Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Տաղանդներ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակի գործունէութեանց ծիրէն ներս՝ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ ԹՄ Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղի վարչութեան։

«Նոր Տաղանդներ» յայտնաբերելու այդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնի սրահին մէջ։

Պէտք է ըսուէր Նոր եւ Երիտասարդ տաղանդներ՝ որովհետեւ այդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երիտասարդ տաղանդներու մասնակցութեամբ, ներառեալ Փասատինայի պետական Պլէր երկրորդական վարժարանի Հայկակական Ճեմարանի ուսանողներուն։ Անոնք՝ իրենց Հայկական ժողովրդական հեզաճկուն պարերով, հմայեցին հանդիսատեսները։

Արդարեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաքելութիւնն է ներգրաւել երիտասարդ սերունդը, որպէսզի մշակութային մեր դարաւոր եւ հարուստ ժառանգը  վառ պահուի եւ փոխանցուի սերունդէ-սերունդ՝ որը միակ գրաւականն է մեր գոյատեւման որպէս հայ, օտար այս ափերուն վրայ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգ Քէօշկէրեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ թիւով աւելի քան հարիւր, եւ ապա ընթացք տուաւ օրուան խնամքով պատրաստուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագրին։

Առաջին առիթով բեմ բարձրացան տաղանդաշատ Երալեան քոյրերը (Ալեքսանտրիա եւ Լիլիա) եւ երկձայն ներկայացուցին «Բարի Արագիլ» երգը։ Պարային ելոյթէ մը ետք, անոնք դարձեալ հանդէս եկան  եւ քանոնի վրայ նուագեցին երկու երգ՝ Սայաթ Նովայէն եւ Խաչատուր Աւետիսեանէն՝ մեծապէս խանդավառելով հանդիսատեսները։

Մէջ ընդ մէջ երկու առիթներով՝ Պլէր պետական երկրորդական վարժարանի Հայկական Ճեմարանի աշակերտները՝ գոյնզգոյն տարազներ հագած, հանդէս եկան հայկական երկու պարերով, «Դրնդէզ» եւ «Հոյ Նազան»։ Իսկ երկրորդ պարի աւարտին՝ պարողներէն Էլէն Վարդանեանը ապրումով արտասանեց Յովհաննէս Գրիգորեանի «Հայ Ժողովուրդին Համառօտ Պատմութիւն» բանաստեղծութիւնը։

Հուսկ ապա Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ափի Վարիչ Քարտուղար Մայտա Քիւրէճեանը բեմ հրաւիրեց նորաստեղծ Թէքէեանի երիտասարդաց նուագախումբը եւ ներկայացուց անոր անդամները։ Անոնք են՝ թմբկահար Քեւըն Քիւմէճեանը, դաշնակահար Էտկար Էքճեանն ու տուտուկահար Հայկ Գայմագամեանը։ Տուտուկի կողքին՝ Հայկ նաեւ նուագեց կիթառի վրայ։

Նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ ԹՄ Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղի Վարչութեան Փոխ-Ատենապետ Խաչիկ Նահապետեանը։ Ան մեզի հրամցուց երկու երգ, «Ով Դու Գեղեցիկ» եւ «Անուշ Հայրենիք»։

Գեղարուեստական յայտագրին կիզակէտն էր Արցախցի արուեստագէտ Արթիւր Խաչենցը, որ հիւրաբար կը գտնուէր քաղաքս։ Ուրեմն օգտուելով անոր ներկայութենէն, Վարչութիւնս հրաւիրեց զինք որ իր ելոյթով խանդավառէ մշակութասէր մեր հասարակութիւնը եւ գոհացնէ մեր պապակը՝ հայ երգին հանդէպ։

Արթիւր նախ հանդէս եկաւ նուագախումբին ընկերակցութեամբ եւ ապա առանձինն։ Ահաւասիկ իր կատարած երգերու ցանկը։ «Գէտաշէն», «Գինի Լից», «Եար, Քո Պոյիդ Մեռնեմ» եւ «Հայեր, Միացէք։»

Հոս տեղին է յիշել որ Արթիւրի ծննդավայրը եղած է Հաթրութը, որ հիմա դժբախտաբար կը գտնուի գրաւուած շրջանին մէջ։ Արթիւր որպէս զինուոր ծառայած է Արցախին եւ իր եղբայրը մինչեւ հիմա տակաւին կը ծառայէ իր Հայրենիքին։

Ուրեմն արդար էր որ Արթիւր երգ մը ներկայացնէր մեզի իր ծննդավայրի բարբառով։ Ան «Գալիս, Գնում ես»ը երգեց Հաթրութի բարբառով եւ ապա մեր գիտցած հայերէնով, որպէսզի հասկնալի դառնայ մեր բոլորին։

Իսկ իր վերջին երգը հանդիսացաւ իր յօրինումներէն՝ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեան վրայ հիմնուած, «Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք սիրածներէս գիտցաւ։» Ասոր վրայ, սրահը թնդաց ծափողջոյններով եւ մեր գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ, ընդհանուր գոհունակութեան արժանանալով բոլորին կողմէ անխտիր։

Մայտա Քիւրէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի մասնակցողներուն եւ ապա հրաւիրեց կոչնականները հիւրասիրութեան։

Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել որ սոյն ձեռնարկի յաջողութիւնը՝ մեծաւ մասամբ, կը պարտինք Մայտա Քիւրէճեանին, որ մղիչ ուժը հանդիսացաւ Թէքէեանի երիտասարդաց նուագախումբի կազմութեան եւ յայտագրի գործադրութեան մէջ։ Վարձքը կատար բոլորին։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ