքերով, պահուան լրջութիւնն ու կարեւորութիւնը լաւապէս ըմբռնած՝ անոնք կարմիր մեխակներ խոնարհեցուցին նահատակներու յիշատակին, մինչ խունկի դէպի երկինք բարձրացող ծուխին կը միանար, մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակի շարականը, «Հրաշացան»ը, որ իր հրեշտակային ձայնով կը մեկնաբանէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Մարալ Քիւրտեան: Կասկած չկար, որ այդ պահուն մեր նահատակներու հոգիները կը թեւածէին նռենիներով շրջապատուած, ապագայ սերունդի վճռակամութեամբ ամրապնդուած Հայաստանէ շատ հեռու այդ յիշատակի այգիին մէջ, որ պահ մը վերածուած էր ոգեղէն հայրենիքի:

Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Փասատինայի միացեալ վարժարաններու տեսուչ՝ Պրիան ՄագՏոնալտ, կրթական խորհուրդի նախագահ՝ Տոքդ. Էլիզապէթ Բոմէրոյ, վարչական անդամներ եւ երկու մասնակից վարժարաններու տնօրէններ:

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ներկայութիւնը մեր նահատակներու հոգիներուն, ապա խրախուսուած կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկեան զոյգ քայլերգներու երգեցողութիւնը, որմէ ետք խօսք առաւ Պլեր Հայկական Ճեմարանի գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ խորհրդատու մարմնի ատենապետուհի Մարօ Եագուպեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յատուկ երախտագիտութեամբ յիշեց բոլոր ներկայ պաշտօնական անձնաւորութիւնները, որոնց ներդրումն ու քաջալերանքը կը վայելէ Պլեր Հայկական Ճեմարանը եւ որուն ուռճացմանն ու ընդարձակմանը ականատես ենք: Ապա Տեսուչ ՄագՏոնալտը (PUSD superintendent), փոխանցեց իր սրտի խօսքը. Ան աշակերտներուն տուաւ իր պատգամը, հարցադրելով ու  զարմանք յայտնելով, որ հայկական ցեղասպանութեամբ ծայր տուած անմարդկային ցեղասպանութիւնը ցարդ առկայ է,  կը   շարունակուի եւ կը ծաւալի որովհետեւ արդարութիւնը չէ հաստատուած աշխարհի վրայ: Ան յորդորեց, որ աշակերտները պահանջատէր ըլլան եւ չվախնան իրենց բողոքի ձայնը մարդկութեան լսելի դարձնելու: Տոքդ. Բոմէրոյ ներկայացուց իր մտածումները այս յատուկ օրուան խորհուրդին շուրջ. Յայտագիրը շարունակուեցաւ, որու ընթացքին երկու ճեմարանականներ կարդացին իրենց խօսքը, արտայայտելով ցեղասպանութեան իմաստը, պատճառները, հետեւանքները եւ իրենց սերունդի պարտաւորութիւնները: Ծրագիրը ճոխ էր ոտանաւորներու ասմունքով, որուն նաեւ մասնակցեցան Ուէպսդր նախակրթարանի աշակերտները: Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի սան ու սանուհիները  յուզախառն ընթերցումներով ու ասմունքներով իրենց զգացումները արտայայտեցին, ծրագիրը իր աւարտին հասաւ Կիլիկիա երգի եւ Տէրունական աղօթքի խմբային երգեցողութաեմբ:

Այսպիսով, 107 տարի ետք անարդարօրէն նահատակուած մէկուկէս միլիոն անթաղ նահատակներու ծոռները՝ Ուրբաթ Ապրիլ 22ի յետմիջօրէին, անգամ մը եւս իրենց բողոքը յայտնեցին աշխարհին, աղօթք վերառաքեցին առ Աստուած եւ հաղորդուելով նահատակներու աւանդին՝ ուխտեցին շարունակել քալել նախահայրերու ուղիով եւ հաւատարիմ մնալ իրենց փոխանցուած աւանդին՝ ապրելով հայօրէն եւ ըլլալով պահանջատէր մինչեւ արդարութեան հաստատումը:

 Պլեր Հայկական Ճեմարանը վերջին երկու տարին իր դռները լայն բացած է ընդունելու Լոս Անճելըսի բոլոր միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու հայ աշակերտները: Պլեր Հայկական Ճեմարանը ուրախութեամբ կ’ուզէ նաեւ յայտարարել, որ 6-րդէն 12-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար տրամադրելի է միջազգային պագալորիայի հեղինակաւոր ծրագիր:

Ապահովեցէք ձեր տեղերը յաջորդ ուսումնական տարեշրջանի համար: Դիմումնագիրները այժմ կարելի է ունենալ ArmenianAcademy.org կայքէջի վրայ: Յաւելեալ հարցումներու համար դիմել Թալին Նազարեանին. 626 396-5820 ext. 80133 or nazarian.taleen@pusd.us

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ