Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Իւրաքանչիւր Երեխայ Արժանապատիւ Կեանքի Արժանի Է

Անկախ անկէ, մե՞նք ենք  ծնողները թէ՝ ոչ, մենք պատասխանատու ենք աշխարհի բոլոր մանուկներու առողջ կեանքի ու լաւ կեանքի համար։ Մոլորակի վրայ ապրող իւրաքանչիւր երեխայ բարեկեցիկ կեանք ապրելու իրաւունքն ունի։ Յաճախ կը կարծենք, որ երեխաները իրենք իրենց կը մեծանան, կամ ամէն ինչ չէ,  որ իրենց շուրջ պէտք է պտտի: Սակայն այո՛ եւ այո՛. որեւէ բան ընելէ առաջ եթէ յիշենք, որ պատասխանատու  եւ հաշուետու ենք երեխաներու առջեւ, որոնք վաղուան առողջ, կամ անառողջ չափահասներն են, մեր շատ քայլեր աւելի մտածուած, հաւասարակշռուած եւ անվտանգ կ’ըլլան։   Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը համարէ այնքա՛ն բարոյական մարդ , որ իրեն համար կարեւոր է  ոչ թէ միայն իր  ընտանիքը, այլ նաեւ մոլորակը, բնութիւնը, կենդանական աշխարհը, եթէ իրեն համար կարեւոր է ոչ թէ  միայն իր սեփական առողջութիւնը, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան առողջութիւնը, ապա, վստահաբար ինքզինք պատասխանատու կը զգայ այդ ամէնի համար։

            Երկրագունդի բնակչութեան մէկ երրորդը երեխաներ են, և, ցաւօք սիրտի, անոնցմէ աւելի քան 20 տոկոսը ծայրայեղ աղքատութեան մէջ կ’ապրի:  Այս իրականութեան փաստացի վկայութիւնները կը տեսնենք ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամի վերջին տարիներու հաշուետուութիւններու մէջ։ Չկայ աւելի մեծ դժբախտութիւն, քան հասկնալն ու գիտակցիլը, որ աշխարհի երեսին կ’ապրի քանի մը  հարիւր միլիոն անօթի, բոպիկ, անօթեւան  երեխայ:  Չկայ աւելի մեծ դժբախտութիւն, քան հասկնալն ու գիտակցիլը, որ երկրագունդի վրայ բնակող երեխաներու  աւելի քան 30 տոկոսը կ’ենթարկուի ֆիզիքական, հոգեբանական եւ սեռական բռնութեան։ 

             1956 թուականին ՄԱԿ-ը յայտարարեց երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հռչակագիր: Յունիս 1-ին,  կարգ մը երկիրներու մէջ կը տօնեն երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը։

            Երկրագունդի վրայ ապրող որեւէ երեխայ  պէտք է ապրի առողջ, բարեկեցիկ, կուշտ, երջանիկ եւ բաւարարուած։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ