Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Ամէնէն Մնայուն Արժէքներէն Մէկը

Ամէնէն գեղեցիկ եւ մնայուն արժէքներէն մէկը, որ իւրաքանչիւր ազգի, իւրաքանչիւր պետութեան մշակութային արժէքներու շարունակականութիւնը կ’երաշխաւորէ՝ ընտանիքն է: Աշխարհի վրայ գրեթէ չկայ մշակոյթ մը, ուր «ընտանիք»ի գաղափարը բարոյական արժէքներու սանդխակին վրայ ամէնէն կարեւոր տեղը չգրաւէ:  Իւրաքանչիւր նոր կեանք, որ ծնունդ կ’առնէ, մեծնալու, աճելու եւ կայանալու համար կը սնուի այն արժէքներով, գիտելիքներով եւ աւանդոյթներով, որոնք փոխանցուած են աւագ սերունդի կողմէն:

Հայկական աւանդական  ընտանեկան արժեհամակարգը թերեւս ամէնէն գեղեցիկներէն է, թէեւ միեւնոյն ժամանակ նաեւ շատ պարտաւորեցնող է: 

Յարգանքը՝ աւագի հանդէպ, խնամքն ու հոգը՝ զաւակի հանդէպ, նոյնիսկ անոր զառամեալ դարձած պարագային, ամուր եղբայրական  կապը՝ մինչեւ 7 պորտ, օճախի սրբութիւն հասկացութիւնը, լեզուն՝ օտարութեան մէջ ապրելով պահպանելը, քրիստոնէական աւանդոյթներն ու տօները փոխանցելը եւ այլ ամուր արժէքները դարեր շարունակ մեզի պահպանած են ձուլուելու եւ վերանալու վտանգէն: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ յարմարուելու եւ հաստատուելու ամէնէն դիւրին եւ կարճ ճամբան  տուեալ երկրի մշակոյթին մէջ սուզուիլն ու տեղւոյն բնակչութեան նմանիլն է:  Բարդը՝ հայ մեծնալու եւ հայ մնալու մէջ է: 

Հայ  ընտանիքի գաղափարը ամէնէն ամուրներէն է եւ ամենագեղեցիկներէն է: 

Կարեւոր եւ գովելի է զայն պահպանելը, փոխանցելը եւ առողջ պահելը. Կարեւոր է օտար արժէքներու մէջ չձուլուիլը եւ բուռ  մը մնացած հազարամեայ ազգի շարունակականութիւնը ապահովելը։

Հայկական աւանդական ընտանիքը աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ ամուր երեւոյթներէն է, եւ հայու համար՝ ամէնէն արժէքաւոր ձեռքբերումը՝ կեանքի ընթացքին:

Բարեկեցութիւնը, լոյսը եւ սէրը անպակաս ըլլան ամէնուր։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ