Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրադարձութիւններ Կան Որոնք Շրջադարձային Եղած Են

Մայիսի 28-ը մեծ հպարտութիւն կ’առթէ իւրաքանչիւրիս սիրտին մէջ։ 104 տարի առաջ այս օրը Հայոց ազգային խորհուրդը յայտարարեց անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը: Հայաստանի հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ հայ ժողովուրդի համար ծանր ժամանակաշրջանին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ եւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերու համայնապատկերին, երբ, ըստ էութեան, կ’որոշուէր հայ ազգի ըլլալ-չըլլալու հարցը, երբ բնաջնջման ծրագիրէն խուսափած բազմահազար գաղթականներ, սովը եւ ռուսական կայսրութեան նուաճողական քաղաքականութիւնը հնարաւորութիւն պիտի չտային պետութեան ղեկավարներուն ստեղծելու կայուն պետութիւն: Ու չնայած իր կարճատեւ գոյութեան` այն դարձաւ մեր ազգային վերածնունդի եւ նոր պետականութեան կայացման հիմնասիւնը:

Սարդարապատի հերոսամարտը ազգային ինքնութեան անբաժանելի մասերէն է: Հայ ժողովուրդի կամքի, ազատութեան, անկախութեան հաստատման յուսահատ ճիչն էր, որ կիսամեռ, որոշ մասով ոչնչացած եւ տկարացած վիճակի մէջ երկար դարեր գոյութիւն պահպանող ազգի համար եղաւ բեկումնային՝ պետականաշինութեան, անկախացման  եւ անկախ պետականութեան կերտման համար։ Ինքնաճանաչումը, կամքի ոյժը, պետութեան շահերէն բխումը, հայրենիքին սրբօրէն վերաբերուիլը, ահա այն քանի մը դրդումները, որ իր մէջ կը կրէր Սարդարապատի հերոսամարտի իւրաքանչիւր զինուոր։

Անկախ պատմութեան անիւի շրջապտոյտէն, անկախ պատմութեան թերթերու յաջորդականութենէն, անկախ օրերու խելայեղ շրջապտոյտէն,  իրադարձութիւններ կան, որոնք շրջադարձային եղած են  հայու, Հայաստանի, հայրենիքի արժէքային համակարգի մէջ։

Մայիսի 28-ը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրն է։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ