Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ծրարով Երջանկութիւն

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Դեղին գոյնով, գիծերուն վրայ օրօրուն վազքով Պելճիքական թրամվայները նոր չէին Գահիրէի մէջ, եւ յիսունական թուականներու առաջին կէսերուն, Ապպասիայի մեկնակէտէն մինչեւ Հելիոպոլսոյ արուարձան հասնիլը, կէս ժամէն աւելի կը տեւէին:

Թերեւս ալ այդ պատճառով, լեցուն չէր այն օրուայ յետմիջօրէի ժամը երեքի հանրակառքը երբ քոյրս ու ես, երկրորդ կարգի փայտէ նստարանի մը վրայ իրարմէ ծրարով բաժնուած՝ Հելիոպոլսոյ Broderie Karkour խանութը գործ կը տանէինք:

Ես այն ատեն հազիւ ինը կամ տասը տարեկան տղայ, ամէն երկուշաբթի կամ երեքշաբթի օրերուն , քրոջս հետ Հելիոպոլիս կը ճամբորդէի:

Մայրս ճամբաներու վտանգներու մասին շատ կը մտահոգուէր, եւ կարծես քրոջս ապահովութիւնն ալ իմ ինը կամ տասը տարիներու ուժիս վստահէր՝

– Գնա՛, հարկ եղած պարագային գոնէ քովը ձայն մը կ’ըլլաս,- կ’ըսէր զիս խրատելով :

Ես մօրս պատուէրին վրայ, ինքզինքս մեծի մը չափ պատասխանատու կը զգայի եւ տասը տարիներու բոլոր ուժովս, քոյրս պաշտպանելու հազարումէկ երեւակայական ձեւեր կը մտածէի :

Հեռու չէր Գարգուրին խանութը, սակայն ինծի համար այլեւս սովորական դարձած էր երկուշաբթի կամ երեքշաբթի օրերու ճամբորդութիւնը, ու ես արդէն գրեթէ գոց սորված էի թրամվայներուն աջ ու ցախ օրօրուելու թիւը, ու շատոնց ալ ընտելացած էի գիծերու վրայ դարձող անիւներու միօրինակ «Թըքը՛ր, Թըքը՛ր» ձայնին, որ hաւասար հեռաւորութիւններէ անդադար կրկնուելով, ատեն մը ետք արդէն ձանձրալի կը դառնային ականջներուս :

Սակայն կարեւոր էր շաբաթը գոնէ մէկ անգամ Հելիոպոլսոյ Broderie Karkour ի խանութը այցելելը, որովհետեւ անոր տէրը, քրոջս գործ կու տար:

Իր Karkour անունը, հայերէնով մեր գիտցած Գրիգորն էր:

Բայց ան հայախօս չէր, եւ գիտցողներուն համար ալ, հազիւ անունով միայն հայ էր, որովհետեւ պզտիկութենէն հայախօս շրջաններէ հեռու մնալով, կանուխէն արաբախօս դարձած էր:

Շատ չէին իրեն պէս հայախօս չեղողները գաղութին մէջ:

Սակայն Karkourը աշխատող եւ դրամ խնայող էր, եւ տարիներ առաջ Հելիոպոլսոյ մէջ հիմնած իր խանութն ալ, հինէն ի վեր ճանչցուած էր արուարձանին մէջ:

Հոն պաշտօնեաները եւ երբեմն ալ նոյն ինքն Karkourը, երկար սեղաններու ետեւ նստած, ասեղնագործութեան ապսպրանքներ կ’ընդունէին, եւ խանութի ցուցակներէն եղած ընտրութիւններով, յաճախորդներու բերած սպիտակ սաւաններու, սեղանի սփռոցներու , եւ դեռ տարբեր տեսակ ալ կերպասներու վրայ , մանիշակագոյն «քոփիա» մատիտով հրեշտակներ, ծաղիկներ, եւ ուրիշ սիրուած նկարներ կը գծէին, եւ «դուրս»ը աշխատողներու գործ կու տային:

Մենք ամէն անգամ երբ սաւաններու կապոցներով տուն դառնայինք, քոյրս սեղանին վրայ կը բանար կապոցները, սաւաններուն վրայ կատարուելիք աշխատանքը վայրկեան մը լուռ աչքէ կ’անցնէր, ու յետոյ կողմս դառնալով,

-Կարօ, գնա՛ խասնախներս ինծի բեր,-կ’ըսէր:

Խասնախները բարակ փայտէ երկու բոլորակաձեւ շրջանակներ էին, որոնցմէ մէկը , միւսէն շատ քիչ տարբերութեամբ յա՛տկապէս պզտիկ շինուած կ’ըլլար, որպէսզի կերպասին վրայի բանուելիք մասը երկուքին միջեւ պրկուելով հաստատ մնար, եւ կարի մեքենային ելլող-իջնող ասեղին տակ չի խաղար, եւ աշխատանքն ալ չի դժուարանար:

Քոյրս գործի նախապատրաստական այդ մասը վերջացնելէ ետք, մեքենային աջ կողմի պզտիկ անիւը ձեռքով վար կը հրէր եւ խասնախները մեքենային ասեղին տակ աջ ու ձախ, կամ վեր-վար շարժելով, սպիտակ սաւանները գունաւոր ծաղիկներով կը լեցնէր:

Գործը հեռուէն դիտողին համար դիւրին կ’երեւէր, բայց իրականութեանը մէջ այդպէս չէր, եւ անոր աւելի դժուար ու «ձեռք բռնող» մասն ալ, դեռ ծաղիկները մաքրելն էր, որոնք մեքենայով աշխատուած ըլլալնուն պատճառաւ թելերով իրարու կապուած կ’ըլլային: Այդ թելերը զանազանել, պզտիկ մկրատով ուշադրութեամբ կտրել եւ մաքրելն ալ, ուրիշ մանրակրկիտ գործ էր եւ սաւաններուն վրայ ծաղիկներ բանելու չափ ալ ժամանակի կը կարօտէր:

Սակայն գործը դիւրին չէր, մինչեւ վերջանալը շատ կ’երկարէր եւ մայրս ալ երբ ամէն անգամ անցնէր ու քոյրս մեքենային ետեւ նստած տեսնէր, կամ ալ հեռուէն դարձող անիւին աղմուկը լսէր,

-Ա՜խ , ես ի՛նչ սխալ ըրի տէ, աղջիկս պզտիկ տարիքին մեքենայի գործին տակ դրի,- կ’ըսէր ու կ’ափսոսար:

Ճիշտ է որ մեր ընտանիքին պայմանները փայլուն չէին այն օրերուն, սակայն անկախ ատկէ, մայրս նոյն ձեւով միշտ ալ ինքզինք յանցաւոր կը զգար եւ տարիներ յետոյ ալ, երբ մեր ընտանիքին «մէջքը շտկուեցաւ» , ան յաճախ աչքերուն մէջ պահած իր հին օրերուն կը նայէր, եւ կարծես դիմացն ալ գտնուող մէկու մը հետ խօսէր,

-Ի՞նչ ընէի…. ստիպուած էի,-կ’աւելցնէր եւ գլուխը ցաւով կը շարժէր:

Ես այն օրերուն կը լսէի մօրս ափսոսանքը, եւ կ’ուզէի օգնել քրոջս: Ան մեքենային առջեւ գլուխը կախ, ոտքով շարունակ անիւը կը դարձնէր եւ մարմինը միայն կը շտկէր, երբ նոր տեսարաններու վրայ աշխատելու համար, խասնախներուն տեղերը փոխել պէտք կ’ըլլար: …:

Հեռուն նստած, դասագիրքերուս վրայէն ես կը տեսնէի ու կը դիտէի կարի մեքենայէն ամէն օր քիչ մը աւելի վար կախուող ծաղիկներով աշխատուած սպիտակ սաւանները…:


Թրամվայը գիծերուն վրայ ճռնչալով դանդաղեցաւ եւ կանգառին մօտենալով օրօրը դադրեցուց:

Տուներէն եւ խանութներէն վեր, արուարձանին երկինքը պայծառ էր եւ կարծես սերմնացան մը արեւին դէմ ափով հատիկներ նետած ըլլար այդ պահուն, երկու իրարու մօտ ճերմակ գիծեր, դանդաղ կը քակուէին ու կը հալէին վերի կապոյտին վրայ…:

-Տեսա՞ր, ի՞նչպէս ճերմակ են վերի գիծերը,- հարցուցի քրոջս երբ վեր նայեցայ:

-Օդանաւ անցած ըլլալու է ,- պատասխանեց քոյրս անհոգ ձեւով եւ ինքն ալ վեր նայեցաւ…:

Կանգառի մայթին վրայ Նոյեմբերի գարնան հովը զով կը փչէր:

Փողոցի ասֆալտէն անդին, դիմացի “Broderie Karkour”ին ապակիէ դուռը բաց էր:

Ներսը խանութի խորքին երկարող սեղանի մը ետեւ, քանի մը պաշտօնեաներ ցուցակներու էջեր դարձնելով, յաճախորդներու հետ կը խօսակցէին եւ առաջարկներ կ’ընէին:

Յանկարծ մեր ետեւէն,

-Ա՜՜հ… եա «Ուարտա», այս որչա՜փ շուտ,- լսեցինք:

Դարձանք Karkourն էր:

Թուխ դէմքով օտարացած խանութպանը «Ուարտա» կը կանչէր քրոջս անունը, որ թէեւ արաբերէնով հայերէնին իմաստը ունէր, բայց անշուշտ նոյնը չէր մեզի համար…:

-Այս անգամուն եղբայրս օգնեց ինծի, ու ես ալ կրցայ գործը աւելի շուտ վերջացնել ,-պատասխանեց քոյրս Karkourին, եւ ձեռքով հետը բերած ծրարը ցոյց տուաւ:

-Ինչ լա՜ւ,- ըսաւ Karkourը եւ յետոյ ալ,- գրասենեակս երթանք կ’ուզեմ տեսնել բերած գործերդ ,-աւելցուց…

Երկար սեղանի մը առջեւ, Karkourը ակնոցներ անցուց աչքերուն, քակեց ծրարը, եւ դուրս հանեց քրոջս ըրած գործերը: Յետոյ բացաւ առաջին եւ երկրորդ սաւանները եւ առջեւի ու ետեւի կողմերը քննելէ ետք, գոհունակ դէմքով ծալեց եւ երրորդը բացաւ:

Ես քրոջս մօտ կեցած՝ հետաքրքրութեամբ կը դիտէի Karkourին բոլոր շարժումները եւ քիթէն հիմա սահած ու վար իջած կլոր ակնոցները:

Յանկարծ Karkourը հաստ իրանը առջեւ ծռեց, եւ լայն ափը բերնին տանելով, կէս զարմացած ու կէս ալ բարկացած շեշտով,

-Այս ի՞նչ է ,-պոռաց:

Սպիտակ սաւանին վրայ ծաղիկներէն մէկուն շատ մօտիկ, մկրատի գրեթէ աննշմարելի կտրուածքի մը նորոգութիւնը կար…:

Այդ կտրուածքը ծանօթ էր ինծի: Նախորդ գիշեր, քրոջս օգնելու նպատակով ծաղիկներուն թելերը կտրած ժամանակս, մկրատը առանց ուզելու ձեռքէս «փախած» եւ պզտիկ կտրուածք մը բացած էր սաւանին վրայ:

Ես յուսալով որ եղածը աննկատ կ’անցնէր քրոջմէս, բան չէի ըսած իրեն: Սակայն առաւօտուն ան նշմարած էր եւ առանց ինծի յայտնելու, վրան կանանչ տերեւ բանելով ծածկած էր կտրուածքը:

Նորոգութիւնը գրեթէ վարպետ արուեստագէտի մը գործին չափ կատարեալ եղած էր, եւ քննիչ աչքերու մօտ անգամ դժուար կասկածի տեղ կը ձգէր :

Սակայն այդպէս չէր Karkourին համար: Իր վարժ եւ պրպտող սուր աչքերով ան նշմարեց սաւանին վրայի նորոգութիւնը եւ սաստիկ բարկացաւ: Ան մօրս խօսքով ան «Մըզ Մըզ» մարդ էր եւ վստահ չեմ, բայց այն օրը թերեւս գործի վերաբերեալ ունեցած ուրիշ մտահոգութիւններու պատճառով, պատճառներով, չուզեց քրոջս աշխատավարձը վճարել:

Օգուտ չունեցան քրոջս բոլոր համոզիչ խօսքերը:

Karkourը անդրդուելի մնաց ու չկակուղցաւ:

Ես դիմացը ոտքի կեցած, վայրկեանին խղճի խայթ զգացի:

Ի վերջոյ կը գիտակցէի որ բուն յանցաւորը ես էի եւ քոյրս չէր…:

Karkourը դեռ բարկացած, սեղանին վրայ սաւանը առջեւ ետեւ կը դարձնէր:

Ես իր շարժումները դիտելով,

– Ինչպէ՞ս կրնամ օգնել քրոջս եւ մօրս պատուիրած քովի « ձայնը ըլլալ» կը խորհէի…:

– Բայց ես տասը տարեկան հասակովս ի՞նչ կրնայի ընել կամ ըսել Karkourին…

Սակայն կարեւոր էր զգացնել քրոջս , որ գոնէ քովն էի եւ հետն էի…:

Բնազդաբար քայլ մը մօտեցայ եւ լուռ թեւին դպայ:

Ան հասկցաւ, ձեռքս բռնեց եւ պահ մը իր քրտնած ափին մէջ պահեց:

Սակայն այն օրուընէ յետոյ, հակառակ զղջացած Karkourի մը շատ անգամներ ղրկած ստիպողական նոր առաջարկներուն, քոյրս եւ ես իր խանութը չայցելեցինք այլեւս, եւ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի օրերու յետմիջօրէներուն Հելիոպոլսոյ արուարձանը գացող հանրակառքի փայտէ նստարանին վրայ երկու տեղեր միշտ թափուր մնացին…:


Քաղաքի լայն պողոտային վրայ, Օգոստոսի կէսօրուայ արեւին դէմ խանութներու վար իջած եւ յետմիջօրէին դեռ բաց մնացած ամպհովանիները, ցուցափեղկերու առջեւ զով շուք ձգած էին , եւ երբեմն ալ ներսէն մինչեւ մայթերը հասնող անուշ բոյրեր, փողոցին մէջ քալելը հաճելի կը դարձնէին այդ ժամուն:

Օրը սկաւառակէ մը քակուող երգի պէս, դանդաղ կը հալէր արեւի լոյսին մէջ…:

Հանդարտ եւ խաղաղ էր երկինքը:

Յանկարծ կանանչ Նէոն լոյսերով Kayser կօշկավաճառի խանութին մօտերը հով փչել սկսաւ, եւ պողոտային մէջտեղի ծառերուն կլոր տերեւները խշշալով շարժեցան:

Սակայն դեռ ուրախ էր փողոցին մթնոլորտը, կամ ալ թերեւս այդպէս թուեցաւ մեզի այդ պահուն, որովհետեւ “Broderie Karkour”ի տուած մեր վերջին այցելութիւնէն ետք, քոյրս սկսած էր մեր ծանօթներուն եւ բարեկամներուն առաջարկել իր գործը: Տարբեր էր հանրակառքով շաբաթական ճամբորդութիւններէն այն օրը, եւ մենք՝ քոյրս ու ես, պողոտային վրայ թեթեւ քայլերով, այս անգամուն, Տիգրան Էվերեկլեանին տունը աշխատուած սաւաններու եւ բարձերու գործ կը տանէինք:

Տիգրանը կօշիկներու մեծ վաճառական էր եւ եթէ չեմ սխալիր խանութներ ունէր ու հօրաքրոջս ամուսինին կողմէն ալ ազգական էր մեզի:

Ծառազարդ պողոտան շատ երկար չէր, , եւ շառագունած երկնքի լոյսին տակ անոր երկայնքին տեսնուող տեսարանը յատկապէս գեղեցիկ էր այդ պահուն եւ քիչ յետոյ, երբ Cicurel վաճառատան առջեւ հասանք, դիմացի ճաշարանին փայտէ շրջանակով բաց դրան ապակիներուն մէջ, ներսի երկու կամ երեք լուսամփոփներու դեղին լոյսերը կը ցոլային, եւ մայթերու վրայ շարուած սեղաններու շուրջ դարձող շքեղ համազգեստով սպասաւորներն ալ, բարձր մակարդակի հով կու տային ճաշարանին…:

Մենք քալեցինք ու անցանք անոնց առջեւէն, եւ պողոտային կէսի խաչմերուկին՝ Սոլիման Փաշա փողոցին մէջ բարձր եւ շքեղ շէնքէ մը ներս մտանք:

– Հելլօ՜՜… բացագանչեց Տիգրանը խնդալով երբ վերելակէն դուրս ելաւ եւ մեզ տեսաւ…

Միջին տարիքով Տիգրանը վայելուչ հագած էր : Մաքուր ածիլուած դէմքէն թարմութիւն կը ծորար, եւ իր երկար «Հելլօ՜՜»ն ալ թէեւ սովորական չէր ու խորթ էր մեզի , սակայն վայրկեանին արդիական եւ հաճելի թուեցաւ ինծի:

Տիգրանը վերելակին դուռը վայրկեան մը ձեռքով բաց պահեց, եւ յետոյ

-Կը ներես,-ըսաւ քրոջս,-ես հիմա դուրս ելլելու վրայ եմ բայց դուք ելէ՛ք, Օտէթը վերն է ձեզի կը սպասէ,-բացատրեց ժպիտով:

Նրբակազմ մարմինով Օտէթը երբ դուռը բացաւ, փափուկ ծաղիկներ գրկելու պէս ձեռքերուն վրայ վերցուց մեր տարած ծրարը, եւ երբ քակեց կապոցը ու բացաւ սաւանները, վայրկեան մը հիացած կեցաւ, եւ լուռ դիտեց քրոջս գործը:

Բաց սաւաններուն վրայ անխօս մտերմութեամբ քով քովի ժպտուն ծաղիկներ , կարծես ոչ թէ ասեղով եւ գունաւոր թելերով միահիւսուած էին, այլ կակուղ վրձինով ներկուած …:

Օտէթը սքանչացած, ձեռքը ծաղիկներուն քսեց եւ քրոջս նայելով,

-Վարդուհի՛, ասոնց միայն անուշ բոյրը պակաս է ,-ըսաւ:

Օտէթը կատակասէր էր բայց միեւնոյն ատեն ալ գործնական կին էր: Ան սուրճի եւ քաղցրաւենիքի վրայ

-Հիմա ըսէ՛ Վարդուհի, ի՛նչ է քեզի տալիք պարտքս,- հարցուց:

-Պարտք չկայ տալիք Օտէթ,- պատասխանեց քոյրս եւ ըսածէն գոհ, անմիջապէս ժպտեցաւ…:

Ես չհաւատացի լսածիս, շշմած կծկուեցայ եւ ինքնիրենս,,

-Այս երկրորդ անգամն է, որ քոյրս աշխատավարձ չստանար,-մտածեցի,-առաջինը առանց իր կամքին, իսկ երկրորդն ալ կամովին…

Սակայն միայն ես չէի լսածիս չհաւատացողը: Օտէթն ալ չէր հաւատացած իր լսածին եւ առանց սպասելու

-Ինչպէ՜ս առարկեց…

-Դուք հօրաքրոջս ամուսինին կողմէն ազգական էք մեզի,- պատասխանեց քոյրս, եւ Օտէթին պնդումներուն տեղի չտուաւ :

Անկէ յետոյ անցան ամիսներ եւ մենք մոռցանք Օտէթին մեր տուած այցելութիւնը:

Դեկտեմբեր ամսու կէսերու կանուխ եւ ցուրտ առաւօտ մը, թաւ ձայնով մէկը յանկարծ վարէն

– Եա Մազմազել Ուարտա՜՜,- պոռաց…

Մենք առաջին յարկ կը բնակէինք:

«Մազմազել»ը ես գիտէի, եգիպտացիներուն աղաւաղուած ձեւով գործածած, ֆրանսերէնին «Mademoiselle» ն էր:

-Բայց ո՞ր եգիպտացին մեզի պիտի փնտռէ,-խորհեցայ եւ կարեւորութիւն չտուի:

-Մազմազել Ուարտա՜՜՜կրկնեց ձայնը այս անգամ աւելի բարձր, եւ քիչ յետոյ ուժեղ կազմուածքով մարդ մը մեր տան դուռը թակեց:

Երբ բացինք, խոշոր ծրար մը ձեռքին,

-Մազմազել Ուարտան հո՞ս կը բնակի ,- հարցուց:

Մօրս հաստատական պատասխանին վրայ, մարդը ձեռքի կապոցը մօրս երկարեց, եւ

-Առէ՛ք, այս ձեզի համար է ,-ըսաւ:

Բոլորս զարմացանք եւ

-Ո՞վ կրնայ ղրկած ըլլալ այս ծրարը ,-հարցուցինք մարդուն…:

-Ձեր ազգականը Ուսթազ Տիգրանը եւ Մատամ Օտէթը,-պատասխանեց մարդը եւ յետոյ կռնակը դարձնելով , սանդուխի աստիճաններէն արագ վար իջաւ անյայտացաւ:

Մենք բացինք ծրարը: Մէջը տոպրակներով ընկոյզ, չամիչ, կաղին, նուշ, եւ դեռ ուրիշ ալ մրգեղէններ կային:

Հոն ուր ափ մը երջանկութիւն բաւ էր մեր հոգիները պայծառացնելու համար, Օտէթը այդ երջանկութիւնը շալկած խոշոր ծրարով ղրկած էր մեզի:

Յուզիչ եւ անսպասելի էր պահը:

Մայրս թեւերը բարձրացուց եւ օրհնեց Օտէթին եւ Տիգրանին մեզ յիշած ըլլալնուն համար:

Այն տարուայ կաղանդի գիշերը, մեր սեղանը միրգերով ճոխ, ուրախ եւ առատ եղաւ եւ մենք այնպէս զգացինք, որ Օտէթը եւ Տիգրանը իսկական ազգականներ էին մեզի, որովհետեւ անկէ յետոյ, մենք դեռ հինգ յաջորդաբար տարիներ եւս, կանոնաւոր կերպով ստացանք եւ վայելեցինք անոնց ծրարներով մեզի ղրկած խոշոր երջանկութիւնը…:

Քամփինաս, Պրազիլ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ