Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Հարիւրամեակ Մեծ Բարերարին 1923-2023

Գէորգ Ստեփան Յովնանեան

Ազգային Բարերար (1923-2009)

Դոկտ ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ազգային Բարերարը

        Շուտով պիտի յիշատակենք ազգային բարերար Գէորգ Յովնան-եանի ծննդեան հարիւրամեակը, որուն մահը 2009 թուին ծանր ճնշեց Յովնանեան բարեհամբաւ ընտանիքին, Ամերիկայի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմին, եւ յատկապէս Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնին վրայ։

          Իմաստուն եւ յարատեւ աշխատանքով Գէորգ Յովնանեան, օժտուած իր ճարտարարուեստի եւ շինարարութեան բացառիկ կարո-ղութիւններով, եղաւ հարազատ յաջորդը մեր ազգային բարերարներուն՝ Ալեքսանդր Մանթաշեանի, Պօղոս Նուպարի եւ Ալեք Մանուկեանի, որոնց պատուաբեր ժառանգը որպէս սիրոյ պարտք պանծացուց գործով,  եւ երբեք խօսքով, զոր արտասանելու կարիքն անգամ չունեցաւ։ Գործին հաւատացողը  քիչ կը խօսի վասնզի գործը ինքնին կը վկայէ ամէն ինչ։

Յիրաւի Գէորգ Յովնանեան սակաւախօս մեծութիւն մը եղաւ մեզի զինք մօտէն ճանչցողներուս համար։

          Ֆլորիտա հովուական պաշտօնիս բերումով յաճախ կ՛այցելէի Գէորգ եւ Սիրվարդ Յովնանեաններու բնակարանը եւ կը հիանայի երկուքին բարձրօրէն համեստ, պարզ, ուղիղ, ծանրակշիռ եւ ժպտադէմ վերաբերմունքին դիմաց ։ Անոնք, Իրաքէն Ամերիկա գաղթած անուանի հայորդիները դարձան ամերիկահայ գաղութին, հայրենասէր մարդու եւ կրօնասէր հաւատացեալի բազմաշնորհ ձիրքերով։ Մայր Աթոռն ու Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա Հայրապետ իրենց համար սրբութիւններ եղան։ Հայրապետական շքանշանները կրեց որպէս պարտք, Միւռոն-օրհնութեան կնքահայր եղաւ  հրաւէրովը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ։

          Յովնանեան Եղբարք Գէորգ, Ժիրայր, Հրայր, Վահագն, եւ իրենց միակ քոյրը Անահիտ պատիւ բերին ամերիկահայ գաղութին իրենց շինարարական եւ դպրոցաշինական առաջնորդող նախաձեռնութիւն-ներով, մնալով միշտ երախտագէտ Ամերիկայի իրենց շնորհած պատուաբեր պատեհութեանց։ Գէորգ  եղաւ մանաւանդ Հայաստանի  1988 թուականի մեծ երկրաշարժին հետեւող շինարար բարերարը, դառնալով Արեւելեան Թեմի FAR Հայաստանի Օգնութեան Հիմնադրամ բարեսիրական կեդրոնի հիմնադիրն ու առաջին ատենապետը՝ նախագահութեամբ Երջանկայիշատակ Թեմակալ Թորգոմ Արքեպիս-կոպոս Մանուկեանին։ Կեդրոնը եղաւ մնայուն ու ահա երեսնամեակ մը  եւ աւելի կը ծառայէ իր նպատակին որպէս պետական հաստատութիւն։

          Գէորգ իր սիրտը դրաւ իսկական գանձերու մէջ համաձայն մեր Տիրոջ եւ Փրկչի պատուէրին՝ «զի ուր գանձն ձեր է անդ եւ սիրտք ձեր եղիցին»։ Ան իսկապէս իր սիրտը դրաւ ազգային եւ եկեղեցական, բարեսիրական ու դաստիարակչական գանձերու մէջ ու կեանք ստացաւ անոնցմէ։ Տաս տարի աւելի կանուխ պիտի կորսնցնէինք զինք, սակայն Ամենակալին կամքը երկարեց բարիքով լեցուն իր կեանքը։ Իր յայտնի Շինարարական  Ընկերութիւնը  աչքն ու ականջը դարձուց Ամերիկեան բազմամիլիոն արժեթուղթերու բաժնետէրերուն։

Իմաստուն Աչալրջութիւն

        Իր ժամանակին մարդը եղաւ Գէորգ  Յովնանեան երբ Հայրենիքը կը տուայտէր մեծ երկրաշարժի արհաւիրքներէն։ Բնակարաններու շինարարութիւնը ծաւալեց աւերակ Ստեփանաւանի մէջ, եւ իր Թեմէն ներս կառուցեց գեղակերտ Սուրբ Ստեփանոս հայադրոշմ եկեղեցին Նիւ Ճըրզիի Էլպըրոն քաղաքի հայ համայնքին համար ի յիշատակ իր բարեյիշատակ ծնողաց Ստեփան եւ Եսթեր Յովնանեաններուն։

          Անցնող եօթ տասնամեակներուն Արեւելեան Թեմի երեց հոգեւո-րականներուս  եւ ազգայիններու հայեացքին ներքեւ Գէորգ Յովնանեանի անձն ու գործունէութիւնը խօսուն ու վկայակոչող յուշարձան մը հանդիսացան։ Մեր սերունդի հայորդիներուն համար ճշմարիտ ու գերազանց դիմաստուերը ցոլացուց իր լիիրաւ իմաստով, եւ ո՛չ թէ յետ մահու երախտիքի հաշւոյն։ Գերազանցը այս պարագային կը բնորոշէ իր գլխագիր արձանագրութեամբ, արձանուած իր համեստ ու ցկեանս պատուաբեր պատուանդանին վրայ։ Իր աննկուն ձեռքբերումները սերունդներուն համար եղան դպրոց մը՝ արժէքներու դասաւորմամբ  եւ հայակերտ հաստատութիւններու նուիրաբերմամբ։

          Կուռ նկարագրի տէր Գէորգ Յովնանեան եղաւ պարծանքը հայ ժողովուրդին միջազգային մակարդակով, իր անունն ու գործարքը փայլուն կերպով պսպղալով օտար հաստատութեանց մօտ։ Յարգանքի տուրքն  ու գնահատանքը մեր Նուիրապետական Աթոռներուն եղան օրհնաբեր հանդէպ Տ եւ Տիկին Գէորգ ու Սիրվարդ Յովնանեաններու որոնց  երդիքին տակ կաթողիկոսներ նոյնիսկ հիւրասիրուեցան իմ ականատեսի վկայութեամբ։ Պատմութեան մէջ մեր բարերարները Հայ Եկեղեցիին ու ազգին բազկերակը հանդիսացան միշտ, եւ անոնց շարքին Գէորգ եւ Սիրվարդ Յովնանեանները։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ