Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024

Շաբաթաթերթ

Եկո՛ւր Հայաստան

Եթէ կ’ուզես աչքերդ բանալ ու չորս կողմէն քեզի նային կանաչ, հպարտ ու  խոժոռ լեռներ՝ յիշեցնելով լեռնցի ըլլալու խստաբարոյ ու հպարտ կերտուածքը, ամուր կամքի ու լեռներու պէս կուռ ու յամառ բնաւորութիւնը, եթէ կ’ուզես հասկնալ, թէ ուրկէ՛ ժառանգած ես խստաբարոյ հայեացքդ, կրակոտ խառնուածքդ՝ Հայաստան եկո՛ւր:  

Եթէ կ’ուզես աչքերդ բանալ ու կանաչ անսահմանութեան մէջ վայելել լեռնային անտառներու կանաչ ովկիանոսը՝  մե՜ղմ, շոյող անտառային զովով, եթէ կ’ուզես յայտնուիլ զուգահեռ մէկ այլ իրականութեան մէջ, ուր կրնաս սուզուիլ խաղաղութեան մէջ, անէանալ կամ խաղաղիլ անտառային անսահմանութեան մէջ, լողալ կանաչի մէջ՝ Հայաստան եկո՛ւր: 

Եթէ կ’ուզես աչքերդ բանալ եւ յայտնուիլ հեթանոսութեան կամ միջին դարերուն, հայկական ոսկեդարուն կամ մշակութային յորձանուտին մէջ, ուր խոնարհուած եւ կանգուն եկեղեցիներն ու կոթողները քեզ կը պատմեն ամբողջ պատմութիւնը քու ծագումիդ, քու էութեան ձեւաւորման ակունքները, քու աչքի, մազի, մաշկի գոյնի ծագումնաբանութիւնը, քու խառնուածքի եւ քու տեսակի պատմական ակունքները՝ Հայաստան եկո՛ւր: 

Եթէ կ’ուզես միեւնոյն ժամանակ գտնուիլ թէ անապատի՛, թէ՛ անտառներու, թէ՛ լեռներու, եւ թէ՛ տափաստանի մէջ, վայելել ամենաջերմ արեւը, շնչել անտառային թարմութիւնը, զգալ լեռներու խստաբարոյ սառնաշունչ քամին եւ այդ բոլորը մէկ օրուան ընթացքին, ուրեմն՝ Հայաստան եկո՛ւր։

Եթէ կ’ուզես դուն քեզի երեւակայես, որ մայրական ջերմ գիրկի մէջ ես, որ շրջապատուած ես քրոջ հոգատար քնքշութեամբ, խստաբարոյ եղբօր հոգատարութեամբ՝ Հայաստան եկո՛ւր։

Աշխարհի երեսին շատ կան գեղեցիկ, քաղաքակիրթ, մերձարեւադարձային, ծովափնեայ, լեռնային, հիւսիսային եւ հարաւային քաղաքներ ու երկիրներ։ Կան աւելի զարգացած եւ բարեկեցիկ պետութիւններ, աւելի քաղաքակիրթ ազգեր, աւելի հարուստ եւ հանգստաւէտ քաղաքներ եւ պետութիւններ, աւելի բարձրակարգ սպասարկում եւ աւելի շքեղ պայմաններ, բայց  Հայաստանի խենթ ու յամառ գեղեցկութիւնը չկայ ոչ մէկ տեղ, Հայաստանի շնչահեղձ հոգատարութիւնը չկայ ոչ մէկ տեղ, Հայաստանի հակասական, ջերմ, տաք, խելայեղ բնաւորութիւնը չկայ ոչ մէկ տեղ։

Եկո՛ւր, Հայաստան եկո՛ւր:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ