Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Յուլիս 5-ը ՀՀ Սահմանադրութեան Օրն է

«Հայաստանի  Հանրապետութիւնը   ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է» – Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւն։  

Յուլիս 5-ը  Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Օրն է, որ որպէս պետական տօն կը նշուի սահմանադրութեան ընդունման օրէն՝ 1995 թուականի Յուլիս 5-էն։

ՀՀ Սահմանադրութիւնը մարդ-պետութիւն փոխադարձ իրաւունք-պարտաւորութիւն է. պետութիւնը կը հոգայ քաղաքացիի պէտքերը, իսկ քաղաքացին՝ պետութեան:  Այն   արժանապատիւ կեանքի երաշխիք է.  անոր մէջ գրուած է,  որ Հայաստանի Հանրապետութեան համար մարդը գերագոյն արժէք է։ Անորմով կ’երաշխաւորուի մարդու խօսքի, միտքի, խիղճի եւ դաւանանքի ազատութիւնը, բայց նաեւ փոխադարձաբար, անորմով կը սահմանափակուի ապօրինութիւնը։

Սահմանադրութիւնը երկկողմանի երթեւեկութեան կը նմանի․ մէկ կողմը իրաւունքներն են, հանդիպակաց կողմը՝ պարտաւորութիւնները։ Երբ պետութիւնն ու  քաղաքացին հաւասարապէս զիրար յարգեն, սահմանադրութիւնը զուտ կարգ մը կը դառնայ, որ կը կարգաւորէ պետութիւն-քաղաքացի յարաբերութիւններու երթեւեկը: Ցաւօք,  միշտ չէ, որ այն երկուստեք կ’ապահովուի անաղարտօրէն։

Պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններ կու գան ու կ’երթան։  Թէ՛ ղեկավարները, թէ՛ սահմանադրութիւնը, թէ՛ օրէնքները, թէ՛ կառավարման սկզբունքները եւ թէ՛ քաղաքացիական գիտակցութիւնը կը փոխուի։ Անփոփոխ պէտք է մնայ  անկախ, ազատ ու արժանապատիւ ապրելու գիտակցութիւնն ու ձգտումը։ ՀՀ Սահմանադրութիւնը  այս բոլորի փաստացի երաշխիքն է։ Սահմանադրութիւնը պարտաւորուած է ապահովելու մեր արժանապատիւ կեանքը, մենք ալ՝ հետեւաբար, պարտաւորուած ենք անխախտ եւ արժանապատիւ պահելու մեր սահմանադրութիւնն ու անոր մէջ գտնուող իւրաքանչիւր տառը։

ՀՀ քաղաքացին նոյնքան պարտաւորութիւն ունի իր ուսերուն սահմանադրութեան հանդէպ, որքան սահմանադրութիւնը՝ քաղաքացիին հանդէպ։

Կեցցէ՛ այն Հայաստանը, ուր օրէնքը առաջնահերթութիւն է։ 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ