Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտյան Թեմի Երիտասարդաց  56-րդ Տարեկան Սպորտային Համախմբումը

     2022 թուականի Մայիս 27-29-ը` բարձր հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմի ACYO-ի կեդրոնական վարչութեան՝ տեղի ունեցաւ երիտասարդաց 56-րդ տարեկան սպորտային համախմբումը:

    Ամէնամեայ այս ձեռնարկը երիտասարդական չորս գլխաւոր միջոցառումներէն մէկն է, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Թեմի տարբեր ծուխերէն եւ համայնքներէն երիտասարդական  խումբեր՝  մրցելով սպորտային զանազան  խաղերու մէջ։

     Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ քաջալերական խօսքով։ Սրբազան հայրն իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Երիտասարդաց Կեդրոնական Յանձնախմբին, որ ջանասիրաբար կը կարողանան տարբեր ձեռնարկներով ի մի բերել եւ համախմբել Թեմի երիտասարդները։

     Այս երեք օրերու ընթացքին երիտասարդներուն կ’ընկերակցէին նաեւ Թեմի քահանաներէն՝ Տ․ Սարգիս Աւ․ Քհնյ․ Փեթոյեանը, Տ․ Կոմիտաս Քհնյ․ Զօհրապեանը, Տ․ Խաժակ Քհնյ․ Շահպազեանը, Տ․ Եսայի Քհնյ․ Պետրոսը, Տ․ Մաշտոց Քհնյ․ Քէշիշեանը եւ Տ․ Գրիգոր Քհնյ․ Զաքարեանը։

      Միջոցառումներու ողջ ընթացքը կ’ուղեկցուէր ազգային երգ ու պարով եւ խաղերով, մշակութային բաժնում իրենց մասնակցութիւնը բերեցին՝ Լոս Անճելըսի, Սաքրամենթոյի, Օքլընտի, Ֆրեզնոյի, Սան ֆրանցիսկոյի ծուխերու ներկայացուցիչները, Ֆրեզնոյի Հայ Պարային խումբը, ինչպէս նաեւ առանձին անհատներ եւ այլք։

      Վերջին օրը,  Կիրակի` Մայիս 29-ին, երիտասարդները միասնաբար մասնակցեցան Ս․ Պատարագի Ֆրեզնոյի Ս․ Պօղոս Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան Պատարագիչն էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը: Առաւօտէն սկսած Եկեղեցւոյ կամարներէն ներս մէկտեղուել էին հարիւրաւոր հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը դառնային օրուան ընթացքին կատարուելիք  հոգեզմայլ  արարողութեանց:

    Յընթացս Ս․ Պատարագի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց Սպորտային համախմբումի անդամներուն, ապա Իր խօսքն ուղղեց անոնց ըսելով․ «Սիրելի ACYO-ի երիտասարդ առաջնորդներ, այս վերջին երեք օրերու ընթացքին ականատեսը եղայ ուրախ ընկերակցութեան եւ համախմբումի: Եւ անգամ մը եւս համոզուեցի, որ աւելի քան յիսուն երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող ACYO-ն մեծ նուէր է մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ձեր ներկայութեամբ եւ ներգրաւուածութեամբ դուք ուրախութիւն եւ յոյս կը մատակարարէք մեր Եկեղեցուն եւ ազգին: Եւ իմ ուղերձը բոլորիդ այն է, որ դուք շարունակէք ամուր պահել ձեր սրտերու մէջ ACYO-ի հիմնադիրներու տեսլականը, ովքեր ապրեցան քրիստոնէական հաւատքով, իրենց սրտերու մէջ պահելով՝ անոր առաքինութիւնները:

     Այսօր ձեզ կ’ուղղեմ իմ ամենաջերմ աղօթքները եւ մաղթանքները, որպէսզի ձեր կեանքի ճանապարհին մշտապէս մեծ յաջողութիւններ գրանցէք: Իմ խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ նաեւ ACYO-ի Կեդրոնական խորհուրդի նուիրեալ անդամներուն՝ ատենապետութեամբ Ալէն Աշիգեանի։

    Աստուած օրհնէ ձեզ,  թող ձեր կեանքին ճանապարհը միշտ լուսաւոր ըլլայ։ Ապրէք ձեր կեանքը Քրիստոսի հետ եւ միշտ յիշէք, որ մենք բոլորս ալ մեր պապենական հողի՝ Հայաստանի, Հայ Եկեղեցւոյ որդիներն ու դուստրերն ենք, ինչպէս նաեւ  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հպարտ քաղաքացիները»։

     Ապա Ս․ Պատարագի աւարտէն յետոյ եռօրեայ երիտասարդական համախմբման ձեռնարկը աւարտուեց մրցանակաբաշխութիւններով եւ ամփոփիչ պարահանդէսով։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ