Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Եկեղեցւոյ Շարականները Հազարամեայ Ընթացք Ինքնատիպ Հեղինակութիւն

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ շարականները ինքնատիպ են եւ ոչ մէկ պարագայի թարգմանութիւն հնագոյն լեզուներէ։ Անոնք հազար տարիներու Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերու կողմէ գրուած հոգեւոր երգեր են Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած՝ կրօնական եւ ազգային դէպքերու յատուկ արձագանքներով։

Հազարամեայ Ընթացք

Հայ Եկեղեցւոյ շարականները յօրինուած են ինքնատիպ ոճով, առանց որեւէ թարգմանութեան ու բացառապէս Սուրբգրային հիմունքով եւ աստուածաբանական ուղղափառ դաւանանքով։ Շարակնոցին սկիզբը աւանդաբար նշուած են հեղինակներու անունները, մասամբ հաւանական ճշգրտութեամբ, եւ մեծ մասամբ ստոյգ՝ իրենց բուն անուններով յայտնի։ Անոնցմէ կարեւորագոյններն են Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոս, (7¬դար), եւ  Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ, (12-դար), որոնց առանձինն պիտի անդրադառնամ։ Հազարամեայ ընթացքը կ՛ընդգրկէ 5-15 դարերը։ Կան անշուշտ հնագոյն թարգմանութիւններ որոնք շարականներուն չեն վերաբերիր, այլ կը վերաբերին Հայ Եկեղեցւոյ կազմաւորման համար անհրաժեշտ եղող աստուածաբանական եւ ծիսական բնագիրներուն։

Աստուածաշունչ Մատեանը՝ Հիմք Շարականներուն

Հայ Եկեղեցւոյ շարականները մեծագոյն մասամբ կը ցոլացնեն Սուրբ Գիրքի Հին եւ Նոր Կտակարաններու տուեալները՝ յատկապէս Նոր Կտակարանին։ Ինքնատիպ եւ հոգեշունչ ոճով  մեր Հայրերը գրած ու երգած են Մարգարէաշունչ պատգամները հարեւանցի կերպով, եւ մնայուն կնիք դրած Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի ծննդեան, առաքելութեան, հրաշա-գործութեանց, առակներու եւ Իր կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ, միշտ հաւատարիմ մնալով համապատասխան աստուածաբանական ուղղափառ դաւանանքին։ Որպէս կենսական դաւանանք Շարականներուն մէջ յատուկ բաժին տրամադրուած է Սուրբ Երրորդութեան դաւանանքին, միաստուածութեան Երեք Դէմքերուն՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։

Առանձնապէս Սուրբ Ծննդեան, Մկրտութեան, Լերան Քարոզին, հրաշագործութեանց, առակներու, մինչեւ Չարչարանաց Շաբաթն ու Խաչելութիւնը, Թաղումն ու Հրաշալի Յարութիւնը ներգրաւուած են մեր շարականներուն մէջ հրաշալի եւ աղօթանուէր երաժշտութեամբ։ Ապա Գործք Առաքելոցի ներշնչմամբ՝ Համբարձումն ու Հոգեգալուստը այնքան գեղեցկահիւս երաժշտութեամբ ինչպէս Համբարձաւ Տէրն մեր յերկինս, Առաքելոյ Աղաւնոյ եւ Կենդանարար Աստուած շարականները։ Անոնց կողքին կան բազմաթիւ շարականներ որոնք միայն յատուկ են Աստուածամօր Սուրբ Կոյսին «Մեծացուսցէ» անուան տակ, ներփողելով դերն ու սրբութեանց գլուխն եղող Կոյսը՝ Ս. Ծնունդէն մինչեւ Խաչելութիւն, եւ ապա Աստուածամօր Վերափոխումը։   

Շարականներուն մէջ յայտնի են նաեւ յատուկ բաժիններով՝ Խաչին ու Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրուած բազմաթիւ յիշարժան հոգեւոր երգերը, ուր միաձուլուած կ՛երգուին Սուրբ Խաչն ու Եկեղեցին, Փրկիչն Քրիստոս՝ Երկնքի Թագաւորը փողերգելով երկրի վրայ։  Յետագայ շարականագիր հեղինակներ չեն կրկնած, եւ սակայն բազմիցս նորոգելով նոյն եւ նոր նիւթերը երգած են հարստացնելով մեր Շարակնոցը Հինգ Տաղաւարներու յատուկ խմբաւորումներով՝ Ս. Ծննդեան, Ս. Յարութեան, Վարդավառի, Վերափոխման եւ Խաչի Վերացման՝ ըստ դէպքերու տարեկան հաւանական եղանակներուն։ Անոնց առընթեր շարականներու կարեւոր խումբ մը լիովին նուիրուած են ապաշխարութեան՝ գլխաւորութեամբ Քառասնօրեայ Մեծ Պահքին ուր հոգեզմայլ այդ հոգեւոր երգերը լիապէս հոգեկան երջանկութիւն կը բերեն հաւատացեալներուն, նոյնիսկ եթէ չհասկնան բարդ գրաբար լեզուով գրուածները, հիանալով անպայման երգեցողութեան վրայ։

Եկեղեցւոյ Սուրբերուն Յատուկ

Անկասկած Ընդհանրական Եկեղեցւոյ եւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբերուն ընծայուած շարականները ընդգրկուած են մեր Շարակնոցին մէջ մեծ ոգեւորութեամբ, յարգանքով եւ ամենասուրբ տողերով՝ սկսեալ Աստուածաշունչի Սուրբերէն, յատկապէս Նոր Կտակարանի Աւետարանիչներէն մինչեւ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ Սուրբերը։ Բոլորն ալ անխտիր «բարեխօսութեան» խնդրանքով։ Աղօթողն ու երգողը Փրկչին մօտ բարեխօսութիւն կը հայցէ տուեալ Սուրբերէն, գլխաւորագոյնը ըլլալով Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը, որմէ միշտ կ՛աղերսենք բարեխօսելու իր Միածին Որդւոյն մօտ մեր բոլոր կարիքներուն եւ մեղքերուն նկատմամբ։ Սուրբ Կոյսէն անմիջապէս ետք երկու Սուրբեր միշտ նախապատիւ համարուած են եւ երեքն ի մի ունին իրենց յատուկ տեղը ունին մեր Շարակնոցին մէջ՝ Ս. Յովհաննէս Կարապետն ու Ս. Ստեփաննոս Նախավկան։         

Հայ Եկեղեցւոյ ազգային նկարագիրը յայտնաբերուած է նաեւ շարք մը յայտնի շարականներուն մէջ՝ դէպքերուն առընթեր համապատասխան Սուրբերու յիշատակութեամբ, սկսեալ Միածնաէջ Խորանէն, Էջմիածինն ի Հօրէ, մինչեւ Գիրերու Գիւտը՝ Որք զարդարեցին տնօրինաբար, Աստուածաշունչ Մատեանի թարգմանութենէն մինչեւ Վարդանանց Հերոսա-մարտն՝ Նորահրաշ Պսակաւոր, ու Միջնադարեան հոգեւոր մեծ կրթարանները Հայաստանի տարածքին՝ Հրաշափառ Աստուած զմայլելի շարականով։ Եկեղեցական Ժողովներու քննարկմամբ նոյնիսկ մեր շարականները նուիրագործուած են գիտնական երաժիշտներու դասաւոր                                  ա:ձումներով, ինչպէս Ներսէս Գ Իշխանցի Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Դուինի մէկ ժողովին ուր Բարսեղ Ճոն վարդապետը հաստատած է շարականներու ութ ձայները։ Իւրաքանչիւր շարական պէտք է երգուի ութ ձայներէն մէկուն համաձայն, քանի որ երաժշտութիւնը ձեւաւորուած է երգին շարադրութեան եւ իմաստին վրայ։

«Այսօր» Բառին Հարիւրաւոր Ներկայութիւնը

Այնքան ակնառու է այս շատ պարզ «այսօր» բառին հարիւրներով օգտագործումը մեր բոլոր շարականներուն մէջ, յատկապէս անոնց սկիզբը եւ կամ ներքին կառուցուածքին մէջ։ Առանց կասկածի կարելի է ըսել որ միակ բառն է այնքան կրկնուած իր համահունչ եւ ոչ ձանձրանալի ներկայութեամբը։ Անմիջապէս ակներեւ կըլլայ անցեալի դէպքերու վերյառնումն ու անոնց ներկայի փոխանցումը մեր առօրեայ կեանքին հետ միախառնուելու հրաշալի կերպով։ «Այսօր ծնաւ», «այսօր յարեաւ», «Այսօր անճառ», եւ մնացեալները բոլորն ի մի Տիրոջ վերաբերեալ դէպքերուն եւ դէմքերուն յստակութեամբ զանոնք անցեալին քամուած չեն թողուր որպէս սոսկ յիշատակ, այլ որպէս ապրում եւ կենսատու մեզի հաւատացեալներուս՝ այսօր եւ վաղը։ Աւետարանն ամբողջ մեր առօրեայ կեանքին ապրուած մասը կը դարձնէ «այսօր» բառը։

Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոս

Պատմութեան մէջ առաջին հաստատ հեղինակն է Կոմիտաս Կաթողիկոս իր յայտնի «Անձինք նուիրեալք» գեղահիւս շարականով՝ գրուած մեր առաջին պատմիչներէն Ագաթանգեղոսի տուեալներուն համաձայն։ Հայերէն այբուբենի բոլոր գիրերու սկզբնատառերով երկարապատում եւ սակայն հոգելից այս շարականը հնագոյն վաւերական շարականը կը հանդիսանայ որպէս նմոյշ յաջորդող սերունդներու շարականագիրներուն։

«Անձինք»ը նուիրուած է առաջին դարերու նահատակ ազգութեամբ հռոմէացի Հռիփսիմեանց ու Գայիանեանց Կոյսերուն որոնք փախուստ տալով Հռոմի Դիոկղետիանոս Կայսեր հալածանքներէն որպէս նորադարձ քրիստոնեաներ հասած էին Վաղարշապատ ուր սակայն Կայսեր հրահանգով նահատակուած էին Տրդատ Գ Արշակունի հայոց թագաւորին օրով։ Կոմիտաս Կաթողիկոս նաեւ կառուցանել տուած էր Վաղարշապատի գեղակերտ Ս. Հռիփսիմեանց Տաճարը որուն շուրջ թաղուած էին նահատակ կոյսերը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ որ Խոր Վիրապէն դուրս գալով իր առաջին պարտքը համարեց կատարել Կոյսերուն խմբական թաղումը։ Աւելի ուշ Եզր Փառաժնակերտցի Կաթողիկոսին օրով կառուցուեցաւ նաեւ Ս. Գայիանէի եկեղեցին, երկուքը ցարդ Հայ Եկեղեցւոյ հնագոյն կառույցներն ըլլալով հայոց պատմութեան ամենէն վաւերական հաստատութիւնները կը նկատուին։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ

Հայ Եկեղեցւոյ Շարակնոցին ճարտարապետը Ս. Ներսէս Կլայեցի Շնորհալի Հայրա-պետը եղաւ իր բազմաթիւ շարականներու բարեզարդումով՝ Աւետարանական եւ աստուա-ծաբանական գիտութեանց իր մեծագոյն տաղանդին շնորհիւ։ Որպէս նմոյշ այստեղ կը փափաքիմ միայն յիշել «Տարածեալ ձեռք ընդ ձեռաց», որ կը նշանակէ «Տարածուած ձեռքերուն փոխարէն» խաչին վրայ, եւ ապա «ոտք ընդ ոտից ընթանալեաց» ուրկէ Հայրապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները ժառանգելու խաչելեալ Տիրոջ խաչին քամուած ձեռներուն եւ ոտներուն տէր դառնալ ու անոնց փոխարէն շարունակել Իր աստուածային առաքելութիւնը երկրի վրայ։ Նկատի ունենալ որ վեցեակ «Տարածեալ» ին մէջ «ընդ» բառը գործածուած է որպէս «փոխարէն», ինչպէս կ՛եզրափակէ «կեանք ընդ մահու փոխարկելով» բացատրութեան մէջ։

Շարականը կ՛աւարտի Խաչելեալ Քրիստոսի կողէն բխած «արեան եւ ջուրին» խորհուրդով որոնց վրայ կ՛ըսէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցին հիմնուեցաւ, «ջուրով մաքրուելով եւ արեամբ հաղորդուելով», հաստատելով միանգամայն երկու Սրբազան Խորհուրդները Եկեղեցւոյ՝ Մկրտութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան։

Շարականներու դարերու ներկայութիւնը կենսունակ պահած է Հայ Եկեղեցին, եթէ միայն անոնց բովանդակած իմաստն ու նշանակութիւնը գիտնալով երգեն մեր հոգեւորական եւ աշխարհական հաւատացեալները։ Ընդհանրապէս միայն երգելու սիրոյն երբ կ՛երգենք մենք զմեզ միայն կ՛ոգեւորենք։ Հայ եկեղեցւոյ շարականը միայն արտաքին զարդ մը չէ, այլ ինչպէս նկատեցինք արժէքաւոր աւետարանական եւ ուղղափառ դաւանանքի անսպառ աղբիւր մը, եթէ հոգեւոր երգերու ետին տեսնենք ու հասկնանք անոնց խորիմաստ նշանակութիւնը։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ