Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոգեւոր Կենսուժ

Spiritual Energy

Տոքթ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ  

Հոգեւոր կենսուժը,մարդու մարմինի մէջ գտնուող ամէնէ կարեւոր ուժն է: 

Ան կը հսկէ ու կը ղեկավարէ մարմինի բոլոր այլ ուժերը: Այս ուժը արդիւնքն է հոգեւոր եւ տիեզերական երկու ուժերուն: Այս ուժի գոյութիւնը կը տարբերի մէկ մարդէ միւսը:Անտեսանելի է, այսինքն չի շօշափուիր եւ չի տեսնուիր աչքերով,ան կը շրջապատէ մարդու մարմինը: Ան մարդու մարմինի կեանքի ուժն է :

Յաճախ կը տեսնենք,որ սրբանկարներու մէջ,ոսկեգոյն պսակով կը շրջապատուի սուրբի դէմքը: Այս նկատի կառնուի սուրբերու ներքին հոգեւոր ուժի բարձր մակարդակը:

Հոգեւոր ուժը, Աստուածային պարգեւ է մարդուն,անոր ստեղծման ժամանակէն: Այս կենսուժը կը գտնուի մարդու բջիջներու մէջ,ան կը ներառէ հոգեւոր եւ կենսական ուժը: 

Յիսուս Քրիստոս Ինքն Է Բուժողը

Սուրբ գիրքի նոր կտակարանի մէջ կը կարդանք:

(Ղուկաս 41-42-43)

Յիսուս մօտեցաւ կոյրին եւ ըսաւ անոր: 41-Ինչ կուզես,որ ընեմ քեզի«Ան ըսաւ Տէր ,թող աչքերս բացուին»: 42-Յիսուս ըսաւ անոր«Թող բացուին, հաւատքդ բուժեց քեզի»: 43-Անմիջապես իր աչքերը բացուեցան:

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսի  ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ –ը, որ աղօթք դարձած է,համաշխարհային հոգեւոր գոհարներէն մէկն է: Թարգմանուած է 36 լեզուներով ու բաղկացած է 24 տունէ, Օրուայ 24 ժամերու համեմատ: Իր մէջ կը բովանդակէ աղօթքի բոլոր տեսակները: Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին աղօթքն է, եւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատացող իւրաքանչիւր անձի աղօթքը:

Յիսուս կ՛ըսէ

  • Սիրէ դրացիդ,ինչպէս անձդ
  • Սիրէ թշնամիդ,որ անոր չարիքին բարիքով յաղթէս:
  • Աստուծմէ ներում խնդրէ մեղքերուդ համար:
  • Ստախօս մի ըլլար:

Կենսուժով բուժումը նաեւ հայկական  ժողովրդական բուժումի մէկ ձեւն է,կը բուժէ կամ կը թեթեւցնէ հոգեկան եւ քրոնիկ հիւանդութիւններ:

Հայ բժշկութեան հայր  Մխիթար Հերացին կ՛ըսէ «Բժշկութիւնը կոչում եւ խիղճ է, մարմինը եւ հոգին ներդաշնակ ու միասին պիտի խնամուին, մարմինը չափաւորութեամբ եւ հոգին աղօթքով»:

Կենսուժի բուժում Ձեռքով

Մարդ երբ գլխու ցաւ կունենայ, ձեռքը կը դնէ ցաւող մասի վրայ: Ցաւը կը Թեթեւանայ: Սա  բուժման հին ձեւ մըն է: Ձեռքը դնելով ցաւի վրայ դրական կենսուժը կ՛անցնի այդ մասը ու ցաւը կը թեթեւանայ: Նոյնը երբ մայրը  կուրծքին կը սեղմէ լացող երեխային: Այս ուժը կը ներդաշնակէ մարդու մարմինը,աշխարհի հետ որու արդիւնքով կրնայինք բուժուիլ: Այս ուժը ոգիի,միտքի, մարմինի ու հոգիի Կենսուժն է:

Հոգեւոր կենսուժի առաւելութիւնները

Հոգեւոր կենսուժը,կը նկատուի կարեւոր ուժ: Ինչքան բարձր է մարդու մօտ այս ուժը այնքան աւելի է իր կարողութիւնները: Ան կը բխի հոգիէն եւ տիեզերք էն:

  • կը նուազեցնէ արեան բարձր ճնշումը:
  • Կը նպաստէ մկաններուճկնութեանը:
  • Կը բարելաւէ յօդերուցաւը
  • Կը նուազեցնէ մարդու կշիռը
  • Կը զօրացնէ սեռական կենսուժը:
  • Կը բուժէ անքնութիւնը:

Ինչպէս բարձրացնել մարմինի այս ուժը

  • Ազատուիլ հոգեկան ճնշումներէն:
  • Խորը շնչել:
  • Կանոնաւորել քնի եւ հանգիստի ժամերը:
  • Ամրապնդել դրական մտքերը:
  • Սնունդի բաւարար ընդունում:
  • Խմել բաւարար քանակով ջուր,օրական առնուազն չորս բաժակ:

ԱՆԳԻՏԱԿԻՑ ՄԻՏՔԸ Magical power

Ինչպէս բարելաւել զայն:

1_Սպասել եւ երազել միշտ լաւը

2_հոգեկանօրէն պատրաստուիլ որ պէտք է բուժուիս:

3_Միշտ գոհ ըլլալ:որու արդիւնքով կը պահպանուի մարմինի կենսունակութիւնը:

4_Ժպտալ, քանզի կը բարձրացնէ մարմինի հորմոնը

Endorphin Hormone:

5_Հեռու մնալ այն ամէն ինչէն,որ անհանգստութիւն կը

Մարդ ծնած ժամէն,իր մարմինի բջիջներու մէջ կը սկսի կենսական երկու գործողութիւններ. «քանդիչ եւ կառուցիչ»:
Այս գործողութիւնը սպիտակուցի կառուցելն է: Ամինաթթուներէն:

Գաղտնագիրը ժառանգական Գենի«Gene» մէջն է:

Երբ այդ կենսագործողութիւնը  սխալ կ՛ընթանայ, կը կառուցուի անբնական բջիջներ, որոնք անհամաչափ եւ անղեկավարելի կը բազմանան: Պատճառելով անբուժելի հիւանդութիւն որ կը կոչուի  Քաղցկեղ (Cancer):

Գիտական    հետազօտութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կուտան,որ ան կարելի է բուժել եւ ընթացքը առնել երբ  այն կը յայտնաբերուի սկզբնական զարգացման զարգացման շրջանին:

Այստեղ, հոգեկան եւ հոգեւոր գործօնը իր բուժիչ դերը ունի:

Պէտք է կանոնաւորել կեանքի օրերը, հեռանալ անբարենպաստ  արտաքին գործօններէն,որոնք բացասականօրէն կ՛ազդեն մարդու մարմինին վրայ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ