«Սփիւռքի Երիտասարդ Դեսպան» Ծրագիրը

    Այսու կու գանք տեղեկացնելու, որ ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ ընթացիկ տարւոյ մէջ կ’իրագործուի «Սփիւռքի Երիտասարդ դեսպան» ծրագիրը, որը նպատակ ունի Սփիւռքին մէջ ապրող 22-35 տարեկան հայ երիտասարդները ներգրաւել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ։

     Ընդառաջ պատական գերատեսչութեան խնդրանքին՝ Վեհափառ Հայրապետի թելադրութիւնն է, որ Արեւմտեան Թեմէն ներս հրապարակուի «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրի մասին՝ օգտագործելով հետեւեալ յղումը՝ http://diaspora.gov.am/hy/programs/19/Diaspora-Youth-Ambassador։

    Արեւմտեան Թեմը իր զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէ ՀՀ Կառավարութեան Սփիւռքի գրասենեակի կողմէ կեանքի կոչուած ծրագրերուն։

Դիւան Առաջնորդարանի
7 Յունիսի, 2022
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ