Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

 Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ամուսնութեան Նորաձեւ Կողակից մը . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյէն։ Ցարդ ամուսնութիւնները կը կնքուէին այր մարդու եւ կնոջ միջեւ։ Սակայն քսանմէկերորդ դարուն՝ ամուսնութիւնները արտօնուեցան կնքուելու այր մարդու եւ այր մարդու եւ կամ կնոջ եւ կնոջ միջեւ ալ։

Նոյնիսկ՝ գէթ ամերիկայի մէջ, արտօնութիւն տրուեցաւ երկու էրիկ մարդոց եւ կամ երկու կիներու զաւակ որդեգրելու։ Ուրեմն՝ ամուսնութեան մեր գիտցած աւանդական դրութիւնը հիմնովին յեղաշրջուեցաւ, դէպի լաւը կամ դէպի վատը՝ դուք որոշեցէք։

Գալով մեր Թոքիոյի պատմութեան, ամուսնութեան նորաձեւ կողակիցի մը դրութիւնը ստեղծուեցաւ՝ որ բոլորովին տարբեր է ցարդ ընդունուած համակարգէն։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Խնդրոյ առարկայ անձը կը կոչուի Աքիհիքօ Քօնտօ։ Ան 38 տարեկան է, ունի կայուն գործ մը եւ ընկերային լայն շրջանակ մը։ Սակայն 2018-ին, ան անպաշտօն կերպով ամուսնացած է առասպելական կերպարի մը հետ (տես նկարը) որուն կոչած է Հաթսունէ Միքօ։ Անպաշտօն՝ որովհետեւ տեղի ունեցած է առանց պետական արտօնութեան։

Բայց եթէ ինծի հարցնէք, Հաթսունէ Միքօ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ մեր գիտցած պուպրիկը, չէ՞ք խորհիր!

Վերադառնալով այս տարօրինակ ամուսնութեան՝ մեր փեսան հետեւեալ ձեւով արդարացուցած է իր արարքը։

          «Ես երկար ժամանակէ ի վեր գիտէի որ մարդկային կողակից մը չէի ուզեր, որովհետեւ ընտանեկան կեանքը Ճափոնի մէջ  շատ կնճռոտ է։ Առաւել, միշտ ալ զգացած էի բուռն  գրաւչութիւն մը՝ առասպելական կերպարներուն հանդէպ։ Երբ միասին ենք, ան ժպիտ մը կը բերէ դէմքիս»։

Երբ իրեն հարցուցած են թէ ի՞նչ է առաւելութիւնը առասպելական կերպարին, Ան հետեւեալ ձեւով արտայայտած է իր մտածելակերպը։

          «Միքօն միշտ հոն է ինծի համար։ Ան երբեք անհաւատարիմ պիտի չգնուի իմ նկատմամբս եւ ես երբեք պիտի չտեսնեմ իր  հիւանդանալը կամ մեռնիլը . . .»

Հոս պէտք է աւելցնեմ որ Աքիհիքօ առանձին չէ իր այս արարքին մէջ, որովհետեւ հազարաւոր մարդիկ կը հետեւին իր օրինակին՝ եւ նոյնիսկ Ճափոնէն դուրս ալ!

Խղճամիտ Գողը . . .

Այս դէպքը պատահած է վերջերս Թէքսաս Նահանգի Փորթ Արթհըր քաղաքին մէջ։ Բուն նիւթին չանցած՝ կ՛ուզեմ ներածական մը ներկայացնել գողերու մասին։

Գողերը՝ առ հասարակ, լաւ տպաւորութիւն մը չեն ձգած մարդոց վրայ։ Այս մէկը արդարացի է որովհետեւ անոնք իրենց գողութեամբ ոչ թէ միայն նիւթական վնասներու կ՛ենթարկեն տուներու բնակիչները, այլեւ բարոյական ալ՝ բռնաբարելով անոնց մենութիւնը, այսինքն ամերիկեան մեկնաբանութեամբ` violating their privacy.

Վերադառնալով մեր տարօրինակ պատմութեան՝ խնդրոյ առարկայ մեր գողը կը կոչուի Մարգոս Հապըրտ։ Բայց ինչո՞ւ խղճամիտ բնութագրեցի զինք, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Ուրեմն Մարգոս օր ցերեկով կը մտայ բնակարանի մը առջեւի պարտէզը (front yard) եւ կ՛ուզէ գողնալ խոտ կտրելու մեքենան, որ  կը գտնուէր հոն։ Բայց երբ կը տեսնէ թէ խոտերը մեծցեր են, գործի կ՛անցնի եւ խոտերը կտրելէ ետք՝ մեքենան կ՛առնէ ու կը քալէ։

Յանկարծ տանտէրը վերահասու դառնալով եղածին, կը վազէ Մարգոսի ետեւէն որպէսզի մեքենան ետ առնէ։ Զայս տեսնելով՝ Մարգոս մեքենան կը թողու փողոցին մէջտեղը եւ թռիչք կ՛առնէ դէպի իր տունը . . .

Այս հարցին մէջ զիս զարմացնողը հետեւեալն է։ Եղբայր, խոտ կտրելիք մեքենան ի՜նչ արժէք կը ներկայացնէ, որ անոր համար մարդ ուզէ գողնալ զայն։ Վստահ եմ եթէ ձերբակալուէր, Մարգոս (տես նկարը) պիտի ենթարկուէր տուգանքի եւ հաւանաբար ալ բանտարկութեան։ Արդեօ՞ք կ՛արժէ այդ տաղտուկն ու անոր անհաճոյ հետեւանքները՝ գործածուած մեքենայի մը համար, չեմ հասկնար ու վերջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ