Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց «Փրովիտէնս Սէնթ Ժոզէֆ» Բժշկական Կեդրոնի Շտապօգնութեան Եւ Ընտանեկան Առողջութեան Նորակառոյց Մասնաբաժիններ

«Դարձուցէ՛ք կեանքի  ամէն մէկ րոպէն կարեւոր»

Հինգշաբթի, 23 Յունիս 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր  Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ  Արժ․ Տ. Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի` այցելեց Պըրպէնքի մէջ նոր կառուցուած «Փրովիտէնս Սէնթ Ժոզէֆ» Բժշկական կեդրոնի Շտապօգնութեան եւ Ընտանեկան Առողջութեան մասնաբաժիններ: Հանդիպմանը ներկայ էին Լոս Անջելեսի շրջանային պաշտօնեաներէն` Տիկին Քեթրին Բարգերը,  Warner Bros-ի նախկին նախագահ` Տիար Սթիւ Փափազեան, ինչպէս նաեւ Պըրպէնքի նախկին քաղաքապետներ՝ Տիար Պոպ Ֆրուտոս եւ Տիար Մայքլ Հեյսթինգս:

Վերոնշեալ Շտապօգնութեան եւ Ընտանեկան առողջութեան մասնաբաժիններու բարերարներու շարքին մէջ է նաեւ Արեւմտեան Թեմը՝ 50,000 տոլարի նուիրատուութեամբ։

Դեռեւս 2020 թուականին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմը համագործակցած է «Փրովիտէնս Սէնթ Ժոզէֆ» բժշկական կեդրոնի հետ «Emergency Services Minutes Matter» ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Երկար տարիներէ ի վեր՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կը ղեկավարէ «Պրովիտէնս Սէնթ Ժոզէֆի Բարեկամներու» շրջանակը, որու մէջ ներառնուած են Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ նշանակուած ազգայիններ։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ