Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Երջանիկ Զգանք Երեք Պարզ Միջոցներով

Բժիշկ-«թերափիսթ»ները, «էնտոքրինոլոճիսթ»ները եւ այլ մասնագէտներ գիտեն, թէ ինչպէ՞ս երջանիկ կրնանք դարձնել մեր մարմինը։ Անոնք կը յանձնարարեն օգտուիլ պարզ, բայց արդիւնաւէտ միջոցներէն, օրինակ, հետեւիլ քունի կատարեալ կանոնին՝ քնանալ ժամը 22.00-ին եւ արթննալ առաւօտեան 6.00-8.00-ին։ Իսկ եթէ կ՛արթննանք մինչեւ ժամը 6.00, ապա օրկանիզմը ինքնաբերաբար կը պարգեւատրէ մեզ «սերոթոնին»ի՝ երջանկութեան հորմոնի արտադրութեամբ։ Այս մէկը հիանալի կը հնչէ, բայց միշտ կարելի չէ իրագործել:

Իսկ ահա հոգեբանները աւելի դիւրին միջոցներ կ՛առաջարկեն։ Եթէ ատոնց մասին չմոռնանք, շուտով կը հասկնանք, որ դիւրին է երջանիկ ըլլալը։

1. Նայեցէ՛ք աստղերուն

Քալիֆորնիոյ համալսարանի խումբ մը հոգեբաններ յանգած են հետեւեալ եզրակացութեան. որքան աւելի յաճախ մարդ կը նայի աստղերուն, այնքան աւելի հանգիստ եւ երջանիկ կ՛ըլլայ։ Եւ նոյնիսկ աւելի հանդուրժող կ՛ըլլայ մարդկային թերութիւններու հանդէպ։

2. Պտըտեցէ՛ք եւ հետեւեցէ՛ք բնութեան

Սթրեսէն ձերբազատուելու համար, հոգեբոյժները կը յանձնարարեն պտըտիլ նոյն տեղը, փափաքելի է՝ նոյն ժամուն (կէս ժամ), անկախ եղանակէն։ Եւ, օրինակ, հինգ վայրկեան նայիլ նոյն  ծառին (թուփին, գետին եւ այլն)։ Նախ՝ հայեցողական տրամադրութիւնը իսկապէս կը սկսի բնութեան հետեւելով, բնութիւնը դիտելով։ Երկրորդ՝ նկատելով բնութեան փոփոխութիւնները (նոյնիսկ մէկ ծառի)՝ դուք ակամայ կը նկատէք, որ կեանքը թէ՛ կ՛ընթանայ, թէ՛ կը փոխուի. այդ մէկը կ՛օգնէ հաշտուելու փոփոխութիւններու եւ սեփական կեանքի հետ։

3.Արձանագրեցէ՛ք ուրախ պահերը։

Եթէ ուրախանալի բան չէք կրնար գտնել, որու համար ամէն օր կարելի է անկեղծօրէն «շնորհակալութիւն» յայտնել արարիչին, ապա շաբաթը մէկ անգամ այդ մէկը պէտք է սովորութիւն դարձնել։ Այսպիսի խորհուրդ կու տայ երախտագիտութեան հոգեբանութեան հետազօտող Ռոպըրթ Էմոնս։ Որքան աւելի շատ երջանիկ պահեր գտնէք ձեր սեփական կեանքին մէջ, այնքան աւելի բարձր կ՛ըլլայ գոհունակութեան եւ հանգստաւէտութեան զգացման մակարդակը։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ