Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ներկայ Գտնուեց  Ա. Եւ Մ. Յովսէփեան Վարժարանի Հինգերորդ Եւ Ութերորդ Դասարաններու Աւարտական Հանդէսին

Կիրակի, 26 Յունիս 2022-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմէն ներս գործող Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ.  Յովսէփեան Վարժարանի հինգերորդ եւ ութերորդ դասարաններու ամավերջի աւարտական հանդէսը, ներկայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Վարժարանի տնօրէնութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Տէրունական <<Հայր Մեր>> աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի երգեցողութեամբ, որմէ վերջ, Վարժարանի Տնօրէն Շահէ Մանկրեան ողջունեց ներկաները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօրը այս միջոցառումը Իր ներկայութեամբը պատուելու համար։

Այնուհետեւ ամավերջեան հանդէսի գեղարուեստական բաժինէն յետոյ՝ տեղի ունեցաւ վկայականներու յանձնման արարողութիւնը:

Վկայականներու բաշխումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայր Իր հայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նախ աշակերտներուն, ապա բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն անոնց ժրաջան աշխատանքը եւ անոր արգասիքը հանդիսացող հայաշունչ եւ հոգեպարար այս հանդէսը, շնորհակալութիւն յայտնեց  նաեւ ծնողներուն` փոքրիկներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար, շեշտելով հայ դպրոցի եւ ուսման կարեւորութիւնը։

Վկայականներու բաշխումէն յետոյ երեկոն փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» եւ «Հայր մեր» աղօթքներով։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ