Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՓԹԻԹ-ի Կայքին Բարեփոխումն ու Փթթումը

Համավարակի պարտադրած նոր ապրելակերպը եւ առցանց ուսուցումի կիրարկումը ապացուցեցին, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի (ԳԿՀ-ՀԲ) որդեգրած ուղղութիւնը՝ արեւմտահայերէնի զարգացումըիրականացնել զանազան առցանց նորարար ծրագիրներով, տեղին ու իրաւացի էր։ Կրթական նոր ծրագիրներու եւ մանաւանդ երիտասարդներու նորարար մօտեցումներնու արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու ջանքերը քաջալերելու քաղաքականութեան մէջ ներառուեցաւ նաեւ ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայքի վերանորոգումն ու աշխուժացումը։

2010 թուականին թիւ 0 փորձառական համարով հրապարակ իջած ՓԹԻԹ մանկապատանեկան պարբերաթերթը 2015-ի վերջաւորութեան ունեցաւ իր ելեկտրոնային առաջին տարբերակը՝ կայքը, իսկ 2016-ին երկրորդը՝ բջջային հեռախօսներու յաւելուածը, շնորհիւ ԳԿՀ-ՀԲ-ի պատասխանատուներուն ամբողջական նեցուկին։ Եռամսեայ հերթականութեամբ եւ անվճար՝ հայ մանուկին ու պատանիին հասանելի կը դառնայ ՓԹԻԹ-ի կայքը www.e-ptit.com եւ յաւելուածը PTIT-ՓԹԻԹ։

ՓԹԻԹ իր փորձառական համարին լոյս տեսած օրէն նպատակադրած էր սփիւռքահայ նոր սերունդին մէջ քաջալերել հայերէն ընթերցասիրութիւնը եւ հարստացնել անոր առօրեայ խօսակցութեան բառամթերքը՝ մատուցելով բարոյական բովանդակութեամբ պատմութիւններ, առակներ, առողջապահական գիտելիքներ, իրենց տարիքին յարմար ժպիտներ, հանելուկներ եւ  մանաւանդ  լեզուական, թուաբանական եւ այլ բնոյթի խաղեր։ 

Ելեկտրոնային ՓԹԻԹ-ը, տպագիր տարբերակին առընթեր, շարունակեց փթթիլ, կիրարկումովը փոխներգործուն խաղերու՝ լսատեսողական յաւելեալ հնարքներով։  ԳԿՀ-ՀԲ-ի շարունակական նիւթաբարոյական քաջալերանքով բազմացան հերթական թարմացումները եւ ՓԹԻԹ վերածուեցաւ զոյգ Ամերիկաներէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք փնտռուած կայք մը։  Ըստ համակարգչային վիճակագրական տուեալներու, ՓԹԻԹ-ի կայքի այցելուներու թիւը հասած է շուրջ 122,000-ի, իսկ ՓԹԻԹ-ի յաւելուածի ներբեռնողներու թիւը՝ շուրջ 48,000-ի։  Համավարակի առցանց ուսուցումի ժամանակամիջոցին ՓԹԻԹ-ի կայքը եւ մանաւանդ լեզուական խաղերն ու պատմուածքները յաճախ օգտագործուեցան բազմաթիւ սփիւռքահայ վարժարաններու հայրենաւանդ ուսուցիչներուն կողմէ իբրեւ առցանց ուսուցումի յարմար միջոց։

Համավարակի տարածումին ու շարունակումին առընթեր, ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւնը եւ ԳԿՀ-ՀԲ-ի պատասխանատուները, յարմարելու համար նոր զարգացումներուն, նախաձեռնեցին ՓԹԻԹ-ի կայքի աշխուժացումին, ծրագրելով հիմնական բարեփոխումներ, գլխաւորաբար  պարունակական (երեք նոր բաժիններու յաւելում), որակային եւ ձեւաւորումի բարեփոխումներ, որոնք մեկնարկեցին 5 Մայիս 2022-ին։ Այսուհետեւ, ՓԹԻԹ-ի կայքի իւրաքանչիւր թարմացում պիտի ունենայ յատուկ թեմա մը, եւ այդ թեմային առնչուած ամբողջական գիտելիքներ պիտի պարգեւէ իր այցելուներուն։

Մինչ այդ, ՓԹԻԹ-ի տպագիր  տարբերակը, որ դադրած էր 2020-ին թիւ 17 համարի հրատարակումով, նոր շունչ մը ստացաւ ՀՀ-ի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութենէն ստացուած պաշտօնական հրաւէրով՝ Երեւանի մէջ լոյս ընծայելու յատուկ համար մը, Հայրենիք հաստատուած եւ արեւմտահայերէնով արտայայտուող մասնաւորաբար հալէպահայ եւ պէյրութահայ պատանիներուն ուղղուած։Խանդավառութեամբ եւ ոգեւորումով սկսած աշխատանքը զուգահեռ ընթացաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետ։  ՀՀ ԿրթութեանԳիտութեան Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէնութեան գործակցութեամբ հրատարակուած ՓԹԻԹ-ի այդ յատուկ համարը լոյս տեսաւ 2020 Նոյեմբերին տխուր ու ճնշիչ մթնոլորտի մը մէջ։Ոչ ծանուցում, ոչ ալ արժանի շնորհանդէս կատարուեցաւ։  Սակայն մնաց յոյսը՝ շարունակելու կատարուած յաջող այս փորձը։

ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւնը կը հաւատայ ազնիւ նախաձեռնութիւններու յարատեւումի ջանադրութեան։  Կը յուսանք որ ՓԹԻԹ պարբերաթերթը կարելիութիւնը պիտի ունենայ շարունակելու իր առաքելութիւնը Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ։ Նաեւ կը մաղթենք որ ԳԿՀ-ՀԲ-ի ամբողջական հովանաւորութեամբ հրապարակուած ելեկտրոնային յաւելուածը եւ բարեփոխուած կայքը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը իբրեւ փոքրիկ օղակ մը այն մեծ շղթային, որ ԳԿՀ-ՀԲ-ը, իր այլազան ծրագիրներով կազմած է ի խնդիր արեւմտահայերէնի պահպանումին ու զարգացումին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ