Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերշ. Տ. Յովնան Արք Տէրտէրեան Կ՛ուղեւորուի Հայաստան

Այսու կու գանք յայտնելու, որ Արեւմտեան թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք Տէրտէրեանը Յուլիսի 5-էն սկսեալ  կ՛ուղեւորուի Հայաստան՝ մասնակցելու համար «ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան-Սփիւռք կամուրջ» համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութեանը եւ միջոցառումներուն։ Յովնան Արք. ընդհանուր պատասխանատու եւ հոգեւոր առաջնորդն է Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման։

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ և ՀԵՀԵՄ հոգևոր առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ Ուխտագնացութեանը պիտի մասնակցեն 200 եւ աւելի երիտասարդներ արտաշխարհի բազմաթիւ երկրներէն, որոնք Հայաստանի մէջ մէկտեղուած կ’ունենան հոգեւոր, կրթական, ժամանցային յագեցած ծրագիր մը։ Մէկշաբաթեայ ծրագրի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ կը պատարագէ Բջնիի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ