Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Թեմի Սարկաւագաց Խորհուրդն Նոր Հեռանկարներու Սեմին

Երեքշաբթի, 28 Յունիս 2022, նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեանի՝ գումարուեցաւ սարկաւագաց խորհրդի հերթական ժողովը:

Սարկաւագաց խորհուրդը, այլեւս որպէս կայացած մարմին  Թեմէն ներս կը գործէ շուրջ երկու տարի, որը կեանքի կոչուեցաւ Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեանի ջանքերով։

Օրուան ժողովը բացուեցաւ միասնական Տէրունական աղօթքով եւ խորհրդածութեամբ, որմէ ետք Սրբազան Հօր կողմէ անգամ մը եւս շնորհաւորական խօսքեր ուղղուեցան նորոգ ձեռնադրեալ Էնտրյու եւ Գէորգ սարկաւագներուն, ովքեր սարկաւագական ձեռնադրութեան էին արժանացած անցած կիրակի։

Յընթացս ժողովի Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ` հաստատուեց յատուկ կարգ՝ որով Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի եւ Թեմի կարգ մը եկեղեցիներու մէջ կիրակի օրերուն յընթացս Ս․ Պատարագի առիթ պէտք է տրուի Թեմի սարկաւագներուն, որպէսզի իրենք իրենց կրօնական խորհրդածութիւնները կարողանան փոխանցել ներկաներուն`օրուան խորհուրդի նիւթին վերաբերեալ:

Այս ամենի նպատակն այն է, որ Թեմի սարկաւագները, բացի Պատարագին ժամանակ Ս. Խորանին ծառայութիւն բերելէ, նաեւ հմտութիւն ձեռք բերեն քարոզխօսութեան եւ Աւետարանական պատգամներու մեկնութեանց մէջ:

Սարկաւագաց Խորհրդի կողմէ առաջ քաշուեցաւ նաեւ իւրօրինակ որոշում մը, այն է` Միջ-Թեմական կապերու հաստատման եւ զարգացման ուղիներ ստեղծել Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տարբեր թեմերու սարկաւագաց խորհուրդներու միջեւ:

Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկային կազմակերպուելիք մի շարք միջոցառումներու, ձեռնարկներու, ուխտագնացութիւններու եւ տարատեսակ միջոցառումներու իրականացման ծրագրեր, ինչպէս օրինակ `

  • Ուխտագնացութիւններ Թեմի տարբեր ծուխեր
  • Newsletter-ի պատրաստում
  • Հոկտեմբեր 7, 8, 9 պէտք է տեղի ունենայ սարկաւագաց ընդլայնուած խոկում, որին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Գերշ․ Տ․ Դանիէլ Եպս․ Ֆընտըգեան եւ Արժ․ Տ․ Մարտիրոս Աւ․ Քհնյ․ Չեւեան։

Վերոնշեալ հարցերէն բացի քննարկուեցան նաեւ այլ բազմապիսի հարցեր կապուած Սարկաւագաց խորհրդի ապագայի տեսլականի առնչութեամբ:

 Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ