Անխառն ուրախութեամբ իմացանք, թէ մեր Ակումբի ժրաջան անդամներէն՝ Ընկ. Օհաննէս Սեդրակ Գուշերեան եւ իր ազնուափայլ կողակիցը՝ Լուիզա Սայատեան- Գուշերեան, Շաբաթ Մայիս 7, 2022-ին բախտաւորուած են առաջին մանչ զաւակով մը, զոր անուանած են
ՃԱՆ ՍԵԴՕ ԳՈՒՇԵՐԵԱՆ
Այս ուրախ առիթով կը շնորհաւորենք նորահայր Օհաննէս Գուշերեան եւ նորամայր Տիկ. Լուիզա Գուշերեան, մաղթելով նորածինին քաջառողջութիւն, երկար եւ բախտաւոր օրեր, միշտ արժանանալով Աստուծոյ առատ օրհնութիւններուն եւ բարիքներուն։