Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկա Եւ Ամերիկահայը

Ամերիկայի Անկախութեան Տօնին Առթիւ

   Վեր. Դոկտ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

               Ամէն տարի, Յուլիս 4-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը տօնէ իր ծննդեան տարեդարձը, իր անկախութեան տօնը։ 1776-ի Յուլիս 4-ի այդ օրը, Բրիտանական կայսրութեան պատկանող 13 նահանգներ ստորագրեցին կարեւոր պաշտօնաթուղթ մը եւ իրենց անկախութիւնը հռչակեցին։ Այդ պաշտօնաթուղթը կը կոչուի Անկախութեան Յայտարարութիւն «The Declaration of Independence» Այդ 13 նահանգներու ներկայացուցիչները արար աշխարհի կը յայտարարէին թէ՝ իրենք իրենց կապերը խզած էին Անգլիոյ հետ եւ այլեւս ազատ եւ անկախ պետութիւն էին։

            Այսպէս սկսաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծնունդը։ Բայց ազատութեան գաղափարաբանութիւնն ու երազը աւելի կանուխ ծնունդ առաւ երբ Պանդուխտ Հայրեր՝  (Pilgrim Fathers)1620¬ական թուականներուն Ատլանտեան Ովկիանոսի այս ափերուն ոտք կը դնէին՝ փախչելով Անգլիոյ մէջ իրենց դիմագրաւած կրօնական հալածանքներէն։  Ամերիկայի յետնորդ սերունդները այդ գաղափարաբանութեան եւ երազին ժառանգորդներն են։

            Ի՞նչ էր այդ գաղափարաբանութիւնը։

            1. Առաջին. Այդ գաղափարաբանութիւնը ազատութեան երազն էր։ Պանդուխտ Հայրերը, եւ իրենցմէ 125 տարի ետք Անկախութեան Յայտարարութիւնը ստորագրող մեծանուն մարդիկը, կը տենչային ունենալ այն ինչ որ բնականոն եւ գիտակից ամէն մարդ կը ցանկայ ունենալ—ազատութիւն։ Խղճի, կրօնքի եւ խօսքի ազատութիւնը, որ մղեց Պանդուխտ Հայրեր «Նոր Աշխարհ» գալու այնչափ կենսական էր անոնց համար որչափ իրենց ծծած օդն ու իրենց կերած կերակուրը։ Այդ նոյն ոգիով էր, որ իրենց արժանաւոր յաջորդները 1776-ին իրենց ազատ ու անկախ կառավարութիւնը կը հռչակէին։ Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր սերունդ նոյն աւիւնով սնած եւ նոյն ոգիով տոգորուած՝ Ամերիկայի ազատութեան այդ երազը վառ պահած է։

            Ամերիկան միայն հող եւ նիւթ չէ: Ամերիկան իտէալ է, ազատութեան, հաւասար պատեհութեան եւ մարդկային տարրական իրաւունքներու մարմնացումը, ուր տարբեր ազգերու, կրօնքներու եւ բարքերու պատկանող մարդիկ՝ նոյն դրօշի տակ կը միանան եւ կը դառնան նոր ազգ։

            Ամերիկան ծնաւ որպէս արգասիք հոգեկան ու վսեմ երկունքի մը։ Ազատութեան սէրը մղեց այս երկրին հիմնադիրները հիմը դնելու այն հանրապետութեան որ պիտի կոչուէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իր սկզբնածագ օրէն սկսեալ Ամերիկան դարձաւ՝ բռնակալութեան ճիրաններէն փախչող ամէն ազգի, գոյնի եւ գաղափարի մարդոց ապաստանարանը։

            Թերեւս ոչ մէկ ժողովուրդ այնչափ գնահատած եւ վայելած է այդ ազատութիւնը որչափ թուրքին եաթաղանէն մազապուրծ ազատած հայութիւնը, որ դարեր շարունակ ազատութիւն երազած է եւ ազատութեան համար ծովարիւն թափած է։ Հայկ Նահապետի օրերէն՝ մինչեւ Արտաշէս Աշխարհակալի, Մեծն Տիգրանի, Սասունցի Դաւիթի, Քաջն Վարդանի եւ հերոս Անդրանիկի օրերը … Աւարայրներու եւ Սարտարապատներու փառքը կերտող հայութիւնը ամենէն աւելի գնահատած է ազատութիւնը։

            Ամերիկահայուն երազն ալ յար եւ նման է Ամերիկայի ազատասէր մարտիկ Փէթրիք Հէնրիի ազատատենչ կոչին «Մահ կամ Ազատութիւն»։

            2.  Երկրորդ.  Ամերիկայի գաղափարաբանութեան ուրիշ մէկ յատկանիշն է ճանչնալ իւրաքանչիւր անհատի արժէքը, դերն ու կարեւորութիւնը։ Ամերիկան կը հաւատայ թէ՝ պետութիւնը ժողովուրդին, եւ զայն կազմող ամէն անհատի, բարօրութեան համար կը կենայ։ Անոր ռամկավարական (democratic) վարչաձեւը բացայայտօրէն կը դաւանի թէ՝ ան ժողովուրդէն է, ժողովուրդին կողմէ եւ ժողովուրդին համար։ Բայց երկրին իւրաքանչիւր քաղաքացին իր պարտականութեանց հետ՝ ունի նաեւ իր իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումները։ Այլ խօսքով, պետութիւնը ժողովուրդին համար է եւ ոչ թէ ժողովուրդը պետութեան համար։ Այս մտասեւեռումը առիթ կ՛ընծայէ անծայրածիր պատեհութիւններու անոնց, որոնք զարգանալու եւ յառաջդիմելու կամքն ու արժանիքը ունին։ Յառաջդիմասիրութիւնը Ամերիկայի բարեմասնութիւններէն մին է։ Իրաւ ամերիկացին ձգտումն ունի աւելի լաւը ընելու եւ ըլլալու։

            Ոչ մէկ ազգութիւն այնչափ չէ գնահատած անհատ մարդու կարեւորութիւնը եւ անկէ բխող յառաջդիմասիրական  աշխարհահայեացքը որչափ ամերիկահայը, որովհետեւ երկար ատեն օտարութեան մէջ ապրող անդաստական հայը երբ Ամերիկա ապաստանած է՝ վայելած է քաղաքացիական պատկանելիութեան այն առանձնաշնորհումը, որ սակաւաթիւ երկիրներ կ՛ընծայեն իրենց քաղաքացիներուն։ Գուցէ այդ պատճառով է, որ ամերիկահայ գաղութը հայ գաղութներու ամենէն բարգաւաճ հաւաքականութիւններէն մէկն է։ Գիտակից ամերիկահայը իրազեկ է այն իրողութեան, որ Ամերիկան անսահման պատեհութիւններու եւ կարողականութեան երկիր է եւ ասոր համար ալ ան երախտապարտ է։

            3.  Երրորդ.  Ամերիկայի գաղափարաբանութեան մէկ ուրիշ յատկանիշն ալ այն է թէ՝ կայ պետութենէն ալ աւելի գերագոյն հեղինակութիւն մը։ Ամբողջատիրական երկիրներ բացարձակ հաւատարմութիւն կը պահանջեն իրենց հպատակներէն։ Բոլոր բռնակալութիւններու ետին թաքնուած է այն փիլիսոփայութիւնը թէ՝ պետութիւնը գերագոյն հեղինակութիւնն է եւ անոր հրամաններն ու հրահանգները պէտք է ընդունուին անբացառ։ Անոնք չեն արտօներ ոչ մէկ բացառութիւն եւ շեղում։

            Ամերիկայի պետութեան վարչաձեւը կ՛արտօնէ գաղափարի եւ խօսքի ազատութիւն եւ տարակարծութիւն։ Ամերիկացին կրնայ տարակարծիք ըլլալ օրուան իշխանութեան եւ նոյնիսկ չհամաձայնի երկրին նախագահին հետ։ Այդ տարակարծութեան ետին կայ այն գիտակցութիւնը թէ՝ պետութիւններ գերագոյն հեղինակութիւններ չեն։ Գերագոյն հեղինակութիւնը մարդկային զգայուն խղճմտանքն է։ Մէկու մը խիղճն է վերաքննիչ ատեանը։ Եթէ խիղճը կը հրահանգէ թէ՝ բան մը սխալ է, ան պէտք է անսայ խղճի ձայնին, ոչ թէ արտաքուստ, այլ ներքուստ հեղինակութեան։

            Ամերիկահայը մեծապէս կը գնահատէ խղճի գերիշխանութիւնը։ Ան իրազեկ է թէ՝ հայ ազգը խղճի ու գաղափարի ազատութեան համար պայքարած է եւ սուղ գին վճարած է. ան նոյնիսկ կեանքի գինով պաշտպանած է այդ սրբութիւնը։

            Ամերիկան եւ Ամերիկահայը փոխադարձաբար հարստացած են իրարմէ եւ իրարմով։ Ամերիկան ե՛ւ տուած է Ամերիկահայուն ե՛ւ ստացած Ամերիկահայէն, այն կարեւոր յատկանիշները, որոնք հասարակաց բարեմասնութիւններ են ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդներուն համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ