Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրանիկ Անդրէասեան Նիւթապէս Օգտակար Եղած է Շահան Շահնուրին

Փրոֆ․ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Տարիներ առաջ կարդացեր էի Գրիգոր Քէօսէեանի կազմած եւ 2004ին հրատարակած «Նամականի»ին երկրորդ հատորը, 277 էջ, որ կը պարունակէ Շահան Շահնուրի գրած նամակները Գուրգէն Մահարիին առաջին բաժինին մէջ, 75  էջ, և Անդրանիկ Անդրէասեանին ուղարկուած նամակները, 53 էջ։ Հատորը լոյս տեսած է մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկ․ Յակոբ Վարդիվառեանի, Մայրենի Հրատարակչութենէն։                                            

 Քէօսէեան  ունի նախաբան մը եւ 20 էջ վերլուծական մը։ Այս խիստ շահեկան, կարեւոր եւ ազգային ու մշակութային տեղե-կութիւններով լիցքաւորուած հատորը կը փակուի Քէօսէեանի 82 էջերու վրայ իսկապէս անհրաժեշտ «Ծանօթութիններ»ով, որոնք մանրամասնօրէն կը բացատրեն այդ շրջանի Հայ կեանքի  ելեւէջները, իրագործումներն ու ձախողութիւնները։

Շահնուր իր կեանքին կէսը դժբախտաբար անցուց հիւանդանոցներու եւ առողջապահական կեդրոներու մէջ։ 1936-ին կը սկսի տառապիլ հիւծախտէ, իսկ 1939-ին կ՛ենթարկուի ոսկրային պատուաստի մը որ զինք հինգ ամիսներ հիւանդանոց կը պահէ։ Իսկ նոյն շրջանին երբ կը պայթի Երկրորդ Աշխարհամարտը, Շահնուր  իր վիրակապերով կը մեկնի Հարաւային:

Ֆրանսա սպանական սահմանին մօտ, Ատլանտեանի ափին, ուր աննախանձելի պայմաններու տակ կը վերապրի հիւանդանոցներու եւ բուժարաններու մէջ քսան տարիներ։1959-ին վերջապէս կը փոխադրուի Միջերկրականի եզերքը Հայկական Տուն, ուր կ՛ունենայ իր առանձին սենեակը եւ կ՛աժանանայ մասնաւոր խնամքի։ Այդ շրջանին է որ վերադարձ կ՛ընէ հայ գրականութեան եւ իրմէ լոյս կը տեսնեն նոր գիրքեր։

 Անդրէասեան, Հայաստանէն վերադարձի իր ճամբուն,  բանաստեղծ Ալեք Գըլճեանի հետ միասին քանի մը անգամ հանդիպած է Շահնուրին Ֆրանսայի մէջ, անձնական ամուր կապեր հաստատելով։

 Այս առիթով, պիտի անդրադառնամ միայն 1934-1970  Անդրէասեանի ղրկուած 53 նամակներուն որոնք այնքան լոյս կը սփռեն Շահնուրի տառապալից եւ դժուար կեանքին մասին։

 Նամակներէն վերահասու կը դառնանք Շահնուրի առողջութեան ու մանաւանդ նիւթական դժուարութիւններուն մասին, ինչ որ մեծապէս ազդած են Շահնուրի կեցութեան վրայ։

Շահնուր երբեմն իր անձնական կեանքին մասին զգացական խօսքեր կը յայտնէ առանց քօղարկելու։ Անկեղծ կերպով, կ՝ըսէ թէ 15 տարուան ընտանեկան կարօտ ունէր քանի որ ինք մայրը չէր տեսեր 15 տարի եւ դժբախտաբար մայրը կը մահանայ իրմէ հեռու՝ Պոլիս։ Կարելի է երեւակայել «Նահանջ»ի հեղինակին հոգեկան վիճակը երբ կը գրէ  «Հիմա այլեւս մարդ չունիմ, քանի որ չորս «տարի առաջ կորսնցուցած էի հայրս եւ Թէօդիկը, որ մօրեղբայրս էր։ 15 տարուան կարօտ կար։»

Անդրէասեան միշդ օգտակար եղած է մտաւորականներուն եւ անոնց գիրքերը ծախած է հնարաւորին չափ եւ եկամուտը ղրկած է իրենց։ 

1929-ին երբ Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպը լոյս տեսաւ Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, ապա առանձին հատորով,  Անդրէասեան մեծապէս  գնահատելով գործը 100 օրինակ բերել տուած է եւ զանոնք ծախելէ յետոյ եկամուտը ղրկած է հեղինակին, որուն առթիւ Շահնուր կը գրէ․ «Բնաւ չափազանցուած չկարծես երախտագիտութիւնս եւ անոր անկեղծութիւնը, որովհետեւ կը վստահեցնեմ քեզ, եթէ երբեք քեզ նման երեք-չորս հոգի եւս գտնուէին, պիտի կրնայի գրքիս տպագրութեան ծախքը մինչեւ այսօր հանած ըլլալ» 1935:

Նամակները երբեմն գրական հարցերու մասին ալ կ՝անդրա-դառնան եւ գրեթէ ամէն նամակի սկիզբը կամ վերջաւորութեան Շահնուր կը գրէ ․ «Անհուն շնորհակալութիւն ղրկած դրամիդ համար։ Այս գէշ օրերուն մէջ հրեշտակի դեր կատարեց» կամ՝ «20 տոլարը հրաշք գործեց, Աստուած վկայ։» Անդրէասեանի օգնութեան վերաբերմամբ կը յայտնէր  թէ «այստեղի բարեկամներուն գործը հեռաւոր Ամերիկայէն եղաւ»։

Դժբախտաբար քիչ թիւով Ֆրանսահայեր օգնած են Շահնուրին, նաեւ որովհետեւ տաղանդաւոր գրողը շատերուն հետ խնդիրներ ունէր, իր համարձակ գրական դատումներուն թէ ոմանց ազգային-քաղաքական ծանրակշիռ անհեռատեսութիւններուն պատճառով։  Շահնուր նոյնիսկ վատոգի յարձակման ենթարկուած է Զարդարեան եղբայրներու կողմէ  Փարիզի հայկական ճաշարանի մը մէջ, որովհետեւ շատ սուր ձեւով քննադատած էր իրենց հօր «Գամբռ»  խորագիրով մէկ գրուածքը։ ։

Անշուշտ նամակները ցոյց կու տան Անդրէասեանի նուիրումն ու վեհանձնութիւնը, երբ զինք մօտէն 40 տարի ճանչնալով, նաեւ խօսք առնելով իր թաղման արարողութեան, կրնամ ըսել որ ինքն ալ համեստ կեանք մը  կ՜ապրէր, նոյնիսկ ինքնաշարժ չունէր, ինչպէս միւս խմբագիրները այդ ժամանակ։ Պէտք է ըսել նաեւ որ Անդրէասեանի ղրկած գումարները թէեւ մեծ չեն եղած բայց օգտակար եղած են։ 

Շահնուր նամակի մը մէջ կ՜աղաչէ որ Անդրէասեան այլեւս դրամ չղրկէ, քանի որ ինքզինք ապահով կը զգար Հայկական Տան պայմաններուն մէջ։

Հակառակ անոր որ Անդրէասեան տնտեսապէս այնքան օգտակար եղաւ իրեն, Շահնուր իր անկեղծութիւնը եւ մտաւորական պարկեշտութիւնը պահեց եւ երբեք չհեռացաւ իր անձնական կարծիքէն, երբ արտայայտուեցաւ իր բարեկամին գրականութեան մասին։ Արուեստը իրեն համար  գերազանց էր։    

  «Սիրելի Անդրէասեան, խոյս տուր պճնափայլ եւ խոշոր ածականներէ եւ երկարաձիգ նախադասութիւններէ, միաժամանակ ներողամիտ ըլլալով իմ այս դիտողութեանս համար, որ շատ անկեղծ ըլլալու ինքնարդարացումը ունի»:

Շահնուր ազգային եւ հայրենասիրական իր զգացումները չէր թաքցներ եւ 1963-ին նամակի մը մէջ կը յայտնէ թէ Հայաստան վերելք կ՜ապրի եւ Հայ ժողովուրդին մէջ «լաւագոյն վաղորդայնի մը հաւատքը կը տեղաւորէ։»

Յ․Գ․ Դժբախտաբար զարմանալիօրէն Մահարիի զաւակը իր քով ունեցած Մահարիի կողմէ Շահնուրի ուղարկած նամակները կամ անոնց օրինակները չէ տրամադրած Քէօսէեանին որպէսզի անոնք եւս տպագրէր կամ առնուազն օգտագործէր իր ուսումնասիրութեան մէջ։ ․․․

Անոնք որոնք հայ գրականութիւն կը սիրեն անհրաժեշտ է որ կարդան «Նամականի»ներուն երկու – ապա երեք – հատորներու շարքը։

Դիմել – Krikor Keusseyan, 50 Watertown Street, Watertown, MA 02472, USA

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ