Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Զմիւռնիոյ 1922 Թուի Աղէտը

Հարիւրամեակ Զմիւռնիոյ Աղէտին

1922-2022

Ս. Ստեփաննոս Մայր Եկեղեցիին Վախճանը

Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեանի Օրագիրէն

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Զմիւռնիոյ հայոց Ս. Ստեփանոս տաճարը իր հսկայ եւ հոյակապ կառուցուածքով, իր միակտուր սիւներով, իր գեղակերտ գմբէթով ճարտարապետական գլուխ գործոց մըն էր։ Տաճարը շրջապատուած էր եկեղեցապատկան շէնքերով եւ ամրաշէն պատերով»

ՂԵՒՈՆԴ ԵՊՍ. ԴՈՒՐԵԱՆ, Առաջնորդ

Յոյն եւ Թուրք հակամարտութիւն

1915-ի Ցեղասպանութեան ատեն Զմիւռնիա եւ շրջանի հայութիւնը զերծ մնաց ընդհանուր կոտորածներէ շնորհիւ քաղաքի եկեղեցական եւ ազգային կեդրոնական վարչութեանց զգոյշ եւ խոհեմ քաղաքականութեան գլխաւորութեամբ թեմակալ Առաջնորդ Մատթէոս Եպիսկոպոս Ինճէեանի։ Կացութիւնը սակայն տարբեր եղաւ եւ շատ ողբերգական 1919-1922-ի յոյն ընդդէմ թուրք պատերազմէն ետք։ 1922ի գարնան Եւրոպայի դաշնակից տէրութիւնները ջանացին հաշտութիւն գոյացնել յոյներու եւ թուրքերու միջեւ, սակայն յոյներ նոր բարդութիւն յարուցին Զմիւռնիոյ շրջանը ինքնավար հռչակելով եւ Իոնիոյ բնակչութեան պաշտպանութեան նախաձեռնելով։

 Այդ նպատակով յոյն պետութիւնը 25,000 զինուոր ցամաք հանեց Ռոտոսթոյի մէջ, եւ յետոյ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ կեդրոնացուց 42,000 զօրք դէպի Կ. Պոլիս յառաջանալու միտքով։ Այս վտանգաւոր իրավիճակէն օգտուելով, Մուսթաֆա Քեմալ 1922 Օգոստոս 25-ին յարձակեցաւ Աֆիոն Գարահիսարի վրայ եւ պարտութեան մատնեց յոյները՝ յառաջանալով դէպի Զմիւռնիա։ Երկու շաբաթ ետք, Սեպտեմբեր 9-ին, դաշնակից պետութեանց՝ անգլիական, ֆրանսական, իտալական եւ ամերիկեան զրահաւորները արդէն խարսխեցին Զմիւռնիոյ նաւահանգիստը, մինչ յունական վերջին զրահաւորը նոյն առաւօտ արդէն փախուստ տուած էր պարտութեան մատնուելէ ետք Թուրքիոյ հետ ներքին կռիւներու ընթացքին։

Քրիստոնեայ Տարրը

Զմիւռնիոյ քրիստոնեայ տարրը իր յոյսը դրած էր այլեւս եւրոպական եւ ամերիկեան տէրութեանց վրայ, զգալով քեմալական թուրքերու վերահաս վտանգը։ Օգոստոս 26-ին յոյն բանակը խորտակուեցաւ Աֆիոն Գարահիսարի մօտ, Զմիւռնիայէն 200 մղոն արեւելք, իսկ Սեպտեմբեր 1-ին յոյներ լքեցին իրենց դիրքերը քեմալական զօրքերու յառաջացման դիմաց։ Նոյն օր վիրաւոր յոյն զինուորներ Զմիւռնիա հասան իրենց դէպի Յունաստան փախուստի ճամբուն վրայ թշուառ վիճակի մէջ։ Մինչեւ Սեպտեմբեր 5 փախստականներու թիւը օրական 300,000-ի կը հասնէր, որոնք իրենց երախաներով եւ գոյքերով կ՛ապաստանէին եկեղեցինեու եւ դպրոցներու բակերը՝ սպասելով յունական նաւերուն։

Յունաց եւ Հայոց Ահաւոր Ջարդը

 Այս բոլորին յաջորդեց Զմիւռնիոյ 1922 թուի ահաւոր ջարդը երբ քաղաքը թալանի եւ հրդեհի մատնուեցաւ։ Բազմահազար յոյներու կողքին նաեւ բարգաւաճ հայեր կ՛ապրէին իրենց եկեղեցիներով ու դպրոցներով Թեմակալ Առաջնորդ Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեանի եւ հոգեւորականութեան հոգածութեան ներքեւ։ Շատեր խուճապահար ստիպուեցան փախչիլ դէպի Յունաստան։ Այդ շրջանին Զմիւռնիոյ մէջ կար 15,000 հայութիւն, եւ շրջակայքն ալ՝ 10,000, օրուան Առաջնորդին որ նախկին Առաջնորդն էր Պուլկարիոյ թեմին եւ յետագային նահատակ Առաջնորդը Ամերիկահայ թեմին, որ իր ականատեսի վկայութիւնները օրագիրի ձեւով պահած էր ու յետոյ լոյս տեսած Երուսաղէմի 1982 թուի «Սիոն» ամսագրի յաջորդական թիւերուն մէջ։

Զմիւռնիոյ շրջանի հայութիւնը «սարսափահար ու սոված կը լեցուէին գաղութի հաստատութեանց պատսպարաններուն մէջ»։ Քաղաքի վտանգին առաջքը առնելու համար հայ եւ յոյն եպիսկոպոսները կ՛որոշէին Սեպտեմբեր 2-ին դիմում կատարել յոյն Բարձր Քոմիսերին եւ Զմիւռնիոյ կառավարիչին արտօնութիւն ստանալու օտար դեսպանատուներու օգնութիւնը հայցելու, որուն սակայն, ինչպէս միշտ, անգլիական, ամերիկեան եւ իտալական հիւպատոսներ այլընդայլոյ պատասխաններ կուտային, խաբուսիկ եւ անորոշ, առարկելով որ իրենց պարտքը կատարած էին Զմիւռնիա զրահաւորներ ղրկելով ամերիկեան քաղաքացիներու պաշտպանութեան համար։

Երբ  մեծ պետութիւններ դատարկ եւ խաբուսիկ պաշտպանութիւն կը քարոզէին քրիստոնեաներու նկատմամբ, անդին Ղեւոնդ Եպիկոպոս Դուրեան եւ յոյն Խրիսոստոմոս Եպիսկոպոս կը հեռագրէին Յունաստան եւ Կ. Պոլիս Հայոց Զաւէն Պատրիարքին փոխադրանաւեր խնդրելով վտանգուած հայութիւնը անյապաղ Զմիւռնիայէն այլուր փոխադրելու համար, առաջին հերթին դէպի Յունաստան։

Յոյներուն Նահանջը

Միւս կողմէ արդէն յոյն կառավարութիւնը տկարութեան իսկական նշաններ ցոյց կուտար պատճառ դառնալով թշնամիին անարգել թափանցումին դէպի Զմիւռնիա։     Յոյներու մեկնումով ծայր պիտի տար խուճապահար ելքը մնացեալ քրիստոնեայ տարրին, ուղղակի եւրոպական պետութեանց ներկայացուցիչներու աչքին առջեւ։ Երկու օր ետք, Սեպտեմբեր 9-ին Զմիւռնիա մտած թուրք զինուորականներ թրքական դրօշը պարզելով սկսան յառաջանալ հայոց թաղերուն ուղղութեամբ՝ պատճառ դառնալով հայոց իրենց տուներէն Սուրբ Ստեփաննոս մայր եկեղեցին ապաստանիլ։

 Զմիւռնիոյ հայոց Առաջնորդարանը թրքական դրօշը պարզեց ի նշան Օսմանեան տիրապետութեան։ Առաջնորդ Ղեւոնդ Եպիսկոպոս կը գրէր թէ «խուժանը բռնութեամբ տուներ կը մտնէր, տնեցիները կը խոշտանգէր, եւ կողոպտելէ ետք կը սպաննէր»։ 200,000-ի կը հասնէր քրիստոնեաներու թիւը Զմիւռնիոյ մէջ։ Սեպտեմբեր 6-ին ամերիկեան երկու զրահաւորներ եւս հասան մարդասիրական նպատակներով, քանի որ Միացեալ Նահանգներ պատերազմի մէջ չէր Թուրքոյ հետ, ինչպէս միւս պետութիւնները էին։ Անոնք ամերիկեան քաղաքացիները հեռացուցին դէպի Միդիլինի կղզին երբ արդէն քաղաքը թողլքուած էր։

Հայ եւ Յոյն Եպիսկոպոսներու Ահազանգը

Ղեւոնդ եւ Խրիսոստոմոս Առաջնորդ եպիսկոպոսները այս անգամ Անգլիա Քէնթըրպըրի Արքեպիսկոպոսին դիմեցին խնդրելով որ Անգլիա զինադադար առաջարկէր Քեմալի՝ «յանուն Քրիստոսի աճապարեցէք կանխելու համար վերահաս աղէտը» ըսելով, եւ սակայն խնդրանքը տեղը չհասաւ, եւ անոր փոխարէն Անգլիա խոստացաւ պաշտպանել քաղաքի անգլիացի համայնքները։

Ջարդ եւ Հրդեհ Զմիւռնիոյ Մէջ

Սեպտեմբեր 9-ին, 1922 շաբաթ օր, թուրք յառաջապահ զօրքեր Զմիւռնիա մտան, եւ նոյն գիշերը յոյն եւ հայ թաղամասերը նշաւակ դարձան թուրք վայրագութեանց, եւ յաջորդ օրն ալ ջարդերը սաստկացան եւ հրդեհ մը բռնկեցաւ հայկական թաղերէ ներս։ Քեմալ իսկոյն Զմիւռնիոյ կառավարչութիւնը յանձնեց Նուրետտինին։ Ինչ որ Զմիւռնիա չէր տեսած 1915-ին, տեսաւ այդ օր երբ Քեմալական թուրքեր հայոց դէմ առին բնաջնջումի ոճրապարտ քայլը։ Քաղաքին երկու երրորդը, այսինքն հայոց, յունաց եւ եւրոպացւոց թաղերը հրոյ ճարակ դարձան։ Սպաննուած հայերու շարքին կային Զմիւռնիոյ Թեմի քաղաքական ժողովի ատենապետը՝ օրէնսգէտ եւ իրաւաբան Նազարէթ Ներսէսեան իր կնոջ եւ զաւկին հետ։

Յոյն Մետրապոլիտը Նահատակ

Կառավարիչ Նուրետտինի առաջին գործը եղաւ տեսակցիլ յոյն մետրապոլիտ Խրիսոստոմոս Եպիսկոպոսին հետ յայտնելու համար որ Անկիւրիոյ պատերազմական ատեանը մահուան դատապարտած էր զինք, ցոյց տալով թղթածրար մը կեղծ ամբաստանութիւններով լեցուն։ Բարձրատիճան հոգեւորականը խուճապին կը յանձնէր երբ եպիսկոպոսը շէնքէն դուրս կ՛ելլէր։ Հէք Մետրապոլիտը աննկարագրելի խոշտան-գումներու ենթարկելէ ետք կը սպաննէին տեղւոյն վրայ, մինչ անդին հայեր զանգուածաբար կը կոտորէին ռմբակոծելով Ս Ստեփաննոս եկեղեցին ուր հազարաւոր հայեր խռնուած էին։

Երկու Քաջ Հայ Կիներ

Երկու հայ կիներ յանձն կ՛առնէին խնդրագիր նամակներ հասցնել եւրոպական հիւպատոսարաններուն՝ ծպտուած որպէս հիւանդապահուհիներ։ Նամակները հասան իտալացի Աւագերէց Տօն Սքալիարինիի ձեռքը, որուն միջնորդութեամբ ռմբակոծումը կը դադրէր եւ հազարաւոր ապաստանեալներ եկեղեցիէն դուրս կը բերուէին։  Երբ Աւագերէց Սքալիարինի կը շրջէր հայոց թաղերը, կը տեսնէր երկու ծպտեալ կիները, եւ լսելով անոնց թախանձանքը կը խոստանար հրամանատարին երթալ եւ անոր գթութիւնը հայցել։

Նոյն օր Երէցը կը վերադառնար Ս Ստեփաննոս հայոց եկեղեցի աւետելու հրամանատարին  բարի հրահանգը, որուն շնորհիւ յարձակումները կը դադրէին։ Սեպտեմբեր 12-ին յատուկ յանձնախումբ մը, երկու լատին եկեղեցականներէ, երկու եւրոպացի նաւազներէ եւ մէկ թուրք սպայէ բաղկացած, Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցին գալով դուրս կը հանէին բոլորը որոնց մէջ նաեւ 2,000-ի չափ մանուկներ։ Երեկոյեան ժամուն եկեղեցին պարպուած էր եւ թուրքեր տիրացած անոր։

Ազատարար Յունական Նաւերը

Հակառակ քաղաքի համատարած հրդեհին, 1922 Սեպտեմբեր 24-ին Յունական յածանաւ մը Զմիւռնիա գալով ազատեց 15,000 մարդիկ, կիներ եւ երախաներ։ Երկու օր ետք այս անգամ 17 յունական նաւեր եկան եւ 40,000 մարդիկ եւս փոխադրեցին Միդիլինի։ Անոնց յաջորդեց անգլիական փոխադրանաւ մը, եւ Հոկտեմբեր 1-ին, ընդամէնը 180,000 գաղթականներ Զմիւռնիայէն փոխադրուած էին Մուսթաֆա Քեմալի տուած ժամկէտէն միայն վեց ժամ առաջ։ Անոնցմէ անկախ 60,000 հոգի եւս ազատեցան անգլիական եւ յունական նաւերով։ Զմիւռնիայէն ազատագրուած քրիստոնեայ տարրին ընդհանուր թիւը կը հասնէր 250,000-ի, անոնց մէջ սակաւաթիւ հայեր որոնք ազատեցան ու միացան աղէտէն առաջ հոն բնակող 25,000-ի հասնող հայութեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ