Մազը լուալու մասին շատ կարծիքներ կան։ Օրինակ, կը կարծուի, որ ամէն օր մազերը լուալը բացասաբար կ՛անդրադառնայ անոնց որակին եւ գլխու մորթին վրայ:
Մաշկաբան-«թրիքոլոճիսթ» Նաթալիա Քոզլովա յայտնած է, որ մաշկային ճարպի արտադրութեան «փարամեթր»ը կախեալ է շարք մը գործօններէ.
- մազերը լուալու ժամանակ ջուրի չափազանց բարձր ջերմաստիճանէն,
- ամէն օր մազերը վարսայարդարիչով չորցնելէն եւ ջերմային պաշտպանութենէն հրաժարելէն,
- խնամքի եւ լուալու միջոցներու սխալ ընտրութենէն,
- սխալ սննդականոնէն. մազերը աւելի արագ կը իւղոտին, երբ սննդականոնին մէջ պարզ ածխաջուրերու աւելցուկ եւ բջիջանիւթի պակաս կայ:
Երկու օրը անգամ մը մազերը լուալու ժամանակ կ՛արժէ որոշ նախագիծ մը օգտագործել։ Այստեղ անհրաժեշտ է «շամփու»ն ողողել եւ լուալ երկու անգամ՝ մէկ «փրոսիճըր»ի ընթացքին։ Եթէ գլխու մաշկը հակուած է գրգռման, անհրաժեշտ է փոխարինել «շամփու»ն առանց «սալֆէյթ»ներու «շամփու»ով:
Մասնագէտը կը յանձնարարէ հետեւիլ մազերու լուացման հետեւեալ նախագիծին.
- Կարգաւորեցէ՛ք ջուրը. անիկա պէտք է տաք ըլլայ, բայց՝ ոչ եռացած։ Իսկ «փրոսիճըր»ի վերջաւորութեան կ՛արժէ անիկա քիչ մը աւելի պաղ դարձնել եւ լուալ մազերը։ Այս պարզ միջոցը կ՛օգնէ աւելի հարթ դարձնելու «քիւթիքիւլ»ները, իսկ մազերը՝ աւելի փայլուն։
- «Շամփու»ն պէտք է սեղմել ձեռքի ափին մէջ եւ քիչ մը փրփրացնել, ապա մերսող շարժումներով տարածել գլխուն վրայ։
- Բարակ եւ իւղոտ մազեր ունեցողները լաւագոյն արդիւնքը կը ստանան, եթէ մազերը երկու անգամ լուան «շամփու»ով։
- Վերջաւորութեան կ՛արժէ մազերուն քիչ մը «պալսամ» կամ «քանտիշընըր» քսել՝ խոնաւցնելու, հարթ դարձնելու եւ փայլք տալու համար։ Պէտք է զգոյշ կատարել այդ մէկը՝ առանց արտադրութիւնը արմատներուն քսելու:
- Պէտք է որակեալ արտադրութիւններ ընտրել. կարելի է խորհրդակցիլ մասնագէտներու հետ։ Իտէալական միջոց չընտրելու պարագային կարելի է վնասել մազերը:
Afhil.com