Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոգեւորականաց Ընդհանուր Ժողով Արեւմտեան Թեմէն Ներս

         Հինգշաբթի, 5 Մայիս՝ 2022-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեանի, Առաջնորդարանին յարկին  տակ գումարուեցաւ  Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովին հերթական նիստը, որը սկիզբ առաւ կէսօրուան ժամը 2-ին:  Հոգեւորականաց այս Ժողովն իբրեւ օրակարգի նիւթեր ունենալով՝ «95 ամեայ Թեմի պատմական ձեւաւորումն ու հեռանկարները» եւ «Մեր Սուրբ Պատարագը»՝ իր ձեւաչափով եւ բնոյթով կը տարբերուէր նախորդ ժողովներէն։

      Ժողովին մասնակից դարձան թիւով քառասունէն աւելի եկեղեցականներ: 

      Հոգեւորականաց ժողովի ընդլայնուած նիստը մեկնարկուեցաւ միասնական աղօթքով, որմէ յետոյ  Առաջնորդ Սրբազան Հայրը որպէս բնաբան ունենալով «Զի ոչ եթէ որ զանձն իւր ընծայեցուցանէ՝ նա է ընտրեալ, այլ՝  զոր զՏէրն ընծայեցուցանէ» (Կորնթ. Բ, Ժ։48) աստուածաշնչական այս տողերը՝ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով․ «Սիրեցեալ եղբայրներ ի Քրիստոս, Թեմի 95-ամեակի տօնակատարութիւնը անկասկած մտածելու տեղիք կուտայ բոլորիս, թէ իրօք Աստուծոյ կանչով ենք մեր հոգեւոր սպասաւորութիւնը ի գործ դրած միասնաբար, մեր ս. եկեղեցւոյ հաւատացելոց մատակարարելու համար Աստուծոյ խօսքը՝ Քրիստոսի կեանքով մեզի հաղորդուած։

Որպէս հոգեւոր սպասաւորները Հայաստանեայց Առաքելական մեր մայր ս. եկեղեցւոյ, պարտ ենք մշտապէս աղօթքի առաջնորդելու մեր անձերը, որպէսզի համբերութեամբ ու խաղաղ սրտով դառնանք հոգեւոր բժիշկները մեզի վստահուած հաւատացելոց համար։

Ահաւասիկ հաւատքի այս գիտակցութեամբ մեր աւանդական խորհրդակցութիւնները պարտ ենք վերածելու հոգեւոր սպառազինութեան աղբիւր մը, որպէսզի մշտապէս զօրանանք մեր քահանայական կոչմանը մէջ եւ առաջնորդենք մեր ժողովուրդը դէպի սրբութիւն, որ ճանապարհն է առ Աստուած։

Հոգեւորականաց այս հանդիպումը պատեհ առիթն է նաեւ, որ բոլորիդ յղենք մեր բարեմաղթութիւնները, որպէսզի միասնակամ եւ համատեղ աղօթքով շարունակենք մեր հոգեւոր սպասաւորութիւնը ի սէր Հայաստանեայց Առաքելական մեր մայր սուրբ եկեղեցւոյ, այն մատուցելով Աստուծոյ փառքին. Ամէն»։

Այնուհետեւ Սրբազան Հօր խօսքէն յետոյ սկիզբ առաւ «Մեր Սուրբ Պատարագը» թեմայով գիտաժողովը, յընթացս որու բանախօսները հերթաբար ներկայացուցին իրենց դասախօսութիւններն ու զեկոյցները:

       Դասախօսութեան առաջին նիւթն էր․ «Սուրբ Պատարագին Աստուածաբանութիւնը եւ Հոգեկանութիւնը (Խորհուրդ եւ մատչելիութիւն)», որն առաւել  մանրամասնութեամբ եւ վերլուծական յղումներով ու մէջբերումներով ներկայացուց` Հոգշ․ Տ. Տաճատ ծ. Վրդ. Եարտըմեանը:

      Երկրորդ նիւթը` «Սբ․ Պատարագը, իբր «Խորին եւ Անհաս խորհուրդ» եւ ինչպէ՞ս մերձեցնել հաւատացեալներուն», որն ամենայն մանրամասնութեամբ եւ գործնական լուծումներով ներկայացուեց ` Արժ․ Տ․ Շնորհք Աւ․ Քհնյ․ Տէմիրճեանի կողմէ:

       Երրորդ նիւթը՝ «Սբ․ Պատարագը մեր հաւատքին եւ դաւանութեան արտայայտութիւնն է եւ յայտարարութիւնը», որը ներկայացուց Արժ․ Տ․ Սարգիս Աւ․ Քհնյ․ Պետոյեանը իր կողմէ նիւթի վերաբերեալ կազմուած գրքոյկ-ուղեցոյցի միջոցաւ։

       Չորրորդ նիւթը՝ «Սբ․ Պատարագը եւ Սբ․ Հաղորդութեան խորհուրդին մերձեցում», որը աստուածաբանական եւ գրական հեղինակներու մեկնողական մօտեցումներու համադրութեամբ ներկայացուեց՝ Արժ․ Տ․ Զաքարիա Քհնյ․ Սարիբէկեանի կողմէ։

       Եւ վերջին հինգերորդ նիւթի թեման էր՝ «Հայկական Սբ․ Պատարագին պատմական ձեւաւորումը», որը ներկայացուեց Արժ․ Տ․ Տաթեւ Աւ․ Քհնյ․ Յարութիւնեանի կողմէ, առանձնացնելով՝ ծագումը, հեղինակները եւ բարեկարգողները։

      Իւրաքանչիւր նիւթին աւարտին տեղի ունեցաւ հարցադրումներ եւ քննարկումներ, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան այս ամէնը ժողովուրդին առաւել մատչելիութեամբ փոխանցելու  միջոցներուն։

       Եկեղեցականները խորութեամբ անդրադարձան յառաջիկայում Թեմի 95 ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն ինչպէս նաեւ ծիսական, ու գործնական այլ հարցերու, որոնք հովուական կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն ունին։

      Ժողովին մնացեալ բաժինը յատկացուեցաւ քանի մը կարեւոր այլ հարցերու, որոնք կ’առընչուէին  մեր Ս. Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի կեանքին:

        Ժողովի վերջաւորութեանը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր եզրափակիչ պատգամի աւարտին գնահատեց ինչպէս օրուան բանախօսները՝ այնպէս ալ ներկայ եւ մասնակից բոլոր եկեղեցականները, ընդգծելով նմանօրինակ ժողովներու կարեւորութիւնը եւ շինիչ արդիւնքը:

     Սրբազան Հայրը նաեւ իր յատուկ գնահատանքն ուղղեց Թեմի նորաստեղծ Սարկաւագաց խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ այդ խորհուրդի աշխատանքները մեծ նուիրումով համակարգող՝ Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեանը։

      Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ օրուան յայտագիրը։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ