Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024

Շաբաթաթերթ

Միշիկընի Մանուկեան Վարժարանի Հայկական Բաժանմունքի Յաջող Կրթաշրջանը

Զէք Կարապետեան

2021-2022 կրթական տարին, ինչպէս բոլոր դպրոցներուն, այնպէս ալ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանին համար հարցականներով սկսաւ: Քորոնա ժահրին ստեղծած անպատեհութիւններն ու  առցանց ուսուցումը, ստիպած էին որպէսզի վարժարանիս հայկական բաժանմունքն ալ, մանաւանդ 2020-2021 կրթաշրջանին, բաւարարուեր միայն զուտ հայերէն լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան դասաւանդմամբ, զանց առնելով գաղութիս մէջ մեծ ոգեւորութիւն առաջացնող հանդէսներն ու ներկայացումները:

Վերջին անգամ, 2019-2020 տարեշրջանին էր որ դպրոցիս Հայկական բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Սեպուհ Աւետիքեանի ղեկավարութեամբ եւ երկրորդականի աշակերտներուն մասնակցութեամբ բեմականացուեր էր Յովհաննէս Թումանեանի երեք հանրայայտ ՝ «Կաթիլ մը մեղր», «Շունն ու կատուն» եւ «Կիկոս» հէքեաթները: Իսկ Հոկտեմբեր 2019-ին մեծ շուքով վարժարանս նշեր էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150 ամեակը: Վարժարանիս Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի, ինչպէս նաեւ երաժշտագէտ Տիկ. Արշալոյս Ղարիպեանի նուագակցութեամբ ու խմբավարութեամբ, Կոմիտասի մշակած երգերը աշակերտները սիրով սորվեցան ու զանոնք ներկայացուցին իրենց ծնողներուն Հոկտեմբեր 31, 2019-ին տեղի ունեցած շքեղ հանդիսութեան ընթացքին: Աւաղ այս աշխոյժ հայկականութեան փառատօնը չշարունակուեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդ կիսուն:

Իսկ ահա Սեպտեմբեր 2021-ին, հայկական բաժանմունքի առաջին իսկ ժողովին, վերահաստատուեցաւ տարուան մշակութային հանդիսութիւններու ծրագիրը եթէ անշուշտ համաճարակը արտօնէր։ Տարուան առաջին հայկական միջոցառումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 1, 2021-ին, Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նախկին Առաջնորդ Դանիէլ Ֆնտքեան եպիսկոպոսի վարժարանս այցելութեան առիթով։ Արդարեւ, Ուրբաթ կէսօրէ ետք ժամը 1-ին Առաջնորդ Ֆնտքեան ներկայ գտնուեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն հայերէն լեզուով արտասանութիւններու ու երգերու ներկայացման։ Եղիշէ Չարենց, Վահան Թէքէեան, Յովհաննէս Թումանեան։ Ապա եւ Տիկ. Արշալոյս Ղարիպեանի ղեկավարութեամբ ու դաշնամուրի նուագակցութեամբ, նախակրթարանի աշակերտները երգեցին Կոմիտասեան ու ազգային երգեր:

Առաջնորդ Ֆնտքեան նախակրթարանի աշակերտներուն հետ զրուցելէ ետք Միշիկընի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հովիւ Առէն վարդապետ Ճէպէճեանի, դպրոցիս տնօրէններ Տիկ. Գալֆայեանի, դոկտ. Թորոսեանի ու հայկական բաժանմումքի պատասխանատու պրն. Աւետիքեանի ուղեկցութեամբ այցելեց վարժարանիս երկրորդական մասնաշէնք ուր զինք կը սպասէին երկրորդականի աշակերտները։ Հաճելի ու հետաքրքրական զրոյց ծաւալեցաւ աշակերտներուն ու Առաջնորդին միջեւ։ Քսան վայրկեան նախատեսուած զրոյցը տեւեց գրեթէ մէկ ժամ, ուր Առաջնորդը պատասխանեց աշակերտները յուզող  հոգեւոր, կրթական ու մարդկային արժէքներուն վերաբերող հարցերուն։

2021 Հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն Միշիկընի մէջ Քորոնայի տարածումը, ստիպեց դպրոցիս պատասխանատուներուն չեղեալ յայտարարել ընդհանրապէս Հոկտեմբերի վերջին տեղի ունեցող հայկական մշակոյթի շաբաթօրեակը։

Եւ ահա կը մօտենար Մանուկեանի աշակերտներուն ու ծնողներուն ամէնէն սիրած տօնը՝ Վարդանանց հերոսամարտի նշումը։ Արդարեւ Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022-ին, երգերով, արտասանութիւններով ու թատերական ներկայացմամբ, փառաւորուեցան Վարդանանց նահատակները։ Քորոնայի սկսելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, ծնողները խուռներամ փութացեր էին դպրոցի հանդիսասրահ։ Բոլորը կարօտցեր էին այսպիսի աշակերտական ձեռնարկները ուր հայ՝ նաեւ դպրոցիս ոչ հայ աշակերտները հայերէնով կը յիշատակէին Աւարայրի ճակատամարտը։ Վարդան Մամիկոնեանին (Յակոբ Սարեան) ու Ղեւոնդ Երէցին (Արմէն Պասմաճեան) մուտքը ապա եւ Վարդանին ճառը տպաւորիչ էր եւ ազդու։

Վարդանն ու իր զօրավարները իրենց ուսուցչուհիին, Տիկ. Ղարիպեանին հետ

Խանդավառութիւն ստեղծած այս հանդիսութեան աւարտին տնօրէնուհի Գալֆայեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական բաժանմունքին եւ վստահեցուց որ Մանուկեան դպրոցը պիտի շարունակէ իր հայապահպանման առաքելութիւնը, որուն համար ալ այն հիմնադրուեր էր Տիար Ալեք Մանուկեանին կողմէ 1969 թուականին։

Յաջորդ հանգրուանը Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումն էր, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Ապրիլին: Այդ օր աշակերտները Ցեղասպանութեան կոթողին մօտ աղօթքով ու խունկով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անմեղ զոհերու յիշատակին:

Ապա Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտի ու Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնակատարութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ, Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022-ին։ Այդ օր, մանկամսուրի, նախակրթարանի ու միջնակարգի բոլոր աշակերտները, իւրաքանչիւրը ունենալով փոքրիկ եռագոյն դրօշակներ դուրս եկան դպրոցիս բակ։ Ամբողջ թաղամասով մէկ կը թնդար հայրենասիրական եղանակներն ու երգերը։ Աշակերտները հպարտութեամբ տողանցեցին ու ծածանեցին եռագոյն դրօշակները նաեւ ոգեւորութեամբ երգեցին Սարդարապատ, Գետաշէն ու Հայեր Միացէք երգերը, որմէ ետք անոնք մեկնեցան իրենց դասարանները։

Մանուկեան վարժարանի 2021-2022 կրթաշրջանի վերջին հիւրը, Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերով Յանձնակատար, պրն. Զարեհ Սինանեանի այցելութիւնն էր, Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2022-ին։ Պրն. Սինանեան տնօրէններուն եւ հոգաբարձութեան անդամներուն հետ շրջեցաւ դպրոցէն ներս եւ այցելելով պրն. Աւետիքեանի 11-րդ դասարանի հայերէնի դասապահը, պատասխանեց աշակերտներու զանազան հարցերուն:                     

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ