Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանրաօգուտ Դասախօսութիւններու Շարք

Հայ Դիւանագէտը իր Հայրենիքին Ծառայելու Առաքելութեան մէջ Հինգշաբթի, 16 Յունիս 2022-ի երեկոյեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Արմէն Համբար սրահին մէջ «Զուարթնոց» Մշակութային Յանձնախումբի ժրաջան Ատենապետ՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ առաքելութեանը այս Յանձնախումբին, որ արդէն աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը գործէ Թեմիս Սրբազան Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան տակ:

Այս Յանձնախումբը իր գոյութեան նպատակը ըրած է բազմատեսակ ծրագիրներով սատարել Հայ լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի եւ տոհմիկ աւանդութեանց պահպանումը սփիւռքի մէջ, որովհետեւ հայրենիքն է անխախտ կռուանը եւ փարոսը համայն հայութեան:

Վերոյիշեալ ծրագիրներու կողքին, Յանձնախումբը որոշած է հարստացնել իր գործունէութիւնը դիւանագիտական կարգի դասախօսութիւններու շարքով մը, որ անշուշտ սերտօրէն առնչուած ըլլայ հայութեան եւ Մայր Հայրենիքին:

Նիւթ ընտրելով ընդհանրապէս հարաւային Կովկասի եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի վերաբերող հարցեր արծարծել, Յանձնախումբը ամէնէն յարմար գտաւ հրաւիրել բոլորէն սիրուած եւ յարգուած Լոս Անճելըսի նախկին Գլխաւոր Հիւպատոս, Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանը:

Տոքթ. Սիմոնեան հանգամանօրէն ներկայացուց յարգելի դասախօսը, տալով կենսագրական տեղեկութիւններ, սկսեալ անոր ուսումնառութենէն Երեւանի Պետական Համալսարանէն, եւ առաջին Դոկտորականը՝ միեւնոյն հաստատութենէն, եւ յաջորդ Դոկտորականները՝ MIT եւ Harvard համալսարաններէն, իսկ վերջինը՝ Միջազգային Յարաբերութիւններու մէջ՝ Nehru համալսարանէն: Յարգելի Դեսպանը ունեցած է բեղուն դիւանագիտական գործունէութիւն, սկսելով Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն եւ ապա՝ ՄԱԿ-ի Հայկական մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ: 1995-97 ան գործեց իբր Ընդհանուր Հիւպատոս Լոս Անճելըսի մէջ: 2000 թուին ան նշանակուեցաւ Լիազօր Դեսպան Հնդկաստանի եւ շրջակայ երեք երկիրներու: 2018-ին ան վերադարձաւ Լոս Անճելըս եւ ծառայեց մինչեւ 2022: Ապա Տոքթ. Սիմոնեան բեմ հրաւիրեց յարգելի հիւրը:

Դոկտ. Արմէն Բայբայուրդեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմիս Սրբազան Առաջնորդ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին եւ ներկայ հիւրերուն եւ յայտնեց թէ այս դասախօսութիւնը կազմուած է երկու մասէ. Ա. Քսանմէկ րոպէ տեւողութեամբ տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր իր դիւանագիտական գործունէութեան տարբեր հանգրուանները բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ հանդիպումները այդ երկիրներու առաջնորդներուն հետ: Բ. Անդրադարձ հայ դիւանագիտութեան զարգացման անցեալի եւ ներկայ կացութեան, որմէ ետք պիտի պատասխանէր ներկաներու հարցումներուն: Ըստ յարգելի դասախօսին Հայաստանի Հանրապետութիւնը Խորհրդային Միութեան կազմի մէջ ունէր Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն, բայց չունէր անկախ գործելու վիճակ: Անկախանալէ ետք ՀՀ լուրջ աշխատանք կը տանի լաւ դիւանագէտներ պատրաստելու գործին: Ունի լաւ կորիզ:

Ան օրինակ բերաւ Մովսէս Աբելեանը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան էր ՄԱԿ-ի մօտ եւ 2019-ին նշանակուեցաւ Փոխ Ընդհանուր Քարտուղար: Ան յատկապէս նշեց Հայ սփիւռքի կարեւորութիւնը եւ առանձնացուց այնպիսի անուններ ինչպէս Ճոն Կիրակոսեանը, Աշոտ Եղիազարեանը, Վարդան Ոսկանեանը, Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը: Դոկտ. Բայբուրդեան իր ելոյթը աւարտեց պատասխանելով ներկաներու հարցերուն:

Հանրօգուտ դասախօսական շարքի այս առաջին ձեռնարկը իր գեղեցիկ ձայնով խանդավառեց Նարէն, կատարելով երեք խանդավառ երգեր: Երեկոն փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանի փակման խօսքով, որ ինչպէս միշտ կը մղէ Հայ մարդը յիշելու պատմական անցեալը, ապրելու զգաստօրէն եւ միշտ գործելու ապագային համար: Ան աղօթեց, օրհնեց բոլորը, որոնք փութացեր էին ներկայ գտնուիլ այս հաւաքոյթին:

«Զուարթնոց» Մշակութային Յանձնախումբը ծնունդ առաւ 2011 Յուլիսին, հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշն. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի: «Զուարթնոց»ի առաքելութիւնն է: Բազմատեսակ ծրագիրներով սատարել Հալ լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի եւ տոհմիկ աւանդութեանց պահպանման, եւ նաեւ ամրապնդել այն հաւատքը, թէ Հայրենիքն է անխախտ կռուանն ու փարոսը սփիւռքահայութեան: Եւ աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր «Զուարթնոց» Մշակութային Յանձնախումբս կը գործէ գաղութիս հրամցնելով բազմատեսակ բարձրորակ մշակութային, գրական եւ երաժշտական, եւ Հայաստանի եւ Արցախի հետ առնչուող նիւթերու վերաբերեալ ծրագիրներ, բարձր գնահատուելով գաղութիս մշակութասէր հասարակութենէն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ