Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան Շաբաթօրեայ Վարժարանի 43-րդ Ամավերջի Հանդէսը եւ Վկայականներու Տուչութիւն

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Այս վարժարանի դասերը երկու տարի հեռակայ կապով տեղի ունեցան։

Այս տարեշրջանին 2021-2022 պսակաձեւ ժահրի սահմանափակումները մասամբ մեղմացած ըլլալով, բոլոր ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններուն նման, մեր վարժարանն ալ աշակերտութեան ֆիզիքական ներկայութեամբ, վարժարանի շատ արդիւնաւէտ տարի մը ունեցաւ։

Սեպտեմբեր 2021-ին երկրորդ Շաբաթը, դպրոցի վերամուտի օրն էր։ 88 աշակերտ-աշակերտուհիներ մեծագոյն հաճոյքով դպրոց սկսան գալ։ Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթը, տեղի ունեցաւ Մշակոյթի ամսուայ ձեռնարկը։ Միայն չորս շաբաթ դպրոց յաճախող այս փոքրիկները Մշակոյթի ամսուան առիթով, իրապէս շատ գեղեցիկ հանդիսութեամբ նշեցին Սրբոց Թարգմանչաց մեծխորհուրդ տօնը։ Այս ձեռնարկէն ետք, Նոյեմբերին դպրոցէն ներս Աստուծոյ փառք եւ շնորհակալութիւն յայտնելով նշուեցաւ Գոհաբանութեան Օրը, ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս դպրոցի աշակերտութիւնը դրահամահաւաք մը կազմակերպեց ի նպաստ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, իսկ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն առիթով, տեղի ունեցան այս տօներու աշխարհիկ եւ հոգեւոր տօները, կաղանդ պապային մասնակցութեամբ, երգով, խօսքով արտասանութիւններ կատարելով, աշակերտութիւնը Ձմեռ պապիկէն ստանալով իրենց նուէրները։

2022-ի տարուայ ընթացքին ունեցանք նոյնքան շահեկան եւ խորիմաստ ձեռնարկներ, Ապրիլ 24-ին շատ յուզիչ եւ գեղեցիկ ձեռնարկով ոգեկոչուեցաւ Մեծ Եղեռնի Սրբադասուած նահատակներուն անմեռ յիշատակը։ Իսկ անոր յաջորդող Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի Յարութեան սքանչելի տօնը, Մայիս ամսուայ տօներէն մին՝ մայրերու տօնը, շատ գեղեցիկ ձեռնարկով մը մեր փոքրիկները անխառն սիրով ողողեցին իրենց թանկագին մայրերը։

Այս տարի եւս մեր դպրոցը այցելեցին գաղութիս հոգեւոր, աշխարհիկ մեծանուն գործիչներ, մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ Հայաստանէն կամ մեր գաղութէն։

Իսկ ամէնէն ուշագրաւ եւ անմոռանալի օր մը եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մեր համայնքի ամբողջական սէրն ու յարգանքը վայելող, երկու շրջանի նախկին Գլխաւոր Հիւպատոս, դեսպան՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, որ հակառակ իր արտակարգօրէն զբաղած ըլլալուն, այս համեստ վարժարանը այցելեց եւ իր խորագոյն տպաւորութիւնները կիսեց պատասխանատուներուն հետ։ «Սիրելի փոքրիկներ, հիմա տակաւին շատ փոքր էք, բայց երբ մեծնաք ինչ դիրքի եւ պաշտօնի վրայ ըլլաք, յիշեցէք եւ այցելեցէք ձեր պապերուն եւ ձեր Մայր Հայրենիքը», յորդորեց Պրն. Գլխաւոր Հիւպատոսը։

Աշակերտութեան, ուսուցիչներուն եւ միութենական ղեկավարներուն համար, այդ օր անջնջելի եւ յիշատակելի օր մըն էր պարզապէս։

Նմանապէս այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մեր վարժարանը այցելեց Կլենտէյլ քաղաքի Կրթական Խորհուրդի նախկին նախագահ եւ 17 տարի սոյն Խորհուրդի անդամ եղած՝ Տիար Կրէկ Գրիգորեան։ Յարգելի հիւրը ոչ միայն ինք, այլ իր ծնողները նաեւ ԱՄՆ ծնած հայեր եղած են։ Պրն. Գրիգորեան իր հիացմունքը յայտնեց եւ ներողութիւն խնդրեց ըսելով. «17 տարիներուն Կլենտէյլ քաղաքի բոլոր դպրոցներուն ծանօթ էր, իսկ այս հրաշք դպրոցին ծանօթ չէի մինչեւ հիմա», հաստատելով որ միշտ կապ պիտի պահէ այս դպրոցին հետ։

Այս ձեռնարկներէն ետք Շաբաթ, Յունիս 11, 2022-ին տեղի ունեցաւ դպրոցի 43-րդ ամավերջի հանդէսը շատ ճոխ եւ հարուստ յայտագրով։

Այդ օր, լսելէ ետք աշակերտութեան կատարած բազմապիսի երգերը, արտասանութիւնները, որոնք բոլորովին Հայաստանի դպրոցներու մէջ դասաւանդած նորագոյն ազգային, հայրենասիրական, ու մայրասիրութեան, մշակութասիրութեան երգեր ըլլալով խորապէս յուզեցին ներկայ ծնողները եւ նոյնինքն ուսուցչուհիները, որոնց աչքերէն արդարօրէն ուրախութեան եւ հպարտութեան արցունքներ հոսեցան։

Վերջաւորութեան խօսք առաւ վարժարանի հիմնադիր եւ 43 տարիներու պատասխանատու՝ Պրն. Խաչիկ Ճանոյեան, որ գնահատանքի ամենաջերմ խօսքերով նախ գնահատանք յայտնեց վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Խաչատուրեանին իր ամբողջական նուիրումին զոհողութեան համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մեր հոյակապ թանկագին կամաւոր ուսուցչուհիներուն, անոնց օգնականներուն։ Իւրաքանչիւր դասարան իր ելոյթներէն ետք իրենց յատուկ վկայականները ստացան տնօրէնութեան, Պրն. Ճանոյեան եւ իրենց թանկագին ուսուցչուհիներուն կողմէ։

Վերջաւորութեան շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան 43 տարի շարունակ անվճար այս վարժարանը կը պահեն, իրենց կողքին ունենալով կամաւոր, թանկագին եւ պատուական ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։

Պաշտօնական բաժինէն ետք, բոլոր ուսուցչուհիները, անոնց օգնականները եւ դպրոցի պատասխանատուները սիրոյ սեղանի մը հրաւիրուած էին դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ։ Հոն սրտի խօսքերով, բաժակաճառերով, խմբերգներով շատ հաճելի ժամանակ անցուցին մեր կրթական մշակները։

Բոլորին վարձքը կատար։

Յիշենք, թէ Մայիսին տեղի ունեցան յառաջիկայ տարուայ արձանագրութիւնները։

Ինչպէս յիշեցինք մեր դպրոցի հասցէն է 214 Fairview, Glendale CA, իսկ դպրոցի ժամերն են Շաբաթ ժամը 10-12։

Բարի ամառնային արձակուրդ եւ մինչ Սեպտեմբեր ամսուան հանդիպումն, համայն հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կը մաղթենք անփորձանք եւ բարի արձակուրդ մը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ