Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Մեքսիկոյի Միացեալ Նահանգներ

20 Յունիս, 2022-ին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան երկօրեայ հովուական այցով` ուղեւորուեցաւ Մեքսիկոյի Միացեալ Նահանգներ` տեսակցելու եւ Իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելու տեղի  հայ համայնքի անդամներուն:

2014 թուականին Մեքսիկոյի Հայոց Թեմը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի իրաւասութեան տակ անցնելէ ի վեր, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բազմաթիւ հովուական այցելութիւններ է կատարած Մեքսիկօ՝ մշտապէս իւր հայրական խնամքին ներքոյ պահելով տեղւոյն հայ համայնքը։

Յաջորդ օրը` 21 Յունիս,  Հայաստանի Դեսպանատունի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութեան արարողութիւն, ի պատիւ երկու երկրներու միջեւ դիւանագիտական ​​յարաբերութեանց հաստատման 30 ամեակի, յընթացս որի Տիկին դեսպան Արմելլա Շաքարեան իր ողջոյնի խօսքով նախ բարի գալուստ Առաջնորդ Սրբազան Հօրը ապա մնացեալ ներկաները։

Ընդունելութեանը ներկայ  էին Մեքսիկոյի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այդ թւում սենատոր՝ Տիար Ալեխանդրա Լէոն՝ ով նախաձեռնած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Մեքսիկոյի Սենատին մէջ, Պատգամաւորներու պալատի բարեկամութեան խումբի նախագահ՝ Տիկին Բերենիս Խուարես,  Մեքսիկոյի Տնտեսական վերլուծութիւններու կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտոր Խոսէ Սարուխան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի մի շարք  ներկայացուցիչներ եւ դիւանագիտական շրջանակի հիւրեր:

Ընդունելութեանը ներկայ էին նաեւ Մեքսիկոյի մէջ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ եկեղեցականներէն՝ Տէր Նեկտարի, Տէր Քրիստափոր եւ Տէր Արսէն քահանայ հայրերը։

Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ ներկայ եկեղեցականներու մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ միասնական էկումենիկ աղօթք` յանուն երկու երկիրներու խաղաղութեան եւ անդորրութեան համար: Որմէ յետոյ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանն Իր օրհնութիւնն ու երախտիքի խօսքն  ուղղեց Տիկին Դեսպանին եւ ներկաներուն։

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մեքսիկոյի Հանրապետութեան (պաշտօնապէս՝ Մեքսիկոյի Միացեալ Նահանգներ) միջեւ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992 թուականի Յունուարի 14-ին: Մեքսիկոյի Միացեալ Նահանգների մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն է՝ Նորին Գերազանցութիւն Տիկին Արմելլա Շաքարեան։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ